Պաքու քայլ առ քայլ կը ոտնակոխէ եռակողմ համաձայնութիւնը

23Ապրի­լին, Ատրպէյ­ճա­նի բա­նակը փա­կեց Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խին կա­պող Հա­կարիի կա­մուրջը, որ Բեր­ձո­րի մի­ջանցքին՝ ռուս խա­ղաղա­պահ­նե­րու վե­րահսկո­ղու­թեան գօ­տիին մէջ է։ Պա­քու յայ­տա­րարեց, որ իրենք տե­ղադ­րե­ցին նոր ան­ցա­կէտ մը, որուն մա­սին տե­ղեկա­ցու­ցին ռուս խա­ղաղա­պահ­նե­րու հրա­մանա­տարու­թիւնը եւ ռուս-թրքա­կան հսկո­ղու­թեան կեդ­րո­նը։

24 Ապ­րի­լին, Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թիւնը յայ­տա­րարեց, որ այս հար­ցով պի­տի դի­մէ ՄԱԿ-ի Ար­դա­րադա­տու­թեան դա­տարա­նին։ Այս մա­սին «Ազա­տու­թիւն»ին յայտնեց Մի­ջազ­գա­յին իրա­ւական հար­ցե­րու Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յացու­ցի­չի գրա­սենեակը՝ առանց յա­ւելեալ ման­րա­մաս­նութիւններ տա­լու։ «Ան­ցա­կէտ տե­ղադ­րե­լու Ատրպէյ­ճա­նի քայ­լը չի կա­րելի հա­մարել հեր­թա­կան սադ­րանք, այն իրա­պէս Նո­յեմ­բե­րի 9-ի եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան հիմ­նա­րար դրոյթնե­րից մէ­կի աղա­ղակող խախ­տում է», յայ­տա­րարեց պաշ­տօ­նական Երե­ւանը։

Այս քայ­լը, ըստ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան, կը մի­տի Ար­ցա­խի մէջ ցե­ղային զտումներ իրա­կանաց­նել եւ Ար­ցա­խը ամ­բողջու­թեամբ հա­յաթա­փելու ատրպէյ­ճա­նական քա­ղաքա­կանու­թիւնը իրա­կանաց­նել։ «Նա­խորդ տա­րուայ Դեկ­տեմբե­րի 12-ից շին­ծու բնա­պահ­պա­նական պատ­րո­ւակ­նե­րով Լա­չինի մի­ջանցքի շա­րու­նա­կական ապօ­րինի ար­գե­լափա­կու­մը եւ այ­սօր ար­դէն ակնյայտ կեղծ եւ ան­հիմն պատ­րո­ւակ­նե­րով ան­ցա­կէտի տե­ղադ­րումը հէնց այս ծրագ­րուած քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւո­ղական իրա­կանաց­ման հեր­թա­կան քայ­լերն են», կը յայտնէ նա­խարա­րու­թիւնը։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը՝ իբ­րեւ 9 Նո­յեմե­րի եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան ստո­րագ­րող կողմ, անըն­դունե­լի կը նկա­տէ եւ խստօ­րէն կը դա­տապար­տէ Ատրպէյ­ճա­նի՝ Լա­չինի մի­ջանցքին մէջ ապօ­րինի ան­ցա­կէտ տե­ղադ­րե­լու քայ­լը։ «Այն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մից մինչ այդ իրա­կանա­ցուած նմա­նօրի­նակ գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը՝ զու­գորդո­ւած չդա­դարող հա­յատեաց ու սպառ­նա­լից հռե­տորա­բանու­թեամբ, մի­տուած են տա­պալե­լու Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րի կար­գա­ւոր­ման փաս­տաթղթի շուրջ բա­նակ­ցութիւննե­րը», կը շեշ­տէ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը՝ կոչ ուղղե­լով Ռու­սիոյ, վեր­ջա­պէս կա­տարե­լու եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան 6-րդ կէ­տով ստանձնած իր պար­տա­ւորու­թիւնը՝ վե­րաց­նե­լով մի­ջանցքի ապօ­րինի փա­կու­մը եւ ապա­հովե­լով Ատրպէյ­ճա­նի ու­ժե­րու դուրսբե­րու­մը Լա­չինի մի­ջանցքի ամ­բողջ ապա­հովա­կան գօ­տիէն, իսկ մի­ջազ­գա­յին ապա­հովա­կան յանձնա­րարու­թեամբ օժ­տո­ւած ՄԱԿ-ի ան­դամ պե­տու­թիւննե­րուն՝ յստա­կօրէն ար­ձա­նագ­րե­լու Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ տա­րածաշրջա­նային ապա­հովու­թիւնը խարխլող գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն եւ գոր­ծօն քայ­լե­րու ձեռ­նարկե­լու մի­ջազ­գա­յին բարձրա­գոյն դա­տական ատեանի վճի­ռի ան­վե­րապահ կա­տար­ման ուղղու­թեամբ։

Պաշ­տօ­նական Պա­քու անըն­դունե­լի նկա­տեց Երե­ւանի այս գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը եւ կտրա­կանա­պէս մեր­ժեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան յայ­տա­րարու­թիւնը, որ Ատրպէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան հրա­պարա­կած յայ­տա­րարու­թեամբ նկա­տուե­ցաւ «Ատրպէյ­ճա­նի Ներ­քին Գոր­ծե­րուն մի­ջամ­տե­լու հեր­թա­կան փորձ»։

Ստե­փանա­կերտ իր յայ­տա­րարու­թեամբ կ՚ակնկա­լէ, որ թէ՛ մի­ջազ­գա­յին հան­րութիւ­նը, թէ ալ Եռա­կողմ յայ­տա­րարու­թեան կող­մե­րը, առա­ջին հեր­թին, յայ­տա­րարու­թեան իրա­կանաց­ման երաշ­խա­ւոր հան­դի­սացող Ռու­սիան միան­շա­նակ եւ հա­մար­ժէք ար­ձա­գան­գէ եւ գոր­ծօն քայ­լե­րու դի­մէ այս գծով եւ երաշ­խա­ւորէ Ար­ցա­խի ժո­ղովուրդին ֆի­զիքա­կան ապա­հովու­թիւնը։ «Ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կում ՄԱԿ-ի Անվտան­գութեան խորհրդի կող­մից Ադրբե­ջանի ցե­ղաս­պան քա­ղաքա­կանու­թեան կան­խարգել­ման ուղղու­թեամբ վճռա­կան քայ­լե­րի իրա­կանա­ցու­մը հրա­մայա­կան է«, կը շեշ­տէ նա­խարա­րու­թիւնը՝ պա­հան­ջե­լով. ՄԱԿ-ի ԱԽ ան­դամ պե­տու­թիւննե­րից իրա­կանաց­նել ՄԱԿ-ի կա­նոնադ­րութեամբ եւ մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքով ստանձնած իրենց պար­տա­ւորու­թիւննե­րը եւ վերջ դնել Ար­ցա­խի էթ­նիկ զտման եւ նրա ժո­ղովրդին ոչնչաց­նե­լու Ատրպէյ­ճա­նի յան­ցա­ւոր քա­ղաքա­կանու­թեանը։

Ար­ցա­խի պե­տական նա­խարար Գուրգէն Ներ­սի­սեան յայտնեց, որ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ յա­ւելեալ սահ­մա­նափա­կումնե­րը պատ­ճառ դար­ձած են նոյ­նիսկ նո­ւազա­գոյն ծա­ւալի կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող ապ­րանքնե­րու նե­րած­ման ան­կա­րելիու­թեան։ Ան ընդգծեց, որ ստեղ­ծուած իրա­վիճա­կէն մեկ­նած՝ ար­դէն բո­լորովին խա­փանո­ւած է մար­դա­սիրա­կան բեռ­նե­րու եւ վա­ռելի­քի նե­րածու­մը, ինչ որ յա­ւելեալ դժո­ւարու­թիւններ եւ սահ­մա­նափա­կու­թիւններ յա­ռաջա­ցու­ցած է բնակ­չութեան կա­րիք­նե­րու բա­ւարար­ման առու­մով։

Աւե­լի ուշ Ար­ցա­խի տե­ղեկա­տուա­կան շտա­պը յայ­տա­րարեց, որ Ար­ցա­խի կա­ռավա­րու­թեան եւ Ռու­սիոյ խա­ղաղա­պահ զօ­րակազ­մի ջան­քե­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք՝ 25 Ապ­րի­լին կա­րելի եղած է որոշ չա­փով վե­րականգնել վեր­ջին օրե­րուն խա­փանուած մար­դա­սիրա­կան բեռ­նե­րու Հա­յաս­տա­նէն նե­րածու­մը։

Ատրպէյ­ճա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը կը մե­ղադ­րէ հայ­կա­կան կող­մը՝ Լա­չինի ճամ­բան անօ­րինա­կան կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լուն մէջ, եւ կը շա­րու­նա­կէ պնդել, որ անի­կա կը գոր­ծա­ծուի «զէն­քի եւ զի­նամ­թերքի տե­ղափոխ­ման, բնա­կան եւ մշա­կու­թա­յին պա­շար­նե­րու ապօ­րինի ար­տածման եւ ական­նե­րու տե­ղադրման հա­մար»։

Միւս կող­մէ Ռու­սիա մտա­հոգու­թիւն յայտնեց Լա­չինի մի­ջանցքին վրայ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նու­ժի տե­ղադ­րած ան­ցա­կէտին հար­ցով։

Ռու­սիոյ նա­խագա­հի բան­բեր Տմիթ­րի Փես­քով յայտնեց, որ Նո­յեմ­բեր 2020-ի Ատրպէյ­ճա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սիոյ մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած եռա­կողմ հա­մաձայ­նա­գիրը այ­լընտրանք չու­նի. Մոս­կո­ւա պի­տի շա­րու­նա­կէ նպաս­տել անոր իրա­կանաց­ման. Ըստ «Քո­մեր­սանթ»ի՝ Փես­քով այսպէս մեկ­նա­բանեց Լա­չինի մի­ջանցքին մէջ ան­ցա­կէտի տե­ղադ­րումը։

Ատրպէյ­ճա­նի այս քայ­լին ար­ձա­գան­գեց նաեւ Ռու­սիոյ պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը՝ «միակող­մա­նի եւ չհա­մաձայ­նե­ցուած» նկա­տելով զայն։

Ռու­սիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը իր կար­գին 24 Ապ­րի­լին հրա­պարա­կեց յայ­տա­րարու­թիւն մը, որուն մէջ լուրջ մտա­հոգու­թիւն կը յայտնէ «Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մէջ՝ ռու­սա­կան խա­ղաղա­պահ զօ­րախումբի պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան գօ­տիին՝ հայ-ատրպէյ­ճա­նական շփման գի­ծին մէջ ստեղ­ծո­ւած կա­ցու­թեան, ինչպէս նաեւ Պա­քուի եւ Երե­ւանի մի­ջեւ երկխօ­սու­թեան շուրջ ստեղ­ծո­ւած իրա­վիճա­կին առի­թով»։

Ռու­սիոյ Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը՝ դի­տել տա­լով, որ խօս­քը կը վե­րաբե­րի տա­րածաշրջա­նին մէջ հա­ղոր­դակցու­թեան ու­ղի­ներու ապաշրջա­փակ­ման, հայ-ատրպէյ­ճա­նական սահ­մա­նագծման մեկ­նարկին եւ Ատրպէյ­ճա­նի ու Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ խա­ղաղ պայ­մա­նագի­րի չա­փանիշ­նե­րու հա­մաձայ­նեցմա­նը։

Արեւ­մուտքը անըն­դունե­լի կը նկա­տէ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ ան­ցա­կէտի տե­ղադ­րումը

Արեւ­մուտքը մտա­հոգու­թիւն յայտնեց Հա­յաս­տա­նը Ար­ցա­խին կա­պող ճամ­բուն վրայ ապօ­րինի ան­ցա­կէտ տե­ղադ­րե­լու՝ Ատրպէյ­ճա­նի որոշ­ման նկատ­մամբ՝ ընդգծե­լով, որ անի­կա կը վտան­գէ խա­ղաղու­թեան գոր­ծընթա­ցը.

Միացեալ Նա­հանգնե­րու Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան բան­բեր Վե­տընթ Փա­թել յայ­տա­րարեց, որ Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ Բեր­ձո­րի մի­ջանցքին մէջ ան­ցա­կէտի տե­ղադ­րումը կը վտան­գէ խա­ղաղ հո­լովոյ­թին նկատ­մամբ վստա­հու­թեան հաս­տատման ջան­քե­րը. «Դար­ձեալ կը յայ­տա­րարենք, որ Լա­չինի մի­ջանցքին մէջ պէտք է ըլ­լայ մար­դոց եւ առեւտրա­կան բեռ­նե­րու ազատ եւ բաց տե­ղաշարժ, եւ կող­մե­րուն կոչ կ՛ուղղենք՝ վերսկսե­լու խա­ղաղ բա­նակ­ցութիւննե­րը եւ զերծ մնա­լու սահ­մա­նի եր­կայնքով սադ­րանքնե­րէ եւ թշնա­մական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէ», յայտնեց Փա­թել։

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թիւնը բան­բեր Ան­նա Քլեր Լե­ժանտրի մի­ջոցաւ նոյնպէս այս գծով յայ­տա­րարու­թիւն մը կա­տարեց՝ նշե­լով. «Ֆրան­սա կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյ­ճա­նին՝ կա­տարե­լու մի­ջազ­գա­յին իր պար­տա­ւորու­թիւննե­րը, մաս­նա­ւորա­բար՝ կեան­քի կո­չելու Ար­դա­րադա­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին դա­տարա­նի 22 Փետ­րո­ւարի որո­շու­մով պա­հան­ջո­ւող մի­ջան­կեալ քայ­լե­րը, որոնք պար­տա­դիր իրա­ւական ուժ ու­նին. Ֆրան­սա կը պա­հան­ջէ վե­րականգնել բո­լոր մար­դոց, փո­խադ­րա­միջոց­նե­րու եւ բեռ­նե­րու ան­խա­փան ազատ տե­ղաշար­ժը Լա­չինի մի­ջանցքի եր­կայնքով՝ եր­կու ուղղու­թիւննե­րով, ինչպէս նաեւ՝ վե­րականգնել բնակ­չութեան կա­զի եւ ելեկտրա­կանու­թեան շա­րու­նա­կական մա­տակա­րարումնե­րը»։

Եւ­րո­պական Միու­թեան ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թեան բարձրա­գոյն յանձնա­կատար Ճո­զեփ Պո­րել ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար­նե­րու մա­կար­դա­կով Եւ­րո­պական Միու­թեան խոր­հուրդի նիս­տէն ետք ըսաւ հե­տեւեալը. «Մենք քննար­կե­ցինք Լա­չինի մի­ջանցքի մուտքին մօտ միակող­մա­նիօրէն ան­ցա­կէտ տե­ղադ­րե­լու Ատրպէյ­ճա­նի որո­շու­մը, ինչ որ կը հա­կասէ լա­րուա­ծու­թիւնը նո­ւազեց­նե­լու մեր կո­չին. Հար­ցե­րը պէտք է լու­ծո­ւին երկխօ­սու­թեան մի­ջոցով»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ