23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրը արժանացաւ Եւորպայի Թանգարաններու Խորհուրդի կողմէ շնորհուած Քենըթ Հաթսըն ճշգրտութեան ու արիութեան մրցանակին։ Մրցումին մասնակցած էին 19 երկիրներէ 33 թեկնածուներ, որոնցմէ 6-ը ստացան տարբեր բնոյթի մրցանակներ։
1977-էն այս կողմ բաշխուած Եւրոպայէ ներս տարուայ թանգարանը մրցանակի հիմնադիր լրագրող եւ թանգարանագէտ՝ Հաթսընի անունով շնորհուած մրցանակը թանգարաններու ընկերութեան մէջ ունեցած դերակատարութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը նկատի կ՚ունենայ։
Պարգեւատըւչութեան պահին 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրի անունով մրցանակը ստացող Նայաթ Գարաքէօսէ այս առթիւ ըսաւ հետեւեալը. «Մեզ նման պատուաբեր մրցանակով մը գնահատելու համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։ Իւրաքանչիւր մրցանակ շնորհաւորութեան առիթ մըն է։ Բայց մեր պարագային կայ եւս զգացում մը։ Երանի թէ միայն կեանքը, միատեղ ապրիլը, զանազանութիւնը, խաղաղութիւնը եւ մարդու իրաւունքները շնորհաւորող միջոցառումները իրենց կենդանութեան օրով ապրէինք։
Անցեալը յիշել եւ անցեալի հետ առերեսուիլը դիմադրութեան եղանակ մըն է եւ նաեւ կը նպաստէ հասարակութեան բարեփոխման։ 23,5-ը թէ մարդիկ կը քաջալերէ անցեալի հետ առերեսուելու համար եւ թէ միաժամանակ երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցներ կը ներկայացնէ։
19 Յունուար 2007-էն, այսինքն Հրանդ Տինքի սպանութենէն այս կողմ մեր սիրտերը վիրաւոր են, եւ կը փորձենք այդ վէրքը մեր որդեգրած աշխատանքով սպիացնել։ 23,5-ը իւրայատուկ կենսագրութիւն մը կը ներկայացնէ։ Գիտենք նաեւ թէ սպանութիւնը եւ մահը նոյն բաները չեն։ Ինչպէս պիտի ըսէր Ռաքէլ Տինք, Հրանդի սիրելի այրին՝ «Իւրաքանչիւր մահ դէպի յաւիտենական երկարող ճամբորդութիւն մըն է»։
Պարսիկ բանաստեղծ Փիւրուղ Ֆերրուհզատ իր մէկ քերթուածին մէջ կ՚ըսէ. «Թռչունը կը մեռնի, դուք թռիչքը յիշեցէք»։ Հրանդ Տինքի թռիչքը Հրանդ Տինք Հիմնարկի, «Ակօս»ի եւ 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրի աշխատութիւններով կը շարունակուի։ Անոր որդեգրած արժէքները կը շարունակեն խրախուսել բազմաթիւ քաջարի միտքեր։
Այս մրցանակը յատկապէս իմաստալից է, քանի որ հոն կը շեշտուի քաջութիւնը, արիութիւնը։ Հորաթիոս գիտնալու քաջութիւն ունեցիր կ՚ըսէ։ Մենք ալ պէտք չէ որ վախնանք իրողութենէն։ Պէտք չէ որ ուրանանք իրողութիւնը։
Այս առթիւ Հրանդ Տինք Հիմնարկի անձնակազմին, վարչութեան, խորհրդակցական մարմնին եւ մանաւանդ ալ Հրանդ Տինք ընտանիքի անդամներուն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ։