Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր երկար ժամանակէ ի վեր, այդպէս ալ ընտրութեան թուականին կը հասնինք հետզհետէ լարուած քարոզարշաւի մը ճնշումներով։ Այս պահուն այլեւս պաշտօնապէս արգիլուած է ընտրութեան արդիւնքներու մասին հարցախոյզներու հրապարակումը։ Հանրապետական դաշինքը կը փորձէ սրել մանաւանդ փողոցային քարոզարշաւները։ Ամէն օր յարձակման նոր լուր մը կը հասնի երկրի այս կամ այն անկիւնէն։ Ընդհանրապէս իշխանութեան մօտ շրջանակներ կը կազմակերպեն այդ յարձակումները, որոնցմէ կարեւորագոյնը կատարուեցաւ նախորդ կիրակի, երբ Էքրեմ Իմամօղլու Ազգային Դաշինքի անունով ելոյթ կ՚ունենար Էրզրումի մէջ։ Օրը արդէն սկսած էր լարուածութիւններով, քանի որ քաղաքապետարանը հակառակ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, փորձած էր անգործածելի դարձնել հաւաքավայրը, հոն տեղադրելով բազմաթիւ հանրաշարժեր։
Քաղաքի իշխանութիւններու հետ կատարուած բանակցութիւններու շնորհիւ հանրակառքերը հեռացուեցան, բայց այս անգամ ալ Իմամօղլուի ելոյթի պահին 100-150 հոգիներէ բաղկացող խմբակ մը սկսաւ քարկոծել Էքրեմ Իմամօղլուի ճառ արտասանած հանրաշարժը։ Ուշագրաւ է որ այդ պահուն իբրեւ թէ անվտանգութիւնը հաստատելու համար տեղւոյն վրայ գտնուող ոստիկանները բացարձակ անշարժութեամբ հետեւեցան կատարուած վայրագութեան, որու հետեւանքով վիրաւորուեցան աւելի քան 15 մարդ եւ Իմամօղլու ստիպուեցաւ կիսատ թողուլ իր ելոյթը։ Այս դէպքէն ժամեր ան այս անգամ Մերսինի Տարսուս գաւառին մէջ Կանանչ Ձախ Կուսակցութեան քարոզչամեքենան ենթարկուեցաւ յարձակումի, որուն ապակիները փշրուեցան եւ անիւները բզքտուեցան։
Հետաքրքրական է որ երկրէ ներս անվտանգութեան երաշխաւոր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու պատահածներու համար մեղադրեց յարձակման ենթարկուողները։ Նոյն ընթացքը որդեգրեց նաեւ նախագահ Էրտնողան։ Ան ալ պատահածներուն մեղքը վերագրեց ընդդիմութեան։
Միւս կողմէ դահլիճային քարոզչութիւնները կ՚ընդանան աւելի ապահով պայմաններու մէջ։ Սակայն այստեղ ալ օրակարգի կու գայ սրբավայրերու քարոզարշաւներու համար շահագործման խնդիրը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Սուրբ Զատկի շնորհաւորութեան առթիւ համայնքային հաստատութիւնները զգուշացուցած էր սրբավայրերը քարոզարշաւէն հեռու պահելու մասին։ Նոյնպէս մզկիթներէ ներս քաղաքական քարոզչութիւնը դժգոհութիւններու պատճառ կը դառնայ։