29Ապրիլին ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած լուրը կը յուշէր «Ֆլայ Ուան» ընկերութեան թռիչքներու դէմ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած արգելքը։
Շուտով պարզուեցաւ, թէ թռիչքներու խափանումը փոխադարձ մըն է Երեւանի մէջ Նեմեսիսի յուշարձանի կանգման։ Այս մասին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարութիւն մը ընելով նշեց, թէ արգիլուածը ոչ թէ Երեւան- Իսթանպուլ թռիչքներն են, այլ Երեւանէն մեկնելէ ետք Թուրքիոյ օդային տարածքը հատելով դէպի Եւրոպա ուղղուած թռիչքները։
Չաւուշօղլու նշեց նաեւ, թէ արգելքը կ՚ընդգրկէ նաեւ շատ կարեւոր անձերու (VIP) թռիչքները, որոնցմէ բացառութիւն կ՚ընծայուի Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Անգարա եկող Հայաստանի Խորհրդարանի Նախագահ Ալեն Սիմոնեանի ուղեւորութեան։ Չաւուշօղլու պահանջեց յուշարձանի վերացումը՝ սպառնալով թէ հակառակ պարագային նոր պատժամիջոցներու պիտի դիմեն։
Նեմեսիս գործողութիւնը եղեռնին յաջորդող տարիներուն հայոց ցեղասպանութեան ծրագրման եւ գործադրման մէջ բաժին ունեցող քաղաքական գործիչները եւ պետական պաշտօնեաները պատժելու միտումով գործուած ոճիրներն են։ Այդ ծիրէն ներս Օսմանեան պետութեան նախարարներ, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, նոյնիսկ հայազգի գործակալներ գնդակահարուած էին կամաւոր մահապարտներու ձեռամբ։ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ միշտ յիշուած դէպք մը ըլլալով կը նշուի ցեղասպանութեան կազմակերպիչ, Օսմանեան կառավարութեան Ներքին Գործոց Նախարար Թալեաթի՝ Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլերեանի կողմէ սպանուիլը։ Գերմանական դատարանը այս ոճիրէն վերջ Թեհլերեանը անպարտ հռչակած էր՝ նկատի ունենալով որ Թալեաթ ուղղակի պատասխանատու է բիւրաւոր անմեղ զոհերու սպանութենէն։