25Ապրիլի առաւօտը եթէ ոչ անսպասելի, բայց գոնէ անակնկալ զարգացում մըն էր Տիյարպէքիրը կեդրոն ունենալով 21 քաղաքներէ ներս գործադրուած բերման ենթարկելու մասին լրատուութիւնը։ Արդարեւ լրահոսը կը պարզէր թէ առաւօտուայ կանուխ ժամերէն սկսեալ աւելի քան 110 քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ, փաստաբաններ եւ արուեստագէտներ բերման ենթարկուած են։ Ժամերու տեւողութեամբ բերման ենթարկուածներուն թիւը գերազանցեց 150-ը եւ կը պնդուէր թէ ոստիկաններու ձեռքին կայ 200-է աւելի անուններ պարունակող ցանկ մը։ Մեկնաբաններ կատարուածը վերագրեցին ընտրութիւններու ընդառաջ ընդդիմադիր շարքերուն ջանքերը խափանելու ծրագրի մը։ Արդարեւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան շարքերէն կատարուած յայտարարութիններուն մէջ կը շեշտուէր թէ նման քայլերով ստուերի տակ կը մնայ ընտրութեան արդարութիւնը։ Տիյարպեքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախկին նախագահը եւս կը բաժնէր նոյն կարծիքը, դիտել տալով որ բերման ենթարկուած փաստաբանները ընդհանրապէս պաշտօն ստանձնած էին ընտրուոթեան օր ընտրամասերէ ներս զեղծարարութիւններու դէմ հսկիչի պարտականութիւնով։
Ոստիկաններ բերման ենթարկելու պահուն ի պահ կը դնէին նաեւ փաստաբաններու համակարգիչները, բջջային հեռախօսները եւ իրենց հետապնդած դատավարութիւններու մասին թղթածրարները։ Իշխանամէտ մամուլը կատարուածը կը ներկայացնէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանակներուն մէջ եւ առգրաւուած թղթածրարներն ալ կը ներկայացնէ իբրեւ փաստաթուղթ։
Հետաքրքրական է որ այս զանգուածային ձերբակալութիւններու դիմաց ընդդիմադիր այլ շրջանակներ ոչ միայն չեն հակազդեր այլ լռութիւն կը պահեն։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Համանախագահ Միթհատ Սանճար նոյն օր մասնակցած հեռուստահաղորդումի մը ընթացքին ըսած էր թէ յոյս ունի որ նախագահութեան թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլու կատարուածին դէմ բողոք պիտի ներկայացնէ։