Երէկ խօսեր էինք այսօրուան մասին, - նկատի ունիմ ո՛չ թէ այն 24 ժամը, որ սահմանուած է վաղուան եւ երէկուան միջեւ, այլ՝ «այսօր» բառը։ Մենք ափսոսած էինք, թէ յիշելով երէկը եւ մտահոգուելով վաղուանով՝ յաճախ կ’անտեսէինք այսօրը։ Նախորդ յօդուածի մէջ մենք նաեւ կարդացեր էինք հայկական միջնադարեան գրականութեան «այսօր»ները։ Ցնծութիւն էր տեսնել, թէ հայկական հեռաւոր անցեալի այսօրները կը շարունակէին մնալ թարմ եւ լուսաւոր։ Մովսէս Խորենացիի հեղինակած «Այսօր ցնծան երկինք» աղօթքէն մինչեւ Գուսան Շահէնի «Այսօր ես իմ եարին տեսայ» երգը, անցեալի բոլոր այսօրները կ’ապրին մեզի հետ։ Ուստի, եկէք այսօր յիշէնք Քոսա Երէց Բասենցիի խրատը, «Այսօր հուր եմ, վաղը կ’էրթամ», այսօրուան գործը չձգենք վաղուան, գրենք հայոց մերձաւոր ժամանակներու գրական «այսօր»ները, եւ իր աւարտին հասցնենք այս պատմավէպը։
Այսօրը թուղթի վրայ
Հայկական գրատպութիւնը յաւերժական ականատեսն է հայկական անցեալի կենցաղին եւ բարքերուն։ «Այսօր» բառը, սակայն, ցաւօք սրտի, շատ ուշ՝ 20-րդ դարուն տեսնուեցաւ հայկական գիրքի վրայ որպէս անուն, եթէ նկատի չառնենք 1880-ին Պոլսոյ մէջ Յակոբ Թագւորեանի հրատարակած «Խորհրդատետր այսօր անճառի» գիրքը եւ 1889-ին նոյն քաղաքի մէջ լոյս տեսած Յակոբոսի «Այսօր»ը» բարոյախօսական պրակը, որ բաղկացած է լոկ 11 էջերէ։
20-րդ դարու գիրքերը ժամանակակից կեանքի հայելին էին։ Հայկական քաղաքական եւ մշակութային կեանքի բոլոր անցուդարձերը կը յայտնուէին նորատիպ գիրքերու վրայ։ Արշակ Չոպանեանը անդրադարձաւ գրականութեան պատմութեան. «Մեր գրականութիւնը ։ Մեր ազգային մշակոյթին երէկն, այսօրն ու վաղը», Փարիզ, 1926։ Հրաչ Երուանդը քաղաքական կեանքի մէկ երեւոյթը արձանագրեց. «Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն ։ Իր այսօրը եւ վաղը», Պոսթըն, 1927։ Ապա լոյս տեսան բազմաթիւ այլ գիրքեր, որոնք ունէին գրաւիչ անուններ. «Հայ քաղաքական մտքի ուղղութիւնը երէկ եւ այսօր», Գահիրէ, 1933, «Նոյեմբեր 29 ։ Հայաստանի երէկն ու այսօրը», Պէյրութ, 1937, «Սփիւռքը այսօր», Պէյրութ, 1972, «Հայկական խոհանոց երէկ եւ այսօր»։ 130 գունաւոր նկար, 458 բաղադրատոմսեր, Երեւան, 2012, եւ վերջապէս՝ Պոլսոյ մէջ Կեդրոնական Վարժարանը անդրադարձաւ հայկական դպրութեան պատմութեան. «Հայ դպրոցը անցեալէն դէպի այսօր», Պոլիս, 2017։
Այսօր տուն չես գար
Դանիէլ Վարուժանը «այսօր» բառի իսկական երկրպագու մըն էր։ Ան քանի՜ սիրային եւ հայրենասիրական քերթուած գրեց այսօրը ապրելու տենչով։ Հակառակ իր բացակայութեան, Վարուժանը իր գրած բանաստեղծութիւններու մէջէն մինչեւ այսօր կ՚աղօթէ ցորենի համար, սիրոյ համար, յաղթանակի համար… Ահա քանի մը մրմունջ. «Այսօր երկու հազար մշակ կը հնձեն ցորե՚նը եւ գարին», Հունձք, «Մշա՚կ, ցանէ՜… Աղքատ մ’այսօր ճրագին մէջ տաճարին Վաղուան հունձքիդ համար վերջին ձէթը դրաւ», Ցան, «Այսօր, աւա՜ղ, սուգ ու արիւն կը բըխէ», Հայրենիքի ոգին, «Այսօր մեր սեւ հողին վրայ / Սա մորթուած Արշալոյսները լացէ՜ք», Ջարդը, «Այսօր կ’ուզեմ կուրծքիդ վրայ գինովնալ / Ինչպէս զինուոր մը արբուն. / Այսօր կ’ուզեմ դահլիճին մէջ ծաղրուած / Սէրս առջեւդ պղծել», Օ՜ Տալիթա։ Իսկ Դերենիկի, դրացի սրիկային նետած քարով գլուխը պատռած պատանեակի մայրը ի՞նչ ըսաւ երբ տղան տուն մտաւ ահով, մօրը թեւերուն մէջ ապաստան գտնելու. «Դո՜ւրս … մինչեւ որ յաղթած՝ Արիւններդ անոր արեամբ չմաքրին՝ Այսօր տուն չես գար»։
Այսօրուայ իմաստութիւնը
Յովհաննէս Թումանեան, թէ որպէս բանաստեղծ եւ թէ՝ որպէս իմաստասէր, եթէ այսօր կենդանի ըլլար պիտի շարունակէր «մարդ» փնտռել։ Ապարդիւն։ Իր հիասթափութիւնը կարդանք 16 Յունուար 1917 թուականին ստորագրած քառեակին մէջ. «Մինչեւ էսօր իմ օրում / Մարդ չեմ տեսել ես շորում. / Մարդը մերկ է ու անինչ, / Սիրտ ունի լոկ իր փորում»։ Աշուղ Ջիւանին «Եղածն եղել է» երգի մէջ բոլորիս խրատեց, թէ անցեալի ցաւերով չտրտմինք. «Անցած բանի համար ցաւելն ի զուր է, / Օգուտ չի տալ քեզի, եղածն եղել է, / Երէկը որքան որ անցրիր պայծառ, / Չէ արժել մէկ այսօր, լինիս էլ թշուառ»։
«Հրաշքով դու այսօր եկ»
Գուսան Հաւասին օր մը արթնցաւ, պղտոր էր սիրտը, զամբիւղ մը խնձոր ստացաւ իր գեղեցիկ դրացուհիէն, ուրախացաւ եւ «Ընծայ խնձոր» յայտնի երգը գրեց . «Գարնան պղտոր գետի նման, / Խիստ եղած էր սիրտս այսօր…, / Եարի ղրկած ընծայ խնձոր, / Մահլամ դրի վէրքերիս խոր»։ Կոմիտաս վարդապետի գրառած, Խաչատուր Աւետիսեանի մշակած հայկական ժողովրդական «Էսօր շաբաթ էղնիր» երգը, որ տարածուած է Կիւմրի քաղաքի մէջ, կը խօսի քնարական այսօրի մը մասին. «Էսօր շաբաթ էղնիր, էգուան կիրակի, / Եարս դռնէն անցնիր, էրթար կրակի»։ Իսկ Վահան Տէրեանը, մեր թախծոտ եւ անլոյս տրամադրութիւններու բանաստեղծը, որ ունէր հիւանդ եւ անզօր սիրտ՝ «Աշնան առաւօտի երգը» քերթուածի մէջ սպասեց իր արշալոյսին. «Այնպէս անլոյս է այսօր / Առաւօտս լուսացել,— / Հրաշքով դու այսօր եկ, / Ժպտա՛, որպէս արշալոյս»։
Այսօրուայ վերջին լուրերը
Ինչպէ՞ս անցաւ ձեր այսօրը։ Մէկը երգե՞ց «Տարեդա՜րձ է այսօր…»։ Իսկ հայրենիքի մէջ, յարգելի ընթերցող, եթէ ժամանակ չունեցաք այսօրուան լուրերը լսելու, ձեզի ըսեմ, սովորական օր էր. «Արցախից եւս 14 բուժառու այսօր տեղափոխուել է Հայաստան», «Վաշինգտոնում այսօր կը հանդիպեն Միրզոյեանն ու Պայրամովը», «Կապանի Սիւնիք օդանաւակայանում վայրէջք կատարեց փորձնական թռիչք իրականացնող օդանաւը»։ Իսկ տանտիկին մը զաւակները դպրոց ուղարկեց, ամանները լուաց, տունը մաքրեց, ապա դիտեց խոհարարի մը պատրաստած ամենօրեայ յայտագիը. «Ի՞նչ եփել այսօր»։
Էսօր ուրբաթ է
Յարգելի ընթերցող, այսօր ձեզի հրաժեշտ կը փափաքիմ տալ ցնծուն երգով մը, որպէսզի ամէն օր ուրախ «այսօրներ» ունենաք.
Էսօր ուրբաթ է, պաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ հէ ջան,
Սրտիկ արծաթէ թաս է,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ հէ ջան,
Սրտիկ մալուլ մի մնայ,
Դէ, հեէ, զնգը, զնգը, դէ հէ ջան,
Աշխարհ մարդու չի մնայ,
Դէ, հէ, զնգը, զնգը, դէ հէ ջան։