ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երբ կամքը կը բացակայի

Ար­ցա­խեան 44-օրեայ պա­տերազ­մի աւար­տէն այս կողմ շա­րու­նա­կուող Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւննե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն պե­տական մա­կար­դա­կի վրայ բնա­կանո­նաց­ման ջան­քե­րը կրկին ան­գամ ձա­խողած կ՚երե­ւին։

Որեւէ միտք ի կա­տար բե­րելու հա­մար անհրա­ժեշտ է նախ յստա­կացած ու վճռա­կան կամք մը։ Սա ցան­կա­ցած գոր­ծի իրա­կանաց­ման նա­խապայ­մանն է։

Ար­ցա­խեան 44-օրեայ պա­տերազ­մի աւար­տէն այս կողմ շա­րու­նա­կուող Հա­յաս­տա­նի եւ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թիւննե­րու յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն պե­տական մա­կար­դա­կի վրայ բնա­կանո­նաց­ման ջան­քե­րը կրկին ան­գամ ձա­խողած կ՚երե­ւին։ Եթէ վե­րաքաղ մը ընենք դէ­պի պատ­մութեան մօտ ան­ցեալը, պի­տի յի­շենք թէ Թուրքիա Խորհրդա­յին Միու­թեան փլու­զումով ան­կա­խացած Հա­յաս­տա­նը պաշ­տօ­նապէս ճանչցող առա­ջին եր­կիրնե­րէն է։ Սա­կայն այդ ճա­նաչու­մի հետ Թուրքիա նաեւ յայ­տա­րարեց թէ պի­տի չա­ճապա­րէ հա­րեւան պե­տու­թեան հետ դի­ւանա­գիտա­կան յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու։ Թուրքիա մօտ 35 տա­րինե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ չ՚աճա­պարե­լու։ Այլ խօս­քով Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը աւե­լի քան երեք տաս­նա­մեակ­ներ չեն կրցած որ­դեգրել Հա­յաս­տա­նի հետ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւններ հաս­տա­տելու կամ­քը։

Ու­րեմն կ՚ար­ժէ հարց տալ՝ ի՞նչ յու­սա­լով պաշ­տօ­նի կո­չեցիք նախ­կին աւագ դես­պան Սեր­տար Քը­լըճը, որ իբ­րեւ թէ իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցի՝ Ռու­բէն Ռու­բի­նեանի հետ գոր­ծակցե­լով պի­տի պատ­րաստէր յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բնա­կանո­նաց­ման են­թա­հողը։

Այ­սօր պարզ կը դառ­նայ թէ ցարդ կա­տարո­ւած­նե­րը պար­զա­պէս ձե­ւակեր­պութիւններ էին եւ նպա­տակ չու­նէին յստակ ար­դիւնքի մը յան­գե­լու։ Եր­րորդ հան­դիպման աւար­տին նման կար­ծիք յայտնեց նաեւ Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող բա­նագ­նաց Ռու­բէն Ռու­բի­նեան եւ յայտնեց իր հիաս­թա­փու­թիւնը «Դոյզն իսկ յա­ռաջըն­թաց չենք ար­ձա­նագ­րած» ընդվզու­մով։

Մա­նաւանդ ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ միամ­տութիւն պի­տի ըլ­լայ յու­սալ մեր­ձեցման որե­ւէ փորձ։ Ընդհա­կառակ այ­սօ­րուայ տի­րող քա­րոզ­չութեան գոր­ծընթա­ցի մէջ լա­րուա­ծու­թիւնը, սպառ­նա­լիք­նե­րու բա­ռապա­շարը շատ աւե­լի ձեռնտու մի­ջոց­ներ կը թո­ւին տի­րող քա­ղաքա­կան մտքին հա­մար։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րուն մէջ մար­դիկ բնա­կանա­բար­ կը մտա­բերեն իշ­խա­նափո­խու­թեան մը դէպ­քին կա­յանա­լիք հա­ւանա­կան տար­բե­րակ­նե­րը։ Փոր­ձե­րը կ՚ապա­ցու­ցեն, թէ այս եւս սնա­մէջ յո­ւսադ­րութիւն մըն է, քա­նի որ ընդդի­մադիր­նե­րու դա­շին­քը այս նիւ­թի կա­պակ­ցութեամբ ան­ցեալին միշտ հա­մաձայ­նութիւն պա­հած է գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան հետ։

Նկա­տի ու­նե­նալ պէտք է նաեւ նման քա­ղաքա­կան կա­րեւոր շե­ղումնե­րու պա­րագա­յին հա­սարա­կու­թեան հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւնը։ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թիւնը տա­րինե­րու հո­լովույ­թով եւս տա­րուած է քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու շռայ­լօ­րէն սպա­ռած ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րէն եւ դէ­պի բնա­կանո­նացում հա­ւանա­կան շե­ղու­մը ժո­ղովուրդի լայն խա­ւերու մօտ ալ անըն­դունե­լի կրնայ թո­ւիլ։

Երե­ւոյ­թը շատ տար­բեր չէ Հա­յաս­տա­նէն դի­տելով։ Նոյ­նիսկ անհնար է յստա­կօրէն ստու­գել, թէ ո՞ր կող­մի ատե­լու­թիւնը փո­խադարձ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­լով կը հրահ­րէ իր հա­կապատ­կե­րը։ Հա­րիւ­րա­մեայ ատե­լու­թեան մը են­թա­հողի վրայ Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ հա­սարա­կու­թիւնը միատարր հա­մոզում մը չի բաժ­ներ հա­րեւան երկրին մեր­ձե­նալու առու­մով։

Վեր­յի­շենք յօ­դուա­ծի առա­ջին նա­խադա­սու­թիւննե­րը եւ ան­գամ մը եւս կրկնենք քա­ղաքա­կան կամ­քի անհրա­ժեշ­տութիւ­նը։ Միայն այդ կամ­քը ու­նե­ցող­ներն են որ պի­տի յա­ջողին նախ իրենց եւ ապա հա­կառա­կոր­դի հա­սարա­կու­թիւննե­րը հա­մոզել երկխօ­սու­թեան եւ բնա­կանոն յա­րաբե­րու­թիւննե­րու բա­րիք­նե­րուն մա­սին։

pakrates@yahoo.com