9Մայիսին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտմանը» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ բազմամարդ համաժողովրդական հանրահաւաք մը։ Հանրահաւաքին նախորդեց Ստեփանակերտի Ս. Աստուածամօր Հովանիի Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմի, Արցախի առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն։ Անկէ ետք տեղի ունեցաւ Խաչերթ դէպի Եղբայրական յուշահամալիրը, ուրկէ երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Վերածնունդի հրապարակը` միանալով հանրահաւաքին մասնակցողներուն։ Հանրահաւաքին նպատակը յաղթանակներու օրը վերաիմաստաւորելն էր նոր ուխտով։ Արցախը հայկական պահելու ուխտով։ Հանրահաւաքին մասնակցեցան Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները ու Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները։