Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարած առաւելապաշտ քաղաքականութեան հետեւանքով հետզհետէ անելի կը մատնուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան դաշինք կնքելու հնարաւորութիւնը։ Աւելին՝ տարակարծութեան անլուծելիութեան մատնուելու հետեւանքով խնդիրը կ՚ունենայ միջնորդութեան նոր յաւակնութիւններ։ Այսպէսով արցախեան հակամարտութիւնը կը վերածուի գերտէրութիւններու միջեւ կռուախնձորի մը։ Գաղտնիք չէ որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Փութին տարածքաշրջանը կ՚ընկալէ իբրեւ իր սեփական խաղադաշտը։
Սակայն ԱՄՆ եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հզօր պետութիւնները եւս հաշիւներ ունին նոյն տարածքաշրջանի վրայ։ Արդարեւ անոնք եւս կը փորձեն միջամուխ ըլլալ ոչ թէ տարակարծութեան, հիմնական լուծում մը գտնելու, այլ իրենց սեփական շահերէ բխող գերակայութիւնը պարտադրելու համար։ Այս բոլորի ետին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հասարակութեան համար շատ աւելի արդիւնաւէտ կրնար ըլլալ ուղղակի շփումները եւ բանակցութիւնները։ Ահա հոս է որ կը յայտնուի Ալիեւի առաւելապաշտ ռազմավարութեան ստեղծած պատնէշը։ Փոխադարձաբար Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան պարտուածութեան հոգեբանութեան մէջ չի կրնար յանձն առնել նոր բախումներու գետին պատրաստող որեւէ քայլ։
Այս պայմաններու մէջ է, որ օրակարգի կու գայ երկու ղեկավարներու միջեւ նոր հանդիպում մը, Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ ապա Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջնորդութեամբ նախ 14 Մայիսին Պրիւքսէլի եւ ապա 1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ։