Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ուղերձը

Սիրե­լի բա­րեպաշտ ժո­ղովուրդ,

Հա­րիւր եւ աւե­լի տա­րիներ առաջ մէկ եւ կէս մի­լիոն հա­յոր­դիք իրենց կեան­քի գնով վկա­յեցին հա­ւատար­մութիւ­նը աստվա­ծաշ­նորհ մեր հայ­րե­նիքին ու հա­ւատ­քին՝ մեր­ժե­լով ու­րա­ցու­թիւնը ու ու­ծա­ցու­մը։ Անոնք կեն­դա­նի պա­հեցին իրենց հա­ւատն ու յոյ­սը մեր ժո­ղովրդի վե­րածննդի հան­դէպ։ Ծի­ծեռ­նա­կաբեր­դի յու­շա­համա­լիրը կը խորհրդան­շէ այդ վե­րած­նունդը, որ իրա­կանու­թիւն դար­ձաւ հայ­րե­նիքի մի փոքր հա­տուա­ծին ան­կախ պե­տակա­նու­թեան վե­րակեր­տումով, ինչպէս եւ աշ­խարհի տար­բեր երկրնե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկո­ւած հա­յոր­դեաց նոր կեան­քի վե­րըն­ձիւղու­մով։

Այ­սօր Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ ի սփիւռս աշ­խարհի, ազ­գո­վի հա­մախմբո­ւած եկե­ղեցի­ներուն, յու­շա­կոթող­նե­րուն առ­ջեւ, աղօթք կը բարձրաց­նենք առ Աս­տո­ւած՝ խնդրե­լով Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սուրբ նա­հատակ­նե­րու բա­րեխօ­սու­թիւնը, որ­պէսզի միաբան ու աննկուն կամ­քով կա­րողա­նանք դի­մագ­րա­ւել ար­հա­ւիրքնե­րուն ու սպառ­նա­լիք­նե­րուն, պայ­քա­րել հա­յոց ար­դար դա­տի յաղ­թա­նակի հա­մար եւ նպաս­տել մեր ժո­ղովրդի կեան­քին ու աշ­խարհին ցե­ղաս­պան եղեռ­նա­գոր­ծութիւննե­րու ու ոճիր­նե­րու կանխմա­նը։

Թող Երկնա­ւոր Տէ­րը խա­ղաղու­թիւն ու բա­րօրու­թիւն պար­գե­ւէ Հա­յաս­տան ու Ար­ցախ մեր հայ­րե­նիքին եւ թող յա­րու­ցեալ մեր Տի­րոջ՝ Յի­սուս Քրիս­տո­սի երկնա­յին շնորհնե­րը եւ սէ­րը բաշ­խո­ւին հա­մայն մեր ժո­ղովրդին ու ողջ մարդկու­թեանը այ­սօր եւ միշտ. Ամէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ