2010-2019 թուականներու միջեւ Իսթանպուլի գլխաւոր հրապարակներու մէջ կատարուած էր 24 Ապրիլի զոհերու յիշատակման միջոցառում։ 2020 եւ 2021 թուականներուն, համավարակի պատճառաւ յիշատակման հանդէսները կատարուեցան առցանց դրութեամբ։ 2022-ին երբ վերացած էր համաճարակի պարտադրած կանխամիջոցները, Ապրիլի 24-ի ոգեկոչման հարթակը Իսթանպուլի Կուսակալութեան դիմում կատարեց միջոցառումը Պէշիկթաշ, Պարպարոսի անուան հրապարակին վրայ անցկացնելու համար։ Կուսակալութիւնը մերժեց այս դիմումը, առանց յստակ պատճառաբանութեան եւ գոհացաւ «Յարմար չէ գտնուած» ըսելով։
Հարթակը այս տարի եւս դիմած է Իսթանպուլի Կուսակալութեան՝ Ապրիլի 24-ին, երկուշաբթի ժամը 19.15-ին Գատըգիւղ Սիւրէյյա օփերայի դիմաց ոգեկոչում կազմակերպելու համար։
Սակայն Իսթանպուլի Կուսակալութիւնը արգիլած է ոգեկոչման արարողութիւնը դարձեալ նախորդ տարուայ նման առանց պատճառաբանութեան եւ լոկ «Յարմար չէ գտնուած» ըսելով։
Հարթակը այս որոշումէն ետք կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնները.
«Ոչ մի ողջամիտ հիմնաւորում չկայ այս տարի մեր ոգեկոչումը արգիլելու համար, ինչպէս անցեալ տարի էր։
Մինչ ցեղապաշտական ժողովները ու ցոյցերը կ՚ընեն ազատօրէն, անընդունելի է արգիլել այս միջոցառումը, որուն մենք յարգանքով եւ հանգստութեամբ կը ոգեկոչենք անոնց, որ կորսնցուցած ենք 1915 թիւին։
Մեր ոգեկոչման միջոցառումը արգիլելով՝ Կուսակալութիւնը յստակ ցոյց տուաւ, որ դէմ է ժողովրդավարացման զարգացման։ Կոչ կ՚ընենք Կուսակալութեան հրաժարիլ այս որոշումէն»։
Միւս կողմէ, Մարդու Իրաւունքներու Միութեան (İHD) ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնախումբը ոգեկոչման ծրագիրի ծիրէն ներս երկուշաբթի, Ապրիլ 24-ին, ժամը 12։00-ին, Թաքսիմի İHD-ի գլխաւոր գրասենեակին առջեւ մամլոյ յայտարարութիւն պիտի կատարէր, որ այս ալ արգիլուեցաւ կուսակալութեան կողմէ։ Մարդու Իրաունքներու Միութիւնը այս արգելքէն ետք ստիպուեցաւ յայտարարութիւնը կատարել իր գրասենեակին մէջ։
Արգելքները սահմանուած չէին Իսթանպուլով։ Արգարայի մէջ Ժողովրդավարական Համագումարի նախաձեռնութեամբ կայանալիք ասուլիսն ալ վերջին պահուն արգիլուեցաւ Անգարայի կուսակալութգեան կողմէ նոյն «Յարմար չէ գտնուած» նախադասութիւնով։
Դարձեալ մայրաքաղաքի մէջ այս անգամ Անգարայի Միտքի Ազատութեան Հարթակի նախաձեռնութեամբ կայացաւ ասուլիս մը, որ ի դէմ կատարուած յայտարարութեան, գործադրուեցաւ առցանց դրութեամբ։ Թէեւ ասուլիսի մասնակիցներու կարեւոր մէկ մասը արդէն հեռավար կապով պիտի միանային դահլիճին, բայց Կուսակալութեան արգիլող մերձեցման դէմ որոշուեցաւ բոլոր միջոցառումը առցանց կատարել։ Այս ժողովի խորագիրն էր «Անգաարայի Հայերը» եւ ատենախօսներն էին «Ակօս»ի անձնակազմէն Փրոֆ. Պասքըն Օրան, Բագրատ Էսդուգեան,, հասարակական գործիչ Մահմուտ Քոնուք, եւ Թուրքիայէ դուրս բնակութիւն հաստատած պատմաբան Սեւան Նշանեան, Փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Հետազօտիչ Յովսէփ Հայրենի։
Նաեւ իրականացաւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հետզհետէ աւանդութիւն դարձած 23 Ապրիլեան մամլոյ յայտարարութիւնը, որ կը կայանայ Իսթանպուլի Մեթրօպոլիթենի Օսմանպէյի կանգառի մուտքին։
Միջոցառումներու շարքը կը շարունակուի յառաջիկայ օրերուն եւս, Իսթանպուլի տարբեր թաղերու մէջ դահլիճային հաւաքոյթներու ձեւաչափով։