Յիշատակում՝ հայր եւ որդի Պալըքճըներու

24Ապ­րիլ 2011-ին զի­նու­րա­կան պար­տա­դիր ծա­ռայու­թեան ըն­թացքին իր ծա­ռայած զօ­րամա­սի մէջ ատե­լու­թեան ոճի­րի մը զո­հը դար­ձած էր շար­քա­յին զին­ծա­ռայող Սե­ւակ Պա­լըք­ճը։ Ոճի­րէն ետք կա­յացած դա­տավա­րու­թեան աւար­տին ինք եւս շար­քա­յին զի­նուոր Քը­վանչ Աղաօղ­լու 16 տա­րի եւ 8 ամիս բան­տարկու­թեան դա­տապար­տո­ւած էր։

Սե­ւակ Պա­լըք­ճըի հայ­րը Կա­րապետ Պա­լըք­ճը ան­ցեալ տա­րի նոյն 24 Ապ­րիլ թո­ւակա­նին երբ կը պատ­րաստո­ւէր որդւոյն տա­րելի­ցին մաս­նակցե­լու, յան­կարծա­մահ եղաւ իր բնա­կարա­նին մէջ։

23 Ապ­րիլ կի­րակի օր Շիշ­լիի հա­յոց գե­րեզ­մա­նատան մէջ հո­գեհանգստեան յա­տուկ արա­րողու­թիւն կա­տարո­ւեցաւ տա­րաբախտ հայր ու որ­դիի հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար։

Տէր Նա­թան Քհնյ. Արա­պեանի աղօթքնե­րէն ետք Նոր Զար­թօնք երի­տարա­դական հար­թակն ալ մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարեց ող­բա­ցեալ­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն վրայ։ Գե­րեզ­մա­նատան մէջ կա­տարո­ւած հո­գեհանգստեան եւ յի­շատակ­ման արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թեան պատ­գա­մաւոր Ահ­մետ Շըք, Նոր Զար­թօնք հար­թա­կի երի­տասարդ­ներ, Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չա­կազ­մը եւ Պա­լըք­ճը ըն­տա­նին մեր­ձա­ւոր­նե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ