ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
1968 տարեթիւը պատմութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն ունի Փարիզէն ծագող եւ նախ Եւորպա, ապա ամբողջ աշխարհը ողողող բողոքի ցոյցերով։ Համատարած բողոքի ցոյցերուն մղիչ ուժը ամենուրէք համալսարանական երիտասարդութիւնն էր, որ գլուխ կը բարձրացնէր անարդարութեան դէմ։ Համալսարանէն ծագող ցոյցերը հետզհետէ արձագանգ գտան նաեւ բանուորական շարքերէ ներս։ Այս հոսանքը իր բնական անդրադարձը գտաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Համալսարանի պայմաններու բարեփոխման պահանջով մեկնարկող ցոյցերը հետզհետէ ծաւալեցան եւ իրենց թիրախ ունեցան ԱՄՆ-ի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։
Այս պահուն մեր ձեռքին կը գտնուի շահեկան գծավէպ մը, որ նիւթ կ՚առնէ 68 սերունդին ամենախորհրդանշական անունը՝ Տենիզ Կեզմիշը իր գործ ու պայքարով։ Ալի Ճապպարի կողմէ պատրաստուած այս գեղարուեստական տպագրութեան էջերուն մէջ կը հանդիպինք տուեալ ժամանակահատուածի գրաւոր մամուլէն արտատպումներու։ Այսպէս պատմութիւնը կը սկսի Տենիզ Կեզմիշի ծննդեան տարեթիւէն՝ 1947-էն եւ ընթերցողը տարիներու հոլովոյթով ականատես կ՚ըլլայ երկրի մօտ անցեալի բազմաբնոյթ զարգացումներուն։
Թուրքիոյ ընկերաքաղաքական կեանքի կարեւոր անհրաժեշտութիւններէն մէկն ալ պատմագրութեան վերարտադրութիւնն է։ Կարելի է ըսել թէ Ալի Ճապպար այդ ընթացքի մէջ «Պոյութ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսնող այս գիրքով կարեւոր քայլ մը առած եւ ընթերցողին թէ ուսուցողական բնոյթով եւ թէ դիւրամատչելի ընթերցումով նոր հորիզոն մը մատուցած է։
«Ակօս»ի այս համարը կը զուգադիպի Տենիզ Կեզմիշի մահուան տարելիցի՝ 6 Մայիսին։ Արդարեւ այս հրատարակութեան միջոցաւ մենք ալ կը յայտնենք մեր յատուկ խոնարհումը իր յեղափոխական ոգիին ու նուիրումին։