Ատրպէյճանի մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու հարցերու պետական կոմիտէի նախագահ Մուպարիզ Քուրպանը յայտնեց, որ «հայ հոգեւորականները պէտք է հեռանան» Դադիվանքէն։
Ըստ անոր հայերը ոչ մէկ կապ ունին այդ վանական համալիրին հետ։
«Անիկա կը պատկանի կովկասցի ալպանացիներուն, եւ վաղ թէ ուշ անոր կառավարումը պիտի իրականացուի ալպանա-ուտիական կրօնական համայնքին կողմէ», յայտնեց Քուրպանլը։
Ատրպէյճանցիները Քալբաջարի շրջանին մէջ գտնուող հայկական հինաւուրց Դադիվանքը «Խուդավենք» կ՚անուանեն: 44 օրեայ պատերազմէն ետք անիկա կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ։