Հաթայի Եղբայրութեան Սեղանը

19Ապ­­րիլ Չո­­րեք­­շաբթի, Իս­­թանպու­­լի եւ Թուրքիոյ Կա­­թողի­­կէ Հա­­յոց Վի­­ճակա­­ւոր Ար­­հի. Տ. Լե­­ւոն Արք. Զէ­­քիեան, Պե­­յօղ­­լո­­­ւի քա­­ղաքա­­պետ Հայ­­տար Ալի Եըլ­­տը­­­զի հրա­­ւէրով, Քա­­ղաքա­­պետա­­րանի կող­­մէ Ան­­թա­­­քիոյ մէջ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած Իֆ­­թա­­­րին մաս­­նակցե­­լու հա­­մար, հա­­մայնքա­­յին Կրօ­­նապետ­­նե­­­րու, Իս­­թանպուլ պաշ­­տօ­­­նավա­­րող դի­­ւանա­­գիտա­­կան մարմնի ան­­դամնե­­րու եւ կա­­ռավա­­րական պաշ­­տօ­­­նեանե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ բաղ­­կա­­­ցող ստո­­ւար խումբի մը հետ դէ­­պի Հա­­թայ մեկ­­նե­­­ցաւ։ Հոս խիտ յայ­­տա­­­գիր մը կը սպա­­սէր խումբը։ Կար­­գով այ­­ցե­­­լու­­թիւններ կա­­տարո­­ւեցան՝ երկրա­­շար­­ժէ վնա­­սուած Ան­­տիոքի րաբունարանին, Հա­­պիպի Նեճ­­ճար մզկի­­թին, Ու­­լու Ճա­­միին եւ Ս. Պետ­­րո­­­սի տա­­ճարին։ Իֆ­­թա­­­րի սե­­ղանին խօսք առին կրօ­­նապետ­­ներ, ընդ որս Հրեայ Րա­­բու­­նա­­­պետ Տիար Հա­­լեվա, Հա­­յոց Ամե­­նապա­­տիւ Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ., Տիեզ. Պատ­­րիարք Ն.Ս. Բար­­թո­­­ղիմէոս եւ յա­­նուն Դի­­ւանա­­գիտա­­կան Մարմնի՝ Խրվա­­թիոյ Աւագ Հիւ­­պա­­­տոս Տիկ. Իվա­­նա Զե­­րեց։ Ապա տե­­ղի ու­­նե­­­ցան զա­­նազան լե­­զու­­նե­­­րով հո­­գեւոր եր­­գե­­­րու կա­­տարումներ, ընդ որս հա­­յերէն Տէր Ողոր­­մեա, Արժնպ. Տ. Շիր­­վան քա­­հանա­­յի եր­­գե­­­ցողու­­թեամբ։

Յետ Իֆ­­թա­­­րի սե­­ղանին, հիւ­­րե­­­րը պա­­տուո­­ւեցան տեղ­­ւոյն շքեղ մէկ թե­­յարա­­նին մէջ, որ­­մէ ետք գի­­շերուան ուշ ժա­­մերուն մեկ­­նե­­­ցան դէ­­պի Իս­­թանպուլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ