Կանանց մարտահրաւէրը

ՆԱԶԼԸ ԹԷՄԻՐ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Ինչպէս տեղեակ է Ակօս շաբաթաթերթի ընթերցողը, Parrhesia խմբակը սիւնակ մը ու­նե­ցաւ անոր էջե­րուն մէջ, որ­պէսզի տե­ղեակ պա­հէ հայ կին հե­տազօ­տող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով հե­տաքրքրո­ւող­նե­րը։ Սփիւռքի զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն հայ կին մտա­ւորա­կան­նե­րու խմբակ մըն է ան։ Այ­սինքն՝ պրպրտող, սոր­վե­լու փա­փաքով ու կամ­քով խան­դա­վառ ու մտա­ծող, հար­ցադրող երի­տասարդնե­րէ բաղ­կա­ցած խումբ մը, որը կա­րելի է անո­ւանո­ւել “կին մտա­ւորա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծողներ”։ Անոնք կը ջա­նան հայ­կա­կան նիւ­թե­րու առըն­չո­ւած հե­տազօ­տու­թիւններ, ու­սումնա­սիրու­թիւններ հրա­պարա­կել առ­ցանց դրու­թեամբ։ Կը շօ­շափեն նիւ­թեր որոնք յա­ճախ նկա­տուած են թա­պու, կամ եր­բեք չեն քննար­կո­ւած գի­տական գետ­նի վրայ եւ շատ ան­գամններ նիւ­թեր, որոնք կը պա­հան­ջեն մաս­նա­ւոր հմտու­թիւն։ Այս բո­լորը կը կա­տարո­ւին երեք լե­զու­նե­րով, գլխա­ւարա­բար հա­յերէն, անգլե­րէն ու թրքե­րէն։ Իբ­րեւ կին մտա­ւորա­կան­նե­րու խմբակ, այս զօ­րու­թե­նական մթնո­լոլոր­տը վի­ճարկման վայ­րի մը վե­րածե­լու ջան­քին մէջ անոնց դե­րը կը նկա­տեմ էական եւ մեծ մար­տահրա­ւէր։

Ի՞նչու կա­րեւոր է եւ նաեւ էակա՞ն։

Նախ, Parrhesia խմբա­կը ինքնու­րոյն, իր բուն ներ­կա­յու­թեամբ իսկ կը հա­մարեմ յան­դուգն մար­տահրա­ւէր մը գլխա­ւորա­բար եր­կու կա­րեւոր յատ­կութիւննե­րով։ Նախ՝ հայ կի­ներէ բաղ­կա­ցած է ան, յե­տոյ հա­յերէն լե­զուի գոր­ծա­ծումն ու իրենց մտա­յին ար­տարդրու­թիւնն է որ կ՚ար­ժե­ւորէ անոնց էու­թիւնը։ Էական է այ­սօր կի­ներէ կազ­մո­ւած հայ մտա­ւորա­կան խումբ մը, որով­հե­տեւ ըն­կե­րու­թեան մէջ հայ կի­ներու դե­րը միշտ կա­րեւոր եղած է, թէեւ շատ ան­գամ ան­տե­սուած, նաեւ ար­հա­մարուած։ Բո­լորս գի­տենք, թէ հայ ըլ­լա­լը, մա­նաւանդ հա՛յ կին ըլ­լա­լը կրկնա­պատիկ կը դժո­ւարաց­նէ ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, յատ­կա­պէս մտա­ւորա­կան մար­զի մէջ։ Եթէ նոյ­նիսկ կա­րելի է ար­գելքնե­րը յաղ­թա­հարել իբ­րեւ կին, կա­րելի չէ ամէն ան­գա­մուն տե­սանե­լի դարձնել ան որով­հե­տեւ չի բա­ւեր մի­միայն ստեղ­ծա­գոր­ծել, նաեւ պէտք է ըլ­լալ յան­դուգն, հրա­պարա­կաւ գո­յատե­ւելու հա­մար։ Իսկ Parrhesia-ն այդ ու­ժը կ՚առ­նէ իր խմբա­կան կազ­մէն ու իր յան­դուգն կե­ցուած­քէն։ Յե­տոյ, գի­տենք որ հա­յերէն լե­զուով կա­տարո­ւած գի­տական աշ­խա­տանքնե­րը քիչ են, հա­կառակ անոր որ հետզհե­տէ կը բազ­մա­նան։ Դժո­ւար է նոյ­նիսկ հա­յախօս­նե­րուն հա­մար դաս­տիարակ­չա­կան, ըն­կե­րաբա­նական, քա­ղաքա­կան աշ­խա­տանքներ տա­նիլ հա­յերէն լե­զուով, ըն­կե­րական գի­տու­թիւննե­րու մար­զին մէջ։ Պատ­ճառնե­րը յայտնի են ու բազ­մա­թիւ, ինչպէս հե­տեւանքնե­րը։ Օրի­նակ, այ­սօր ըն­կե­րային գի­տու­թիւննե­րու առըն­չո­ւած հա­յերէն բա­ռապա­շարը ան­բա­ւարար ու թե­րի է եւ պէտք ու­նինք զայն զար­գացնե­լու։ Ահա­ւասիկ Parrhesia-ն «հա­յերէն լե­զուն կը մեռ­նի» ըսող­նե­րուն մար­տահրա­ւէր մը կ՚ուղղէ այս առու­մով։ Մար­տահրա­ւէրը ուղղուած է նաեւ անոնց, որոնք հա­մոզո­ւած են թէ դժո­ւար է քա­ղաքա­կանու­թիւն վա­րել հա­յերէն լե­զուով, ըն­կե­րային գի­տու­թիւններ դա­սաւան­դել բարձր մա­կար­դա­կով, կամ ալ գրել գի­տական յօ­դուած­ներ։ Նոր խմբակ մը ահա­ւասիկ, որ կը փոր­ձէ դի­մագ­րա­ւել այս խնդի­րը։ Կը ջա­նայ պա­կաս մը լրաց­նել եւ կամ ամ­բողջաց­նել կի­սատ աշ­խա­տանք մը որը սկսեր էին հայ մտա­ւորա­կան­նե­րը այն ժա­մանա­կաշրջան­նե­րուն երբ կա­րելի էր հա­յերէն լե­զուով ար­տադրել գի­տական գետ­նի վրայ եւ ան մեծ ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէր։ Ու­րեմն հե­տեւեալ կա­րեւոր դերն ալ յանձն առած է Parrhesia-ն, իբ­րեւ նպա­տակ­նե­րէն գլխա­ւորը. ար­տադրել նոր յղացքներ եւ կամ գոր­ծա­ծել այն յղացքնե­րը որոնք ստեղ­ծո­ւած էին, բայց չէին գոր­ծա­ծուեր հա­յերէն լե­զուով ու զա­նոնք տա­րածել հե­տազօ­տական մար­զի մէջ։ Ահա­ւասիկ մե­զի կը մնայ հե­տեւիլ իրենց հա­ղոր­դումնե­րուն ու քա­ջալե­րել այս մար­տահրա­ւէրին պա­տաս­խա­նելու ջան­քը։

Փարիզ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ