Հայոց հին տոմարը «Բուն Թուական Հայոց»

Տոմարը ժա­մանակ չա­փելու եւ ժա­մանա­կի հետ առնչո­ւած այլ հար­ցե­րու ու­սումնա­սիրու­թեանց գի­տու­թիւնն է։ Հայ ազ­գը աշ­խարհի հին ազ­գե­րու նման ստեղ­ծած է իր սե­փական տո­մարը, որո­շելու հա­մար ցան­քի, բեր­քա­հաւա­քի եւ այլ գիւ­ղատնտե­սական աշ­խա­տանքնե­րու ժա­մանակ­նե­րը։

Հայ ազ­գը իր տո­մարը հիմ­նած է արե­գակի վրայ, այ­սինքն՝ Հայ­կա­կան Տո­մարը արե­գակ­նա­յին է։ Այսպէս, հայ­կա­կան արե­գակ­նա­յին տո­մարով տա­րին ու­նէր 365 օր եւ բաժ­նո­ւած էր տաս­ներկու լրիւ ամիս­նե­րու. իւ­րա­քան­չիւրը կը բաղ­կա­նար 30 օրէ, իսկ մնա­ցեալ 5 օրե­րը մաս կը կազ­մէն տաս­ներրորդ փոքր ամի­սին։ Ամիս­նե­րը, օրե­րը եւ նոյ­նիսկ օրո­ւայ ժա­մերը ու­նէին իրենց իւ­րա­յատուկ անուննե­րը. կո­չուած էին հա­յոց հին նա­հապետ­նե­րու, աս­տո­ւած­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի լեռ­նե­րու եւ դաշ­տե­րու անուննե­րով։

Հայ­կի յաղ­թա­նակը Բէ­լի վրայ պատ­մա­կան յաղ­թա­նակ էր, այս մեծ յաղ­թա­նակի հե­տեւան­քով հայ ազ­գը իր սե­փական ազ­գա­յին տո­մարը նկա­տած է Հայ­կի յաղ­թա­նակի օրը Բէ­լի վրայ։ Հայ մա­տենագ­րութեան մէջ 2492 Ք.Ա. թո­ւակա­նի Օգոս­տո­սի 1-ը, այն օրը երբ Հայկ նա­հապե­տը իր նե-տով տա­պալեց Բէ­լը, նկա­տուած է որ­պէս սկիզբ Հա­յոց տո­մարին. այդ թո­ւակա­նը կը կո­չուի Բուն Թո­ւական Հա­յոց։

Այս տա­րի Բուն Թո­ւական Հա­յոց 4515 թո­ւականն է։

(Պատ­մա­քաղ)

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ