Թուրք Ֆեմինիստ շարժումի առաջատար գործիչներէն վիպագիր Տույկու Ասենայի յիշատակման համար հաստատուած գրական մրցանակը այս տարի նուաճեց Արլին Չիչեքճի։ Տողան Հըզլան, Ասուման Քաֆաօղլու Պիւքէ, Ֆիլիզ Այկիւնտիւզ, Իհսան Եըլմազ, Սիպել Օրալ եւ Էլիֆ Թանրըեարէ բաղկացող դատակազմը Չիչեքճիի ընտրութիւնը կը պատճառաբանէ անոր պատմելու յատկութեան, թրքերէնի գործածութեն մէջ ցուցաբերած բարձր մակարդակին, իրողութեան զգացումի ցոլացումին եւ այս հողերուն վրայ կնոջ ու բնութեան հանդէպ բռնութեան դէմ բերած քննադատական մերձեցումին համար։
Արլին Չիչեքճի «Սելվի տատիկը եւ երեք գեղուհիներ» անուն վէպին նման մրցանակի մը արժանանալուն համար իր ապրած հրճուանքը կը յայտնէ հետեւեալ տողերով «Տույկու Ասենայի անունի կողքին յիշուելն անգամ պատամխանատուութիւն կը պահանջէ։ Նաեւ 2007 թուականէն այս կողմ, այս մրցանակին արժանացած անուններու հանդէպ եւս պատասխանատուութիւն կը զգամ»։