Ներման Միջազգային Կազմակերպութիւնը ամէն տարի կը հրապարակէ մահապատիժներու մասին տեղեկագիր։ Նախորդ տարուայ տեղեկագրի մէջ կը նշուի մահապատիժներու գործադրման 53 տոկոսի աճ։ Այս տեղեկագրի տուեալներուն մէջ կը բացառուի Չինաստանի մէջ գործադրուած մահապատիժները, որոնք ենթադրաբար բազմահազար են։ Հիմնականին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի երկիրներուն մէջ գրանցուած է 825 մահապատիժ։ Այս երկիրներէ ներս 2021-ին մահապատիժ գործադրուած էր 520 անձերու դէմ։
Ներման Միջազգային Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Ակնես Քալամար մահապատիժներու գործադրման աճի վերաբերեալ յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ հետեւեալը. «Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի երկիրները 2022 թուին անտեսելով մարդու իրաւունքները թափ տուին մահապատիժներու գործադրման։ Սա Միջազգային իրաւաբանութեան խախտում է։ Սաուտի Արաբեան մէկ օրուան մէջ գործադրեց 81 մահապատիժներ։ Վերջապէս Իրան ժողովրդական ապստամբութիւնը ճնշելու համար մարդիկ մահապատժի ենթարկեց պարզապէս իրենց բողոքելու իրաւունքը գործածելու պատճառաբանութեամբ»։
Իրանի մէջ մահապատիժները 2021-ին, 314 էին եւ նախորդ տարի բարձրացան 576-ի։ Նոյնպէս Սաուտի Արաբիոյ մէջ մահապատիժները մէկ տարուայ ընթացքին բարձրացան 65-էն դէպի 196։ Նախորդ տարուայ ընթացքին Եգիպտոսի մէջ մահապատժի ենթարկուեցան 24 անձեր։
Ի դէմ այս մտահոգիչ երեւոյթին վեց երկիրներ հրաժարեցան մահապատիժ գործադրելէ։ Ղազահիստան, Փափուա Նոր Կինէ, Սիյերա Լէոնէ եւ Կեդրոնական Ափրիկէի պետութիւնը մահապատիժը բոլորովին դուրս բերին իրենց պատժականոնէն։ Իսկ Էգվատորի Կինէան եւ Զամպիան մահապատիժը վերացուցին պարզ յանցանքներու դիմաց։
Ներման Միջազգային Կազմակերպութեան տեղեկագրին մէջ կը նշուի, թէ պիտի շարունակեն պայքարը մինչեւ որ ամբողջ աշխարհի վրայ վերանայ մահապատժի գործադրութիւնը։