Կեցցէ՛ «Մայիսի Մէկ»ը՝ աշխատաւորներու միջազգային պահանջատիրութեան օրը

Նկատի ունենալով բովանդակութեան խիստ կարեւորութիւնը եւ Թուրքիոյ իրողութիւններու հետ կազմած զուգահեռները, չենք վարանիր որոշ ուշացումով ալ ըլլայ մեր սիւնակներուն մէջ տեղ տալ Հայ Ձախ Ֆորումի Մայիս Մէկեան յայտարարութեան։

Հայաստա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք իշ­խա­նու­­թիւննե­­րը մէ­­կը միւ­­սի ետե­­ւէն, լի­­պերա­­լիզ­­մի երա­­զան­­քով, Արեւ­­մուտքի կող­­մէ թե­­լադ­­րո­­­ւած նեօլի­­պերա­­լիզ­­մի ճա­­հիճին մէջ յայտնո­­ւեցան։ Եր­­բեք չկի­­րառե­­ցին այնպի­­սի օրէնքներ, որոն­­ցով աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րը, աշ­­խա­­­տավարձ ստա­­ցող­­նե­­­րը եւ հա­­սարակ ժո­­ղովուրդը կա­­րողա­­նային ճշդել երկրի տնտե­­սական հա­­մակար­­գը ի օգուտ իրենց դա­­սակար­­գա­­­յին շա­­հերու։ «Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի փլու­­զումէն ետք, իշ­­խա­­­նու­­թեան եկան ոչ բա­­նուո­­րական ու գիւ­­ղա­­­ցիական դա­­սակար­­գին պատ­­կա­­­նող ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը եւ օլի­­գարխներ, որոնք կի­­ռարե­­ցին Արեւմտեան եւ Ամե­­րիկեան նեօլի­­պերա­­լական (նոր ազա­­տական) տնտե­­սական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն»։ Այս մո­­տելի ներ­­քեւ ետ վեր­­ցո­­­ւեցան բո­­լոր այն առա­­ւելու­­թիւննե­­րը եւ իրա­­ւունքնե­­րը, որ աշ­­խա­­­տաւոր դա­­սակար­­գը ձեռք բե­­րած էր Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նի ժա­­մանակ։

Հա­­րուստնե­­րը ու քա­­փիթա­­լիս­­տա­­­կան դա­­սակար­­գի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը, որոնք գրա­­ւած էին իշ­­խա­­­նու­­թիւնը, Սո­­վետա­­կան Հա­­յաս­­տա­­­նէն մնա­­ցած պե­­տական հարստու­­թիւնը սե­­փակա­­նաշ­­նորհման են­­թարկե­­ցին՝ ստեղ­­ծե­­­լով դա­­սակար­­գա­­­յին հսկայ տար­­բե­­­րու­­թիւն՝ հա­­րուստնե­­րու եւ աղ­­քատնե­­րու կամ մեծ հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու ու անօգ­­նա­­­կան մնա­­ցած մեծ զանգուածներու մի­­ջեւ։ Անոնց մեծ մա­­սը առօ­­րեայ ապ­­րե­­­լու խնդրի առ­­ջեւ կանգնած էր։ Քան­­դե­­­ցին հսկա­­յական գոր­­ծա­­­րան­­ներ ու ժո­­ղովուրդի մեծ մա­­սին աշ­­խա­­­տազուրկ դար­­ձուցին։

Հոկ­­տեմբե­­րի 27-էն ետք մա­­նաւանդ, իշ­­խա­­­նու­­թիւնը ան­­ցաւ օլի­­կարխ-յան­­ցա­­­գործ խմբա­­ւորումնե­­րու հսկո­­ղու­­թեան տակ։ Կի­­ռարո­­ւեցան կո­­ռու­­պա­­­ցուած Արեւմտեան նեօլի­­պերալ (նոր ազա­­տական) տնտե­­սական մո­­տելը։

Ըստ այդ նեօլի­­պերա­­լական մո­­տելի, թշնա­­մաբար ար­­մա­­­տախիլ ըրին աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու շա­­հերուն նո­­ւիրո­­ւած հրա­­տարակ­­չութիւննե­­րը, գրա­­կանու­­թիւնը եւ մշա­­կոյ­­թը։

Հա­­րուա­­ծի են­­թարկո­­ւեցան աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու շա­­հերը պաշտպա­­նող գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը եւ կա­­ռոյցնե­­րը։ Արհմիու­­թիւննե­­րը մեծ մա­­սամբ չե­­ղեալ յայ­­տա­­­րարո­­ւեցան ու այն մասն ալ, որ մնաց իրա­­կան վի­­ճակէն դար­­ձուցին ձե­­ւական ու ֆոր­­մալ, որոնց ղե­­կավա­­րու­­թիւնը կը նշա­­նակո­­ւէր կամ իշ­­խա­­­նու­­թեան կամ գոր­­ծա­­­տու­­նե­­­րու կող­­մէ, որ­­պէսզի անոնք են­­թա­­­կայ ըլ­­լան իրենց որո­­շումնե­­րուն։

Նեօլի­­պերա­­լիս­­տա­­­կան տնտե­­սու­­թեան մո­­տելը նո­­ւազե­­ցուց պե­­տու­­թեան դե­­րը եւ պար­­տա­­­կանու­­թիւնը տնտե­­սու­­թեան մէջ ի շահ հա­­րուստնե­­րու, գոր­­ծա­­­տու­­նե­­­րու եւ իշ­­խող ու­­ժի։

Նման մի անար­­դար իրա­­վիճա­­կի պատ­­ճա­­­ռով հա­­րիւր հա­­զար­­նե­­­րու հաս­­նող ժո­­ղովուրդ լքեց եր­­կի­­­րը, որու հե­­տեւան­­քով մե­­ծացաւ երկրի անվտան­­գութեան սպառ­­նա­­­ցող գոր­­ծօննե­­րը։

Ժո­­ղովուրդի շա­­րու­­նա­­­կական պայ­­քա­­­րի շնոր­­հիւ եւ ար­­դիւնքին, տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ 2018 թո­­ւակա­­նի Մա­­յիսին, քա­­ղաքա­­կան յե­­ղափո­­խու­­թիւն։ Քա­­ղաքա­­կան յե­­ղափո­­խու­­թիւնը մի նոր էջ բա­­ցաւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­սարա­­կու­­թեան պատ­­մութեան առ­­ջեւ, ուր մար­­դիկ յոյ­­սեր կը փայ­­փա­­­յէին, որ կը հաս­­տա­­­տուի ար­­դա­­­րու­­թիւնը ոչ միայն քա­­ղաքա­­կան, այլ տնտե­­սական բնա­­գավա­­ռին։ Եղան քա­­ղաքա­­կան բա­­րեփո­­խումներ ու պայ­­քար կո­­ռուպցիայի դէմ եւ որո­­շակի չա­­փով դրա­­կան ազ­­դեց երկրի տնտե­­սու­­թեան վրայ, սա­­կայն իշ­­խա­­­նու­­թեան լի­­պերալ ըլ­­լա­­­լու բնոյ­­թի հե­­տեւան­­քով չկա­­րողա­­ցաւ տնտե­­սական հա­­մակար­­գը փո­­խել ու աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րը մնա­­ցին առանց արհմիու­­թիւննե­­րու ու որե­­ւէ ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ չու­­նե­­­ցան նոր իշ­­խա­­­նու­­թեան կազ­­մին մէջ կամ ղե­­կավար­­ման հա­­մակար­­գին։

Բա­­րեփո­­խու­­թիւններ կա­­տարե­­լը լի­­պերա­­լական ու նեօլի­­պերա­­լական իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու ֆունկցիանե­­րէն է, այստեղ չի բա­­ցառ­­ւիր նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։ Անոնք եր­­բեք թոյլ չեն տար տնտե­­սական հա­­մակար­­գա­­­յին այնպի­­սի փո­­փոխու­­թիւններ, որոնք հար­­ցա­­­կանի տակ կը դնեն քա­­փիթա­­լիս­­տա­­­կան հա­­մակար­­գը եւ կը նպաս­­տեն լայն զան­­գո­­­ւած­­նե­­­րու տնտե­­սական ար­­մա­­­տական բա­­րելաւ­­ման։ Անոնք եր­­բեք չեն ձգտիր ու չեն ձգտե­­լու ստեղ­­ծել այնպի­­սի օրէնքներ, որոնք կը խրա­­խու­­սեն իրա­­կան արհմիու­­թիւննե­­րու ստեղծման։

«Հայ Ձախ Ֆո­­րում»ը կը հաս­­տա­­­տէ որ բո­­լոր դէպ­­քե­­­րուն աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րը, աշ­­խա­­­տավարձ ստա­­ցող­­նե­­­րը ու գիւ­­ղա­­­ցինե­­րը պէտք է աշ­­խա­­­տին տար­­բեր հնարքնե­­րով ստեղ­­ծել իրենց իրա­­կան արհմիու­­թիւննե­­րը, որոնք կը պաշտպա­­նեն ու կը հե­­տեւին անոնց հիմ­­նա­­­կան տնտե­­սական շա­­հերուն։ ՀՀ Ազ­­գա­­­յին Խորհրդա­­րանը եր­­բեք չի կրնար սկզբունքա­­յին օրէնքներ մշա­­կել արհմիու­­թիւննե­­րու ստեղծման կամ աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու տնտե­­սական վի­­ճակը բա­­րելա­­ւելու ուղղու­­թեամբ, քա­­նի որ անոնց դա­­սակար­­գա­­­յին պատ­­կա­­­նելիու­­թիւնը աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րը եւ սո­­վորա­­կան ժո­­ղովուրդը չէ, այլ հա­­րուստնե­­րը, գոր­­ծա­­­տու­­նե­­­րը եւ ֆի­­նան­­սա­­­կան քա­­փիթա­­լիզմն է։ Այստեղ ի հար­­կէ Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովը բա­­րեփա­­խական քայ­­լեր կը վերցնէ հա­­սարա­­կու­­թեան կեն­­սա­­­մակար­­դա­­­կը բա­­րելա­­ւելու ուղղու­­թեամբ, սա­­կայն անոնց կա­­րելի է գնա­­հատել, որ­­պէս լի­­պերա­­լական բա­­րեփո­­խու­­թիւններ կամ ռե­­ֆորմներ, որոնք եր­­բեք չեն բա­­ւարա­­րելու ձա­­խերուն ու մենք կը պա­­հան­­ջենք աւե­­լի ար­­մա­­­տական փո­­փոխու­­թիւններ։

Հայ Ձախ Ֆո­­րու­­մը կոչ կ՚ընէ ձա­­խակող­­մեան ու­­ժե­­­րուն, աւե­­լի աք­­թիֆ վե­­րաբե­­րուիլ երկրի սահ­­մա­­­ններու իրա­­վիճա­­կին: ճիշդ գնա­­հատել պա­­հը՝ հա­­շուի առ­­նե­­­լով այ­­լընտրան­­քա­­­յինի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը, իրա­­տեսա­­կան գնա­­հատել ներ­­կայ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու դրա­­կան եւ բա­­ցասա­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։

Ստեղ­­ծել ձա­­խակող­­մեան ճա­­կատ ընդգրկե­­լով բո­­լոր սո­­ցիալ դե­­մոկ­­րատնե­­րը, առա­­ջադէմ մտա­­ւորա­­կանու­­թիւնը ու յատ­­կա­­­պէս բա­­նուոր դա­­սակար­­գին պատ­­կա­­­նող մտա­­ւորա­­կանու­­թիւնը։ Ձա­­խակող­­մեայ Ճա­­կատը կրնայ ճիշդ եւ օպ­­յեկտիվ վեր­­լուծու­­թիւններ ու ել­­քեր ներ­­կա­­­յաց­­նել իշ­­խա­­­նաւոր­­նե­­­րուն, քա­­ղաքա­­կան ու­­ժե­­­րուն ու ժո­­ղովուրդին այս իրա­­վիճա­­կէն դուրս գա­­լու կա­­պակ­­ցութեամբ։ Ձա­­խակող­­մեան ու­­ժե­­­րը ու­­նե­­­նալով մի­­ջազ­­գա­­­յին մեծ թի­­ւով բա­­րեկամ­­ներ՝ քա­­ղաքա­­կան ու­­ժեր, իշ­­խա­­­նաւոր­­ներ, իշ­­խա­­­նու­­թիւններ, Եւ­­րո­­­միու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ, տար­­բեր եր­­կիրնե­­րու խորհրդա­­րանի պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ եւ այլ ձա­­խակող­­մեան ու դե­­մոկ­­րատ ու­­ժեր, կա­­րող է մեծ գոր­­ծօն դառ­­նալ միջզգա­­յին չա­­փանի­­շով պաշտպա­­նել ՀՀ ժո­­ղովուրդի, այդ թի­­ւին նաեւ Ար­­ցա­­­խահա­­յու­­թեան շա­­հերը եւ օգ­­տա­­­ւետ ըլ­­լալ ՀՀ ազ­­գա­­­յին անվտան­­գութեան հար­­ցե­­­րուն։

Այս տա­­րի Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ամ­­բողջո­­վին տար­­բեր մթնո­­լոր­­տի մէջ կը նշո­­ւի «Մա­­յիսի Մէկ»ը, որ Ատրպէյ­­ճա­­­նի յար­­ձա­­­կողա­­կանու­­թեան շա­­րու­­նակման հե­­տեւան­­քով, աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու եւ սահ­­մա­­­նամերձ հո­­ղագործնե­­րու հա­­մար առաջ­­նա­­­հերթ խնդի­­րը անվտան­­գութեան հարցն է։ Չնա­­յած բո­­լոր այս դժո­­ւարու­­թիւննե­­րուն աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րը նշե­­լով «Մա­­յիսի Մէկ»ը, կը վեր­­յի­­­շեն իրենց դա­­սակար­­գա­­­յին շա­­հերը եւ տար­­բե­­­րու­­թիւննե­­րը հա­­րուստնե­­րու, քա­­փիթալ­­սիտնե­­րու յատ­­կա­­­պէս ֆի­­նան­­սա­­­կան քա­­փիթա­­լիստնե­­րու հետ, որոնց առաջ­­նա­­­հերթ խնդի­­րը իրենց հարստու­­թիւնն է։

Կեց­­ցէ՛ «Մա­­յիսի Մէ­­կը» աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու մի­­ջազ­­գա­­­յին հա­­մերաշ­­խութեան եւ պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թեան օրը։

Կեց­­ցէ՛ Հա­­յաս­­տա­­­նի աշ­­խա­­­տաւոր­­նե­­­րու պայ­­քա­­­րը յա­­նուն տնտե­­սական ար­­դա­­­րու­­թեան եւ խա­­ղաղու­­թեան։

Հայ Ձախ Ֆո­­րում,

01/05/2023

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ