Քէն, Խզում, Գարշանք

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

(Սեն Ռաֆայէլ)

Ատելութիւ­ննե­րէն սոս­կա­լին այն է, երբ

անոնք այնքան պիղծ են եւ մո­լեգ­նած,

որ պէտք է քրտնա­ջան աշ­խա­տիլ

անոնց դէմ պայ­քա­րելու հա­մար։

Մա­րի դը Ագուլտ

Իսփիւռս աշ­­խարհի վեր­­ջին երեք տաս­­նա­­­մեակին շատ երե­­ւոյթներ ու կա­­րեւոր փո­­փոխու­­թիւններ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած են, որոնցմէ ամե­­նակա­­րեւո­­րը մեզ հա­­մար ՀՀ եր­­րորդ պե­­տակա­­նու­­թեան ստեղ­­ծումն էր, յա­­ւերժ թո­­ւացող փլու­­զո­­­ւած նախ­­կին խորհրդա­­յին կար­­գե­­­րու փլա­­տակ­­նե­­­րու վրայ։ Կոր­­պա­­­չովն1 էր այդ ան­­կումի հիմ­­նա­­­կան ճար­­տա­­­րապե­­տը, երբ մեր պե­­տական վե­­րակա­­ռու­­ցումը սաղմնա­­յին վի­­ճակին էր, մեր քա­­ղաքա­­կան այ­­րե­­­րը2 իմաս­­տութիւ­­նը փոր­­ձը եւ անհրա­­ժեշ­­տութեան պա­­հան­­ջը չու­­նե­­­ցան, կամ ըն­­դունակ չէին հասկնալ ու ստեղ­­ծել հա­­մայն հա­­յու­­թեան կա­­րիք­­նե­­­րուն հա­­մապա­­տաս­­խան սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան հի­­մունքնե­­րով հա­­սարա­­կական կա­­ռոյց։ Մեր նշա­­նաբա­­նը պի­­տի ըլ­­լար վե­­րականգնում։ Պի­­տի չանդրա­­դառ­­նամ մեր առ­­ջեւ ծա­­ռացած դժո­­ւար պայ­­մաննե­­րուն եւ ար­­գելքնե­­րուն, բայց ծայր առաւ իրար յօ­­շոտումն ու ան­­սահման ատե­­լու­­թիւնը, մին­­չեւ իսկ բնա­­կիչ­­նե­­­րու մի ստո­­ւար մա­­սին թուրք անո­­ւանե­­լով եւ եղած նեղ սահ­­մա­­­նափակ մի­­ջոց­­նե­­­րու անե­­րեւա­­կայե­­լի մսխու­­մով ու թա­­լանով։ Կը տա­­նէին հնա­­րաւոր ամէն ինչ, իսկ միւսնե­­րը որ չու­­նէին այդ հնա­­րաւո­­րու­­թիւնը՝ լքած կը հե­­ռանա­­յին երկրէն եւ սկսաւ ար­­տա­­­գաղ­­թի հա­­մաճա­­րակը։

Իրաւ է որ ան­­ցեալի սխալ­­նե­­­րը տես­­նել եւ մեկ­­նա­­­բանե­­լը հեշտ է, յա­­ճախ աննպա­­տակ, միայն թէ ան­­տարբեր լռու­­թիւնը եւս մեղ­­սակցու­­թեան հա­­մազօր է։ Լռու­­թիւնը բա­­նի մը ապա­­ցոյց է, կը ստա­­նանք՝ զուտ ար­­ժա­­­նին։ Դժո­­ւար է հաշ­­տո­­­ւիլ այն հի­­ւան­­դա­­­գին մտայ­­նութեան հետ, թէ հինգ հա­­զարա­­մեայ մշա­­կոյ­­թի տէր ժո­­ղովուրդը կը լքէ իր դա­­րաւոր օր­­րա­­­նը ապ­­րուստի դժո­­ւար պայ­­մաննե­­րու պատ­­ճա­­­ռով։ Բայց չէ՞ որ հա­­զարա­­մեակ ապ­­րած ենք շատ աւե­­լի ծանր ու չար­­քաշ թուրքա­­կան լու­­ծի ներ­­քեւ եւ մնա­­ցած այն հո­­ղին կառ­­չած, որ այ­­լեւս մե­­րը չէր եւ օտար­­նե­­­րը մեզ կը տնօ­­րինէին։ Աննպա­­տակ կը հա­­մարեմ նաեւ անդրա­­դառ­­նալ եօթա­­նասու­­նա­­­մեայ պոլ­­շե­­­ւիկ հա­­մակար­­գին, նոյ­­նիսկ որե­­ւէ գնա­­հատա­­կան տալ, քան­­զի կար­­ծիքնե­­րը շատ են տար­­բեր եւ հա­­կադիր, բայց մէկ բան անժխտե­­լի է, որ հայ­­րե­­­նի բնակ­­չութիւ­­նը ան­­մի­­­ջական ոչնչա­­ցու­­մի վտան­­գին են­­թա­­­կայ չէր, զանց չառ­­նե­­­լով Պա­­քուի եւ Սումկա­­յիթի ջար­­դը, որ եւս Կոր­­պա­­­չովեան ձե­­ռագիր էր։ Եղեռ­­նի տա­­րելի­­ցի առի­­թով յի­­շենք Մեծ Պրի­­թանիոյ վար­­չա­­­պետ Տեյ­­վիդ Լլոյդ Ճոր­­ճի ասոյ­­թը՝ «Եթէ չլի­­նէր մեր չա­­րամիտ մի­­ջամ­­տութիւ­­նը, ապա հա­­յերու բա­­ցար­­ձակ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը կը դրո­­ւէին Ռու­­սիոյ պաշտպա­­նու­­թեան տակ, որ յան­­գե­­­ցու­­ցին հա­­յոց 1915-ի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան։ Ի՞նչ փո­­խուած է այ­­սօր։ Դժո­­ւար է իմա՚ անհնար գնա­­հատել թէ դրա­­կա՞ն, թէ բա­­ցասա­­կան էր մեր երկրի մէջ ան­­կա­­­խու­­թեան հաս­­տա­­­տու­­մը։ Իրաւ է որ, եթէ սկզբնա­­կան խան­­դա­­­վառու­­թիւնը ու ար­­դա­­­րամ­­տութիւ­­նը մնա­­յին ու պահ­­պա­­­նուէին, այդ հար­­ցը տա­­լու կա­­րիք չէր ըլ­­լար։ Քա­­նի որ պե­­տակա­­նու­­թեան շուրջ միաւո­­րուե­­լու փո­­խարէն՝ քա­­ղաքա­­կան եւ քրէական հա­­կումնե­­րով ու­­ժեր գոր­­ծե­­­ցին եւ կը շա­­րու­­նա­­­կեն գոր­­ծել դուրսէն եկած սկզբունքնե­­րով որ աղան­­դա­­­ւորու­­թեան նման էր, որոնց հա­­մար իրա­­կանու­­թիւն դար­­ձած է երկրի եւ հա­­մընդհա­­նու­­րի շա­­հէն վեր դա­­սել անձնա­­կան կամ որե­­ւէ կլա­­նի շա­­հը, բայց կը շա­­րու­­նա­­­կեն փոր­­ձել երկրի փրկչի դե­­րը ստանձնել։ Չեմ հա­­մար­­ձա­­­կիր անոնց կո­­չել կու­­սակցու­­թիւն, քան­­զի այդ բա­­ռին ար­­ժա­­­նի են միայն սկզբունքօ­­րէն սե­­փական երկրի հո­­գերով տա­­ռապող եւ ան­­հանգստա­­ցող­­նե­­­րը, իսկ այլ կերպ գոր­­ծողնե­­րը կը դառ­­նան հա­­սարա­­կու­­թեան տա­­կանք, կամ ստո­­րին խաւ՝ ոչ ար­­ժա­­­նի ու­­շադրու­­թեան։ Գաղտնիք չէ որ ՀՀ-ի- քա­­ղաքա­­կան կար­­ծիքնե­­րը խիստ ծայ­­րա­­­յեղ են, ան­­կախ մարդկանց մտա­­ւոր ու իմա­­ցական պա­­շարին եւ տա­­րածաշրջա­­նին ըն­­թա­­­ցող իրո­­ղու­­թիւննե­­րուն։ Անոնց գե­­րակ­­շիռ հա­­տուա­­ծի հա­­մար փուչ խոս­­տումնե­­րը կա­­րեւոր դար­­ձած են, որոնց մաս կը կազ­­մեն տե­­ղին, թէ՛ ան­­տե­­­ղի բո­­ղոք­­նե­­­րը՝ եր­­բեմն հա­­շուի չառ­­նե­­­լով պե­­տական ու ազ­­գա­­­յին շա­­հը կամ անվտան­­գութիւ­­նը։ Իսկ փո­­խադարձ ատե­­լու­­թիւնը տի­­րակալ է։ Թոյ­­լատրե­­լի է նշել, որ նման­­նե­­­րու մի­­ջոցով կամ մեղ­­սակցու­­թեամբ, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած են ծա­­նօթ ող­­բերգու­­թիւննե­­րը՝ Հոկ­­տեմբեր 27֊ը, նոյն օրը նաեւ հա­­մազօր չա­­րիք՝ կա­­թողի­­կոսի ընտրու­­թիւնը, Մար­­տի 1, Պօ­­ղոս Պօ­­ղոսեանի եղե­­րական սպա­­նու­­թիւնը։ Ի՞նչ կա­­րելի է պա­­հան­­ջել այն հան­­րութե­­նէն, որ լռա­­կեաց հան­­դուրժեց այդ գար­­շանքնե­­րը եւ ներ­­կա­­­յիս որոշ բարձրաս­­տի­­­ճան հո­­գեւո­­րական­­ներ գլխա­­ւորու­­թեամբ եւ հա­­մահունչ իրենց վե­­րադա­­սի հետ, ոչ միայն չեն լռում, այլ ձե­­ւանա­­լով ընդդի­­մադիր գոր­­ծա­­­կից՝ մա­­մու­­լը ողո­­ղել են հայ­­րե­­­նի պե­­տակա­­նու­­թեան դէմ բո­­ղոքի գրու­­թիւննե­­րով, մին­­չեւ իսկ եղեռ­­նի յու­­շարձան այ­­ցը Ապ­­րիլ 24-ին կ՚ընեն առան­­ձին խմբով։ Ող­­բա­­­լի է փաս­­տը եւ ան­­բա­­­րոյ3, բայց այդ է ար­­դի մեր ու­­նե­­­ցածը եւ մեր հա­­սարա­­կու­­թեան վեր­­նա­­­խաւ հա­­մարո­­ւածը։ Երկրի փրկիչ­­նե­­­րը նոր ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն ընտրած են՝ ամէն գնով սադ­­րել իշ­­խա­­­նու­­թեանը սխալ քայ­­լեր ընել եւ են­­թադրեալ զի­­նեալ բա­­խու­­մի պա­­րագա­­յին դռնե­­րը կը բա­­ցուին՝ երա­­զած իշ­­խա­­­նու­­թեան տի­­րանա­­լու։

Ցա­­ւալի է են­­թադրեալ պատ­­կե­­­րը, բայց շատ մօտ է իրա­­կանու­­թեան, քան­­զի ընդդի­­մու­­թիւնը աղ­­մուկ հա­­նելէն զատ դեռ իրա­­կան որե­­ւէ ծրա­­գիր կամ օրա­­կարգ չու­­նի եւ չէ ու­­նա­­­ցած։ Այ­­սուհան­­դերձ վի­­ճակը եղած դրու­­թեամբ անհնար է շա­­րու­­նա­­­կել, եւ ի՞նչ իրա­­կան ու­­ղի­­­ներ գո­­յու­­թիւն ու­­նին իշ­­խա­­­նու­­թիւն-ընդդի­­մու­­թիւն յա­­րաբե­­րու­­թիւնը լուրջ եւ բնա­­կանոն կա­­ղապա­­րի մէջ տե­­ղաւո­­րելու։ Ամէն մէ­­կը իր օրի­­նական պար­­տա­­­կանու­­թեամբ զբա­­ղուե­­լու ի հե­­ճուկս երկրի վե­­րակա­­ռուցման։ Աներկբայ է, որ եթէ դժո­­ւար կա­­ցու­­թեան մէջ ենք վստա­­հաբար սխալ­­ներ եղած են, ոչ թէ սխա­­լուած են շա­­տերը, այլ բո­­լո՛րը։ Մին­­չեւ երբ կրնայ տե­­ւել լպիրշ դի­­մելա­­ձեւը եւ ատե­­լու­­թեամբ յա­­գեցած կե­­ցուած­­քը իրար հան­­դէպ ԱԺ ամ­­պիոնէն, իսկ քա­­ղաքա­­կիրթ դի­­մելա­­ձեւը ար­­գե­­­լուած։ Որ­­քա՞ն ըն­­դունե­­լի է պա­­տերազ­­մի կո­­րուստը մէ­­կի կամ միւ­­սի վզին փա­­թաթել։ Մո­­ռանալ, որ 44 օրեայ տի­­րող պայ­­մաննե­­րուն դի­­մակա­­յել մենք չէինք պատ­­րաստո­­ւել եւ չու­­նէինք յաղ­­թե­­­լու նո­­ւազա­­գոյն հնա­­րաւո­­րու­­թիւն։ Իրա­­կան փաս­­տե­­­րը ան­­տե­­­սելը դեռ փրկու­­թիւն չէ։ Պի­­տի կրկնեմ որ բո­­լորն են մե­­ղաւոր, որ յաղ­­թա­­­կան ըլ­­լա­­­լու պա­­րագա­­յին անհրա­­ժեշտ քայ­­լեր չեն ձեռ­­նարկո­­ւած խա­­ղաղու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար։ Բեր­­ձո­­­րի կա­­ցու­­թեան տէրն ու տի­­րակա­­լը Ալիեւն է եւ քայ­­լեր կ՚ընէ ըստ իր հա­­յեցո­­ղու­­թեան եւ քմա­­հաճոյ­­քին։ Մենք յաղ­­թա­­­կան ըլ­­լա­­­լով նոյն քայ­­լե­­­րը չենք ըրած եւ ստի­­պուած դռներ կը ծե­­ծենք ամէ­­նուր ար­­դա­­­րու­­թիւն մու­­րա­­­լով։ Չեմ կար­­ծեր թէ միաբա­­նու­­թեան մա­­սին դեռ կա­­րելի է խօ­­սիլ, միայն թէ եղած պայ­­թուցիկ մթնո­­լոր­­տը լից­­քա­­­թափե­­լու ժա­­մանա­­կը վա­­ղուց ան­­ցած է։ Խե­­լամիտ, հե­­ռատես ըլ­­լա­­­լու իրա­­ւունքը մեզ եւս տրո­­ւած է եւ այդ իրա­­ւունքէն օգ­­տուելու՝ պար­­տա­­­ւոր ենք։

Ծ.- 1- Ռու­­սա­­­կան մա­­մու­­լի մէջ գրու­­թիւններ կը տա­­րածեն թէ, Կոր­­պա­­­չովը պա­­տանի հա­­սակէն իր կեան­­քի նպա­­տակը հա­­մարած է հա­­րուստ մեծ հօր աք­­սորման վրէ­­ժը լու­­ծե­­­լը, եւ են­­թադրա­­բար գոր­­ծակցած է օտար ծա­­ռայու­­թիւննե­­րու հետ։

2- Իրա­­կանին՝ մեծ ի մա­­սամբ պա­­տահա­­կան մար­­դիկ էին փո­­ղոցէն պե­­տական շրջա­­նակ մտնե­­լու մո­­լուցքով մին­­չեւ իսկ հա­­րուստ քրէական փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ, բա­­ցառու­­թիւննե­­րը յար­­գե­­­լի ըլ­­լա­­­լու սկզբունքով։

3- Հայ­­րե­­­նաբ­­նակնե­­րու մօտ ըն­­դունո­­ւած է ան­­բա­­­րոյ բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծել միայն իգա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու առու­­մով, մինչդեռ այն բազ­­մանշա­­նակ է։ Ըստ վար­­չա­­­պետի եթէ եկե­­ղեցի-կա­­ռավա­­րու­­թիւն յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը լաւ չեն, ու­­րեմն եկե­­ղեց­­ւոյ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը լաւ չեն Աստծոյ հետ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ