Յիշատակում Հայոց Ցեղասպանութեան

ՏԷՐՍԻՄ ՏԱՂ

Մեզ՝ Թուրքիացի երի­­տասարդնե­­րուս հա­­մար հե­­տաքրքրա­­կան է տօ­­նական օրե­­րու իրա­­րու հետ ագու­­ցո­­­ւիլը։ Այս տա­­րի ալ նման երե­­ւոյթ մը ապ­­րե­­­ցանք, երբ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու եւ քրիս­­տո­­­նեանե­­րու ծո­­մապա­­հու­­թեան շրջա­­նը զու­­գա­­­դիպե­­ցաւ։ Հե­­տեւա­­բար իրա­­րու յա­­ջոր­­դե­­­ցին Ռա­­մազա­­նի եւ Սուրբ Զատ­­կի տօ­­ները։ Միայն տօ­­նական օրե­­րու զու­­գա­­­դիպու­­թիւնը չէ որ կը նշենք։ 23 Ապ­­րի­­­լը Թուրքիոյ Հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նադրու­­թեան կա­­րեւոր փու­­լե­­­րէն մէկն է եւ խորհրդա­­րանի հաս­­տա­­­տու­­մը կը նշենք տօ­­նական մթնո­­լոր­­տի մէջ։ Յա­­ջոր­­դող օրը այս ան­­գամ կը տա­­րուինք սու­­գի մթնո­­լոր­­տին։ Չէ որ 24 Ապ­­րի­­­լը Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան յի­­շատակ­­ման օրն է։ Եւ ան­­շուշտ հա­­յոց կող­­քին եր­­կրի ասո­­րի ժո­­ղովուրդը եւ եզդի­­ներ նոյն թո­­ւակա­­նով կը յի­­շեն «Սէյ­­ֆոն» եւ «Ֆեր­­ման»ը։

4 Մա­­յիսը յա­­տուկ նշա­­նակու­­թիւն ու­­նի Տէր­­սի­­­մի կո­­տորած­­նե­­­րու յի­­շատակ­­ման առու­­մով։ Եր­­կու օր վերջ է որ, 6 Մա­­յիսին կը յի­­շատա­­կենք երկրի խոստմնա­­լից երեք երի­­տասարդնե­­րու՝ Տե­­նիզ Կեզ­­միշ, Եու­­սուֆ Արսլան եւ Հիւ­­սէ­­­յին Ինա­­նի կա­­խաղան հա­­նուե­­լու տխուր պատ­­մութիւ­­նը։

Բա­­ցի հա­­յերէ կամ քիւրտե­­րէ յոյ­­նե­­­րու կամ հրեանե­­րու հա­­մար ալ տօ­­նական օրե­­րը եւ տխուր յի­­շատա­­կումնե­­րը իրա­­րու կը յա­­ջորդներ։ Թե­­րեւս այս հո­­գեբա­­նու­­թեան ակ­­նարկե­­լով է որ բա­­նաս­­տեղծ զա­­րացի Հա­­սան Հիւ­­սէ­­­յին Քորքմազկիւլ գրած էր. «Մէկ երեսս տե­­րեւա­­թափ է, միւս երեսս գար­­նան պար­­տէզ…»։Հի­­ւան­­դա­­­գին է այս հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը, որուն ապա­­քին­­ման հա­­մար կը կա­­րօտինք պատ­­մութեան հետ առե­­րեսո­­ւելու։

Թէ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին եւ թէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին առու­­մով կը բո­­լորենք քա­­ղաքա­­կան, տնտե­­սական, հա­­սարա­­կական եւ բնա­­պահ­­պանման բազ­­մե­­­րանգ ճգնա­­ժամի շրջան մը։ Ան­­լուծե­­լի մնա­­ցած պատ­­մա­­­կան, ըն­­կե­­­րական եւ քա­­ղաքա­­կան խնդիր­­նե­­­րու այս թնճու­­կին վրայ կու գան աւել­­նա­­­լու իբ­­րեւ թէ հա­­սարա­­կու­­թեան անվտան­­գութիւ­­նը գե­­րադա­­սող ռազ­­մա­­­վարու­­թիւն եւ հա­­սարա­­կու­­թեան կող­­մէ հետզհե­­տէ սնու­­ցո­­­ւած գաղ­­թա­­­կան­­նե­­­րու ուղղեալ ատե­­լու­­թեան պատ­­գամնե­­րը։

1915-ի կո­­տորած­­նե­­­րը ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւն մը հիմ­­նե­­­լու տրա­­մադ­­րութիւ­­նով մեկ­­նարկող հան­­րա­­­պետու­­թեան հիմ­­նա­­­քարը եղած է։ Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը այդ հիմ­­նա­­­քարին վրայ կա­­ռու­­ցա­­­ծը պա­­հելու հա­­մար ընդմիշտ կը դի­­մէ մեր­­ժե­­­լու եւ ու­­րա­­­նալու քա­­ղաքա­­կանու­­թեան։ Այ­­սօր երբ իրա­­ւունքնե­­րու բռնա­­բար­­ման, ժո­­ղովուրդնե­­րու կամ­­քի ան­­տեսման, հա­­սարա­­կու­­թեան պա­­հանջնե­­րու մեր­­ժումին թափ ստա­­ցած շրջան մը կը բո­­լորենք, չենք կրնար դոյզն իսկ ետ­­քայլ ընել առե­­րես­­ման պա­­հանջնե­­րէն։ Այս առե­­րեսու­­մը անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է ներ­­կան եւ մա­­նաւանդ ալ ապա­­գան մարդկա­­յին սկզբունքնե­­րու վրայ վե­­րահաս­­տա­­­տելու հա­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ