Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Առաջին Համաժողովին հանդիպման հայ կաթողիկէ պատգամաւորի բեռնէն հնչած էր Գ. Հանրապետութեան ներգաղթի նոր ծրագիր մը մշակելու մասին առաջարկը։ Բազում ելոյթներու մէջ այդ առաջարկը ափսոս որ չարժանացաւ արժանի ուշադրութեան։
Այս անտեսումի ետին կարելի է գտնել ընկերաքաղաքական ու տնտեսական զանազան ազդակներ։ Անոնց վրայ բարդելու է նաեւ հոգեբանական ազդակները։ Հայրենաբնակ հասարակութիւնը անկախութեան հետ միասին բաւականին ծանր կերպով մատնուեցաւ անտէրութեան հոգեվիճակին։ Երբ հայրենաբնակ աւազակներ, որ ապագային պիտի կազմէին օլիկարխներու իշխանութիւնը, կը թալանէին երկրի սեփական հարստութիւնը, կասկածով կը դիմաւորուէր դուրսէն եկած իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն։
Յիշենք թէ այդ ներդրումներու ցոլացումը եղաւ Չարենցաւանի լքեալ գործարաններու տխուր պատկերի դիմաց Վահագնի Թաղամասի յայտնութիւնը։
Ափսոս որ Հայաստանի իշխանութիւնները անցնող 30 տարիներու ընթացքին չեն յաջողած սփիւռքահայութեան հետ իրաւացի կապեր հաստատել։ Ներառեալ երբեմնի Սփիւռքի Նախարարութիւնը, խնդիրը դիտած է հիմնականին զբօսաշրջութեան սահմաններուն մէջ եւ ակնկալութիւններն ալ պահած սփիւռքահայ բարերարներու նուիրատուութեան։
Նման սխալ ռազմավարութեան բնական հետեւանք ըլլալով մսխուած են միլիոնաւոր տոլարներ, իսկ երկրի ժողովրդագրական համայնապատկերը պարզած է արտագաղթի յարատեւ ախտ։
Այս խորհուրդներով տարուած էինք, երբ «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ կը լսէինք «Ռեփատ Արմենիա» հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիր Վարդան Մարաշլեանը։
Ինչպէս ազգանունն ալ կը վկայէ, ան ընտանեկան արմատներով Կիլիկիայէն է, որ ապա ընտանեօք տեղափոխուած են Ջավախք, ապա Մոսկուա եւ վերջապէս ինք բնակութիւն հաստատած Հայաստան։ Այժմ իր գլխաւոր զբաղումն է ներգաղթողներուն օժանդակել հայրենի երկրի օրինական, տնտեսական եւ ընկերային զանազան խնդիրներու լուծման համար։
Մեր հիւրին հետ ունեցանք խիստ շահեկան ու հաճելի զրոյց, հայու ինքնութեան, Հայաստանի քաղաքացիութեան նման նիւթերու շուրջ։
Վարդան Մարաշլեան նոյն երեկոյ մեկնեցաւ Թիրան, ուր հոնկէ ալ պիտի անցնէր Քոսովօ, ներգաղթի նիւթով համաշխարհային ժողովի մը մասնակցելու համար։