ԱՊՏՈՒԼԼԱՀ ՏԵՄԻՐՊԱՇ
Քաջ գիտեմ թէ մեզ բոլորս որքան ծանր ցնցած է 6 Փետրուարի ահաւոր երկրաշարժը։ Երկրաշարժի կսկիծը մանաւանդ երկու վայրերու մէջ զիս կը ցաւեցնէ։ Անոնցմէ մէկն է տասը տարի իբրեւ քաղաքապետ ծառայած Տիյարպեքիրի Սուր թաղամասը։ Այստեղ՝ Եւորպայի քաղաքներ ցրուած ժողովուրդ որպէս, մեծ աշխատութիւն տարինք մեր բարեկամներուն զօրավիգ ըլլալու համար։ Հասարակական կազմակերպութիւններու միջոցաւ տիւ ու գիշեր աշխատեցանք։ Իշխանութիւնները իրենց անճարակութիւնը քօղարկելու համար այս աղէտը անուանեցին «հարիւրամեայ դժբախտութիւն»։ Բացի մարդկային կորուստներէ, անհամար անասուններ սատկեցան եւ պատմամշակութային բազմաթիւ շինութիւններ կործանեցան։ Այդ շինութիւններով նաեւ կործանեցան տեղական համայնքները։ Բոլորս մեծ կսկիծով հետեւեցանք Անտիոքի եւ շրջակայ գաւառներու եկեղեցիներու փլուզման։ Փլաւ նաեւ Անտիոքի հրէից տաճարը։ Այդ տաճարի աւերակներուն տակ մնացին համայնքի րաբունապետը եւ իր կինը։
Սուր թաղամասի տասը տարուայ հասնող քաղաքապետի ծառայութենէս առաջ երկար տարիներ ուսուցչագործած էի Այնթապի մէջ։ Այնթապ եւս բազմամշակութային անցեալ ունեցող վայր մը եղած է եւ ինծի համար խորհրդանշական մեծ իմաստ ունի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին։ Անուանի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի ձեռքէն ելած այս եկեղեցին մինչեւ 1915 սրբավայր ըլլալով ծառայեց քաղաքի հայութեան։ Հայերու տարագրութենէ ետք եկեղեցին անտէր մնաց եւ ինչքերը աճուրդով վաճառքի դրուեցան։ Եկեղեցիի շէնքը որոշ ժամանակ տրամադրուեցաւ բանակին ու ապա մինչեւ 1980 շահագործուեցաւ իբրեւ բանտ։
Մշակոյթի Նախարարութեան եւ քաղաքապետարանի կաղքէջները կը վկայեն թէ քաղաքը ունի քրիստոնէական երեք եկեղեցիներ, որոնց մէջ չի նշուիր Սուրբ Աստուածածինը։ Չի նշուինր՝ քանի որ 1988-ին ան յանկարծակի որոշումով մը մզկիթի վերածուեցաւ «Քուրթուլուշ Ճամիի» անուանումով։
2017-ին լուրջ նորոգութեան մը ենթարկուելէ ետք, երբ վերաբացումը կը կատարուէր երբեմնի Սուրբ Աստուածածին, այժմու «Քուրթուլուշ» մզկիթին Կրօնից Տեսուչը յիմարօրէն կը յայտարարէր թէ պապենական կտակը կը վերակառուցեն։ Իրականութեան մէջ պատահածը ուրացումի պապենական աւանդոյթի կրկնութիւնն էր։
6 Փետրուարի երկրշարժի աւերիչ հետեւանքները երբ լսեցի իսկոյն մտաբերեցի Այնթապի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին։ Յոյս ունեցայ որ ան այս աղէտէն տուժած չըլլայ։ Այնթապաբնակ բարեկամներէն լսեցի որ աւերուած է եկեղեցւոյ վերանորոգուած գմբէթը եւ աւելի ուշ կառուցուած աշտարակը։
Որքան զարմանալի՝ առաջին հերթին անկապակից թուացող նիւթեր տարբեր բնոյթի վերյիշումներու պատճառ կը դառնան։ Տիյարպեքիրի չորս ոտքերու վրայ կանգնած աշտարակը կարելի չէ առանց Թահիր Էլչիի յիշել։ Այնթապ քաղաքն ալ ինծի համար պատկերացում կը գտնէ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցիի կերպարով։ Եւ այս բոլորը սիրելի բարեկամի մը՝ ինձ նման պանդխտութեան դատապարտուած Հայքօ Պաղտատի ծննդեան առթիւ յիշելը անշուշտ որ իմաստ մը պիտի ունենար։