ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Լեհ բեմադրիչ Քրիստոֆ Քիեւսլովսքի տասնաբանեայ պատուիրաններէն մեկնելով տասը ֆիլմեր նկարահանած էր, որոնցմէ երկուքը լիամեթրաժ էին։ «Սիրոյ մասին կարճ ֆիլմ մը» եւ «Սպանութեան մասին կարճ ֆիլմ մը»։
Էօզճան Ալփերի վերջին ֆիլմը՝ «Մութ գիշերը» դիտելէ ետք այս ֆիլմերը մտաբերեցի։ Էօզճան Ալփերի ֆիլմի համար «Առերեսման մասին ցնցիչ ֆիլմ մը» խորագիրն ալ կրնար պատշաճիլ։ Բեմադրիչը եւ սցենարը միասին պատրաստած Մուրատ Ույուրքուլաք իրաւ ալ ցնցիչ ֆիլմ մը ստեղծած են։ Պատումի հերոսը Իսհակ (Պերքայ Աթէշ) տարիներ առաջ Անատոլուի անշուք գաւառներէն մէկուն լինճի մը ականատես եղած է։ Ան չէր կարծաց թէ այդ լինճը սպանութեան պիտի վերածուի։ Դէպքէն ետք հեռացած է իր ծննդավայրէն։ Տարիներ անց մօրը հիւանդութեան բերմամբ կը վերադառնայ իր տունը։ Բայց իր ալ մասնակից եղած լինճի դէպքը ծանր խղճի խայթի մը պատճառ կը դառնայ։ Կը սկսի լինճի ենթարկուած երիտասարդին դիակը փնտռել։ Մէկ կողմէ ալ այդ օր ոճիրի մասնակցողները առերեսման կը կանչէ, կը ճնշէ որ գոնէ դիակին տեղը ըսեն։ Բայց իր դիմացը յանցագործներու լռութիւնը կը գտնէ։
Էօզճան Ալփեր այս ֆիլմով օրակարգի կը բերէ վերջերս ալ աւելի յաճախակի դարձած լինճի մշակոյթը եւ սպաննելու տենչը։ Իրեն նման չեղողը դիւրաւ արտաքսող մանաւանդ ալ գաւառի մէջ ծաղկած այս մշակոյթը անշուշտ որ ունի պատմական հիմքեր։ 1909-1915, 1934-էն 6-7 Սեպտեմբերին հասնող աւանդութեան մը մասին է խօսքը։ Հետեւաբար այս մշակոյթին ծագումը կարելի չէ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան վերագրել։ Սակայն գաւառի այս ճնշման մթնոլորտին տիրող մշակոյթի մը վերածուիլը կրնանք առնչել ԱԶԿ-ին։ Արդեօք այդ կառոյցն է՞, որ ԱԶԿ-ն իշխանութեան բերաւ, թէ ոչ նոյնինքն ԱԶԿ-ի միջոցաւ այդ մշակոյթը աճեցաւ, վիճելի է։
Միւս կողմէ սա շատ յստակ է, որ այրիշխան-պահպանողական կառոյցը կեանքը բոլորին համար անտանելի կրնայ դարձնել։ Ֆիլմը նախ եւ առաջ այս խնդրին վրայ կը կեդրոնանայ։ Բայց ըստ ինձ կայ աւելի կարեւորը՝ առերեսման կարիքը։ Ափսոս որ այս երկրի մէջ առերեսուիլը չէ կրցած արմատ նետել։ Հաւաքաբար գործուած բոլոր յանցագործութիւնները քօղարկուեցան ու մոռացութեան մատնուեցան։ Թէեւ նման օրինակները աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ալ կրնանք տեսնել։ Բայց այս ֆիլմով Էօզճան Ալփեր եւ Մուրատ Ույուրքուլաք մեր քօղարկուած գաղտնիքները շատ յաջող կերպով կը լուսաբանեն։ Ակամայ կը տարուինք հայոց ցեղասպանութիւնը, Տէրսիմի կոտորածները եւ 6-7 Սեպտեմբերի թալանի գործողութիւնը յիշելու։ Միթէ այս բոլորը պետութեան ալ միջամուխ եղած հաւաքական յանցագործութիւններ չէի՞ն։ Արդեօք այս պատճառով է որ առերեսման բոլոր ջանքերը ապարդիւն կը մնան, նոյն այդ ջանքերուն հեղինակները փորձանքներու կը մատնուին։ Միթէ Հրանդ Տինքն ալ նման ջանքի մը զոհը չէ՞ր եղած։ Անշուշտ այս բոլորը իմ հետեւութիւններն են, դիտած ֆիլմին իմ վրայ ունեցած ցոլացումները։
Էօզճան Ալփեր եւ Մուրատ Ույուրքուլաք այսքանով չեն բաւարարուած։ Անոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն նաեւ լինճի ենթարկուելով սպաննուած Ալիի (Ճեմ Եիղիթ Իւզումօղլու) հայրն ալ։ Ան ոճիրէն այս կողմ անցած եօթը տարիներու ընթացքին թողած է իր բնականոն կեանքը եւ այս գաւառի լեռներուն քարանձաւներուն մէջ իր որդին կամ ալ որդւոյն դին փնտռող Ֆերհաթի (Թաներ Պիրսել) արդարութեան պահանջը, սուգի իրաւունքը ներկայացնող կերպարը։ Այստեղ Ֆերհաթի կերպարին մէջ Շաբաթօրեայ Մայրերը տեսնելը կարելի չէ՞։
«Մութ գիշերը» անշուշտ որ ուրիշ տեսակ մեկնաբանելը կարելի է։ Ինչ որ կը պատմեմ ֆիլմին իմ վրայ թողած տպաւորութիւնն է, բայց սա շատ հաստատ է որ Էօզճան Ալփեր իր ֆիլմաշարի լաւագոյն օրինակներէն մէկը ստեղծած է, որուն համար շնորհաւորանքի արժանի է։