Նախագահ Էրտօղանի 24 Ապրիլի Պատգամը

Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ,

Թանկագին անդամներ Հայ համայնքի

Թանկագին հայրենակիցներս,

Կ’ողջունեմ ձեզ սրտագին զգացումներով ու սիրով։

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց կեանքերը կորուսած Օսմանեան Հայերը յարգանքով կը յիշատակեմ, իրենց թոռներուն ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ։

Այս առթիւ, թէ՛ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ապրուած բաղխումներու, յարուցուած ապստամպութեանց եւ թէ հրօսախմբային եւ ահաբեկչական շարժումներու պատճառաւ մահացած Օսմանեան հայրենակիցներու համար Աստուծմէ ողորմութիւն կը հայցեմ։

Դարուս աղէտը նկատուած 6 Փետրուարի երկրաշարժերուն՝ անգամ մը եւս ականատես եղանք, թէ մենք որպէս 85 միլիոն ժողովուրդ, նոյն դրօշին հովանիին ներքեւ խաղաղութիւն գտած, նոյն հայրենի հողին բաժնեկից, անցեալն ու ներկան մէկ, ճակատագրակից անհատներ ենք։

Որքան որ ալ տխուր ըլլան անցեալին ապրուած դէպքերը, պէտք չէ արտօնենք, որ անոնք գերեվարեն մեր ներկան ու ապագան։

Կը հաւատանք, որ փոխանակ ցաւերը մրցակցութեան նիւթ դարձնելու, յանուն մեր ապագաներուն, զանոնք բաժնելով ամոքելը լաւագոյն ուղին է։

Այս հասկացողութեամբ, վերջին քսան տարիներու ընթացքին, մեր առած քայլերով կ’աշխատինք զօրացնել մեր ներքին խաղաղութիւնը, ամրացնել՝ մեր միութիւնն ու միասնականութինը, ընդարձակել՝ մեր բոլոր հայրենակիցներուն իրաւունքի եւ ազատութեան սահմանները։

Կը ջանանք հաստատել մթնոլորտ մը, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ոչ ոք լուսանցքայնացուի, ոչ ոք իր հաւատքին ու ազգային պատկանելիութեան ինքնութեան պատճառաւ մերժման ենթարկուի, ընդհակառակը՝ բոլորը շրջապատուին եւ իրար գիրկընդխառնուին։

Հակառակ պատմութիւնը քաղաքականացնելու աշխատանքներուն՝ յառաջիկայ շրջանին եւս մեր այլազանութիւնները որպէս հարստութիւն ընկալելով, պիտի շարունակենք աշխատիլ, հասնելու՝ բարեկամութեան եւ խաղաղութեան։

Մեր երկրի մշակութային, գեղարուեստի, քաղաքականութեան, տնտեսութեան, ուսումնական, ընկերային կեանքի բնագաւառներուն մէջ անփոխարինելի ներդրումներ ունեցող մեր հայ հայրենակիցներուն ամէն մարզի մէջ տէր կանգնիլ, իրենց իրաւունքներն ու ազատութիւնները պաշտպանել պիտի շարունակենք։

Սրտանց կը հաւատամ, որ մեր Հայ համայնքի թանկագին անդամները եւս պիտի զօրակցին մեր այս ջանքերուն։

Այս խոհերով Կայսրութեան լուծման ընթացքին յաւիտենականութեան անցած Օսմանեան հայրենակիցները անգամ մը եւս յարգանքով կը յիշատակեմ։

Ռէճէփ Թայյիպ Էրտօղան

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ