15 Ապրիլին Երեւանի մէջ մեկնարկեց Եւորպայի ծանրաբարձութեան մրցումները։ Բացման արարողութեան ընթացքին Արամ Նիկոլեան յանկարծ յայտնուելով հրկիզեց մասնակից երկիրներէ Ատրպէյճանի դրօշակը եւ դուրս հանեց դահլիճէն։ Նիկոլեան իսկոյն բերման ենթարկուեցաւ եւ ապա ազատ արձակուեցաւ։ Այս զարգացումէն ետք Ատրպէյճանի Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը եւ Ողիմպիականի ազգային Յանձնախումբը համատեղ յայտարարութիւնով մը հաղորդեցին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Եւորպայի Ծանրաբարձութեան մրցումներէն հրաժարելու որոշումը։ Ատրպէյճանական մարզիկները եւ պատուիրակութիւնը հանրաշարժով հեռացան դէպի Թիփլիս եւ գիշերուայ ժամերուն ալ ինքնաթիռով վերադարձան Պաքու։
Եւորոպայի Ծանրաբարձութեան Ֆետերացեան պախարակեց Ատրպէյճանի դրօշակի դէմ կատարուած անարգանքը։ 15 Ապրիլի մեկնարկող եւ 23 Ապրիլին աւարտին հասնելիք ծանրաբարձութեան մրցաշարքին կը մասնակցին 40 Եւորպական երկիրներէ ժամանած 380 մարզիկներ։ Եւորպային Ախոյեանութիւնը 2024-ի Փարիզի Ողիմպիկանին համար զտման բնոյթ ունի։
Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութիւը յայտարարութիւնով մը երաշխաւորեց մասնակից մարզիկներու անվտանգութիւնը։ Այս մասին՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի սկզբանէ ապահոված է անվտանգութեան բոլոր չափանիշները, եւ առաջնութեանը մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած ծանրորդներու անվտանգութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր չէ առաջացած։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը, որ շատ արագ հարթուած է, որեւէ առնչութիւն չունի մարզիկներու անվտանգութեան եւ անոնց բնականոն մրցելոյթներու ապահովման հետ։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ կը մնայ ծանրամարտի միջազգային ֆեդերացիայի նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման եւ կը վերահաստատէ Եւրոպայի 2023թ. առաջնութիւնը բարձր մակարդակով անցկացնելու պատրաստակամութիւնը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։