Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի, Մարտակերտ եւ Ասկերան շրջաններու գիւղական համայնքներու բնակիչները հնարաւորութիւն կը ստանան օգտուելու առաջնային բուժօգնութեան շարժական ծառայութիւններէն։
«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան նախաձեռնութեամբ մեկնարկած է Արցախի երեք շրջաններու գիւղական բնակավայրերուն առողջութեան առաջնային պահպանման շարժական ծառայութիւններու հասանելութեան ապահովման ծրագիրը, որու հիմնական գործընկերներն են «ՀԵՆԱՐ» բարեգործական հիմնադրամը եւ «Santė Armėnie» միաւորումը։ Ծրագիրն կ՚իրականացուի Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ։
Ծրագրի նպատակն է բժշկական շարժական խմբակներու գործարկման միջոցով գիւղական վայրերուն առողջութեան առաջնային պահպանման օղակի ծառայութիւններն աւելի հասանելի դարձնել։
Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան հետ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութեան բերմամբ՝ բժշկական շարժական խմբակը աշխատանքի կը սկսի Մարտունի շրջանէն։ Առողջապահութեան Նախարարութեան կողմէ ներկայացուած ժամանակացոյցով՝ բժշկական բոլոր անհրաժեշտ սարքաւորումներով յագեցած մեքենան Մայիսի 3-էն սկսած կը շրջի համայնքներուն եւ անհրաժեշտ ծառայութիւններ կը մատուցէ բնակիչներուն։
Ծրագրի մէջ ընդգրկուած ընտանեկան բժիշկները 2023 թուականի Յունուարէն Ապրիլ ինկած ժամանակահատուածին յատուկ մասնագիտական վերապատրաստում կ՚անցնեն։ Շրջայցի ընթացքին մասնաւորապէս կը մատուցեն դարմանիչ ծառայութիւններ, կ՚իրականացնեն ընդհանուր ստուգիչ հետազօտութիւններ, առաւել տարածուած վարակիչ եւ ոչ վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերում, կառավարում եւ անոնց վերահսկումը։ Բացի այդ, շարժական խմբագներուն ներդրուած ժամանակակից սարքաւորումներու շնորհիւ հնարաւոր կ՚ըլլայ յաւելեալ բժշկական ծառայութիւններ մատուցել բնակչութեան, այդ թուին՝ տարալուծական հետազօտութիւններ։
«Այս ծրագրի իրականացումը շատ կարեւոր է Արցախի յատկապէս շրջաններու ու հեռաւոր համայնքներու բնակչութեան համար։ Հիմա, երբ շրջափակման հետեւանքով աւելի բարդացած է վառելիքի ձեռք բերման հարցը եւ Ստեփանակերտ հասնիլը աւելի դժուարացած, այսպիսի խմբակի գործարկումը շատ լուրջ ընկերային խնդիր կը լուծէ։ Մեքենան յագեցած է որակեալ սարքաւորումներով եւ ի վիճակի է բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելու։ Մենք երախտապարտ ենք թէ Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան, թէ մեր գործընկերներ՝ «ՀԵՆԱՐ» հիմնադրամին եւ «Santė Armėnie»-ին այս նախաձեռնութեան իրականացման եւ Արցախի բնակիչներու կողքին գտնուելու համար», ըսած է «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան սոցիալական ծրագրերու ղեկավար Արմէն Մանգասարեանը։
«ՀԵՆԱՐ» հիմնադրամի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը՝ առողջութեան առաջնային օղակի պահպանման բարեփոխումներն են։ «Համոզուած ենք, որ ծրագրի շնորհիւ Արցախի մեր հայրենակիցները կը ստանան առաւել որակեալ բուժօգնութիւն, որու շնորհիւ զգալիօրէն կը լաւանայ վերջիններուս կեանքի որակը», ըսած է «ՀԵՆԱՐ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ելենա Աբովեանը։
«Նախագծի նպատակն է, որ անվտանգութեան տեսանկիւնէն ծանր պայմաններուն ապրող խոցելի բնակչութիւնը ստիպուած չըլլայ պարբերաբար այցելել քաղաք, այլ ունենայ վերապատրաստուած բժշկի կողմէ ճիշդ բուժում ստանալու հնարաւորութիւն», - նշել է «Santė Armėnie» նախաձեռնութեան անդամ, բժիշկ Տաթեւիկ Բազինեանը։
Ծրագրի իրականացման առաջին տարուայ ընթացքին կը նախատեսուի շարժական խմբակները լիովին ներառել Արցախի առողջապահական համակարգին, եւ Առողջապահութեան նախարարութեան հետ համաֆինանսաւորմամբ շարունակել խմբակներու գործունէութիւնը։
«Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութիւնը կը ձեռնարկէ եւ կ՚իրագործէ Արցախի եւ Սիւնիքի զարգացման նախագծեր՝ համագործակցելով Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւններու, ինչպէս նաեւ տեղական, միջազգային եւ մասնաւոր այլ կազմակերպութիւններու հետ։ «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութիւնը հիմնադրած են Ռուբէն Վարդանեանը եւ անոր գործընկերները։