Լեռնա Գարագիւթիւքի նուիրեալ աշխատանքները

Գրական բո­լոր սե­ռերուն բա­ցառիկ եւ իւ­րա­յատուկ տեղ ու­նին բա­նաս­տեղծու­թիւնը եւ ման­կա­կան գրա­կանու­թիւնը։ Հա­յերէն լե­զուի վաս­տա­կաւոր ու­սուցչու­հի Լեռ­նա Գա­րագիւ­թիւքի նա­խընտրու­թիւնն ալ կը յայտնո­ւի գրա­կանու­թեան այս եր­կու սե­ռերուն վրայ։ Վեր­ջերս ար­ժէ­քաւոր կրթա­կան մշա­կը ըն­թերցող­նե­րուն կը ներ­կա­յանայ եր­կու շա­հեկան հա­տոր­նե­րով, որոնցմէ առա­ջինը բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հա­ւաքա­ծոյ մըն է, իսկ երկրոր­դը ման­կա­կան պա­տում մը։ «Ձայ­ներ» խո­րագ­րեալ բա­նաս­տեղծա­կան հա­ւաքա­ծոյին մէջ Լեռ­նա Գա­րագիւ­թիւք ըն­թերցող­նե­րը կը տա­նի բազ­մաբնոյթ զգա­ցումնե­րու դաշտ մը, ուր հա­յեցի ապ­րումներ, հա­յավա­րի լե­զուամ­տա­ծողու­թեամբ եւ հա­յեցի ոճով կը մա­տու­ցուի ըն­թերցո­ղին։ Բա­նաս­տեղծի մա­տու­ցումը սե­փական ներքնաշ­խարհի հրա­պարա­կումն է նաեւ։ Այս եղա­նակով բա­նաս­տեղծը թա­փան­ցիկ կը դարձնէ ցարդ իրեն պատ­կա­նողը եւ կը սպա­սէ որ ըն­թերցո­ղը իր կար­գին զու­գա­հեռ­ներ գո­յաց­նէ հե­ղինա­կին հետ։ Եզա­կի զգա­ցակա­մու­թիւն մըն է գո­յացած այդ կա­մուրջը հե­ղինա­կի ու ըն­թերցո­ղի մի­ջեւ։

Գա­լով ման­կա­կան գրա­կանու­թեան, այս ան­գամ մեր ձեռ­քին ու­նինք «Շու­շա­նիկը եւ Պո­չիկը» անուն պա­տում մը։ Այստեղ Պո­չիկ կո­չու­մով յի­շուա­ծը կա­տու մըն է, իր բնազ­դով շար­ժող անա­սուն մը։ Մենք այսպէս կը տես­նենք Շու­շա­նիկի եւ Պո­չիկի բա­րեկա­մու­թեան պատ­կեր մը, որ նկա­րազար­դո­ւած է ու­սուցչու­հու աշա­կերտնե­րուն կող­մէ։ Ահա­ւասիկ յա­տուկ նա­խասի­րու­թեան օրի­նակ մը եւս՝ դաս­տիարա­կել ար­տադրու­թեան մէջ։ Մա­նաւանդ երբ կը խօ­սինք ման­կա­պատու­մի մը մա­սին, շատ իմաս­տա­լից է այդ պա­տու­մին մէջ են­թա­կայի՝ այս օրի­նակով որ ըսենք տա­րեկի­ցի ներգրա­ւու­մը։ Լեռ­նա Գա­րագիւ­թիւք ան­հա­տական մի­ջոց­նե­րով նման հրա­տարա­կու­թիւններ կա­տարե­լու ճամ­բով մեծ նպաստ կը մա­տու­ցէ հայերէն գիր ու գրականութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ