Լուսամուտ, որ կը բացուի Արեւելք

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Սփիւռքի հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւնը հայ ժո­­­ղովուրդի պատ­­­մութեան մէջ բազ­­­մա­­­­­­­դան­րեան ան­­­ցեալ ոնի։ Հա­­­յը՝ նոյ­­­նիսկ իր երկրի վրայ ամ­­­բողջա­­­կան գո­­­յու­­­թիւն պա­­­հած տա­­­րինե­­­րուն, զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րու մէջ կազ­­­մած է սփիւռքեան հա­­­մայնքներ։ Յա­­­ճախ առեւտրա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ռամբ գո­­­յացած այդ կեդ­­­րոննե­­­րէ ներս զար­­­գա­­­­­­­ցած է նաեւ հո­­­գեւոր, մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին եւ քա­­­ղաքա­­­կան ապ­­­րումնե­­­րու են­­­թա­­­­­­­հող մը։ Այս հաս­­­տա­­­­­­­տումնե­­­րուն վառ ապա­­­ցոյցն է հա­­­յերէն առա­­­ջին գրատ­­­պութեան՝ «Ուրբաթագիրք»ի Հոլ­­­լանտիոյ, հա­­­յերէն առա­­­ջին պար­­­բե­­­­­­­րակա­­­նի ՝ «Ազ­­­դա­­­­­­­րար»ի Հնդկաս­­­տա­­­­­­­նի Մատ­­­րաս քա­­­ղաքին մէջ լոյս տես­­­նե­­­­­­­լը։

Սա­­­կայն հայ իրո­­­ղու­­­թեան մէջ սփիւռքի հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թեան բնակ­­­չութեան մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը նե­­­րառե­­­լու երե­­­ւոյ­­­թը կա­­­րելի է բա­­­ցատ­­­րել հա­­­յուն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն ար­­­մա­­­­­­­տախիլ ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Ի. դա­­­րու սկիզբին հայ­­­րե­­­­­­­նազրկո­­­ւած հայ մար­­­դը հար­­­կադրո­­­ւեցաւ աշ­­­խարհի տար­­­բեր ծա­­­գերուն նոր ոս­­­տաններ կա­­­ռու­­­ցե­­­­­­­լու։

Աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան բնա­­­կանու­­­թեամբ այդ կա­­­ռոյցնե­­­րը գո­­­յացան եր­­­բեմնի հայ­­­րե­­­­­­­նիքի հա­­­րեւան տա­­­րածքնե­­­րու մէջ։ Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տի աւար­­­տին անոնցմէ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրը ան­­­կախ պե­­­տու­­­թեան մը սահ­­­մաննե­­­րուն մէջ մնա­­­ցին։ Այդպէս ձե­­­ւաւո­­­րուեց Քո­­­պանիի, այլ խօս­­­քով Արաբ­­­փունա­­­րի, Ղա­­­միշ­­­լիի, հետզհե­­­տէ Հա­­­լէպի, Լա­­­թաքիոյ, Քէ­­­սապի, Պէյ­­­րութի, Այնճա­­­րի եւ այլ վայ­­­րե­­­­­­­րու գաղ­­­թօ­­­­­­­ճախ­­­նե­­­­­­­րը։ Նոյ­­­նիսկ կա­­­րելի է գո­­­նէ գաղ­­­թի առա­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն արեւմտա­­­հայու հա­­­մար գաղ­­­թօ­­­­­­­ճախ հա­­­մարել հայ­­­րե­­­­­­­նի հո­­­ղը, Հա­­­յաս­­­տան եր­­­կի­­­­­­­րը։

Ինչ զար­­­մա­­­­­­­նալի է, որ հա­­­յը տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րու հո­­­լովոյ­­­թով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց գաղ­­­թի եր­­­թը դէ­­­պի նոր հո­­­րիզոն­­­ներ։ Այս պա­­­հուն այդ նոր հո­­­րիզոն­­­նե­­­­­­­րը սկսած են սփիւռքի խորհրդան­­­շա­­­­­­­նը դառ­­­նալ գո­­­նէ որոշ զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը հա­­­մար, որ կը ձե­­­ւաւո­­­րէ նաեւ հան­­­րա­­­­­­­յին կար­­­ծի­­­­­­­քը։ Այդ զան­­­գո­­­­­­­ւածը սփիւռք բա­­­ռը նշե­­­լով իս­­­կոյն կը մտա­­­բերէ Կլեն­­­տէյլ, Լոս Ան­­­ճէ­­­­­­­լըս եւ հա­­­զիւ թէ Փա­­­րիզ։ Իր պատ­­­կե­­­­­­­րացու­­­մը չըն­­­կա­­­­­­­լէր աւե­­­լին։

Երի­­­տասարդ սե­­­րունդի ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր մտա­­­ւորա­­­կան­­­նե­­­­­­­րէն Տիգ­­­րան Եկա­­­ւեան ահա այդ թե­­­րացու­­­մը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով իր նոր ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը ըն­­­թերցո­­­ղին կը մա­­­տու­­­ցէ «Արե­­­ւել­­­քի Փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւններ, պատ­­­մութեան կող­­­մից մո­­­ռացո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը» խո­­­րագ­­­րով։

Եկա­­­ւեանի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը նիւթ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ Մի­­­ջին Արե­­­ւել­­­քի զա­­­նազան եր­­­կիրնե­­­րէ ներս փոք­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րուն դէմ առ դէմ եկած մար­­­տահրա­­­ւէր­­­նե­­­­­­­րը։ Ան իր պա­­­տու­­­մին կը սկսի Արա­­­բական Գա­­­րուն կո­­­չու­­­մով նշո­­­ւած դէպ­­­քե­­­­­­­րու մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թեամբ, բայց պա­­­տումնե­­­րը յա­­­ճախ զինք կ՚ուղղոր­­­դեն դէ­­­պի աւե­­­լի հին շրջան­­­ներ։ Վեր­­­ջին հա­­­շուով ըն­­­թերցո­­­ղի հա­­­մար նոր տես­­­լա­­­­­­­դաշտ մը պար­­­զող գիր­­­քը ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն բնագ­­­րէն թարգմա­­­նած է Գրի­­­գոր Ճա­­­նիկեան։

Երե­­­ւանի «Աղէտ» մա­­­տենա­­­շարը, որ ծա­­­նօթ է նա­­­խապէս Ահ­­­մետ Ին­­­սել, Ճեն­­­կիզ Աք­­­թար, Փը­­­նար Սե­­­լեքի նման հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րու թարգմա­­­նու­­­թիւննե­­­րու հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնով, այս նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նով նոր հո­­­րիզոն մը եւս կը բա­­­նայ հայ ըն­­­թերցո­­­ղին դի­­մաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ