Սգալու անկարելիութեան մէջ։ «Կարմիր Կիրակիներ»

ՆԱԶ­­ԼԸ ԹԷ­­ՄԻՐ ՊԷՅ­­ԼԷ­­­ՐԵԱՆ

«Եթէ վայր չկայ յի­­շողու­­թիւն ալ չկայ» կ՚ըսէ M. Halbawchs. որ առա­­ջին հե­­տազօ­­տող­­նե­­­րէն եղած է «հա­­սարա­­կաց յի­­շողու­­թիւն» (mémoire collective) յղաց­­քը։ Հա­­յոց կամ այլ ցե­­ղերու պա­­րագան երբ որ նկա­­տի առ­­նենք կրնանք ըսել թէ յի­­շողու­­թեան վայ­­րե­­­րը կա­­րեւոր տեղ ու­­նին ոչ միայն ոգե­­կոչե­­լու այլ նաեւ սուգ բռնե­­լու ջան­­քին հետ առնչո­­ւած։ Ող­­բերգու­­թեան մատ­­նո­­­ւած ժո­­ղովուրդնե­­րու փոր­­ձը, օրի­­նակ երկրորդ հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ հրեանե­­րը լաւ օրի­­նակ կը հան­­դի­­­սանան այս առու­­մով։ Մին­­չեւ հի­­մա կա­­տարուած աշ­­խա­­­տանքնե­­րը ցոյց կու­­տան սու­­գի կեն­­սա­­­կան նշա­­նակու­­թիւնը բո­­լորիս հա­­մար։ Ըլ­­լայ ան­­հա­­­տական կամ հա­­ւաքա­­կան, պէտք ու­­նինք սուգ բռնե­­լու։ Ինչպէս կ՚ըսէ յայտնի psychanaliste Freud-ը, պէտք է սուգ բռնէ ան­­հա­­­տը որ­­պէսզի յա­­ջողի աւար­­տիլ այս հանգրո­­ւանը եւ չմատ­­նուի մե­­լամաղ­­ձո­­­տու­­թեան։ Հա­­կառակ պա­­րագա­­յին ան կը հե­­ռանայ իր առողջ հո­­գեվի­­ճակէն ու կը մատ­­նո­­­ւի մե­­լամաղ­­ձո­­­տու­­թեան ։

Գի­­տենք թէ Ապ­­րիլ 24-ը պաշ­­տօ­­­նական սու­­գի օրն է հա­­յերու հա­­մար 1915-ի զո­­հերը ոգե­­կոչե­­լու։ Նաեւ չմոռ­­նանք թէ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զո­­հերու յի­­շատա­­կի ոգե­­կոչ­­ման առա­­ջին արա­­րողու­­թիւնը տե­­ղի ու­­նե­­­ցած է 1919թ. Ապ­­րիլ 12-ին (նոր տո­­մարով Ապ­­րիլ 25) Կ. Պոլ­­սոյ Բե­­րա թա­­ղամա­­սի Ս. Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Իսկ Ապ­­րիլ 24-ը պաշ­­տօ­­­նապէս սուգի օր հա­­մարե­­լու որո­­շու­­մը ըն­­դունո­­ւած է 1921-ին։ Հան­­րա­­­ծանօթ գրող, քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչ՝ Վրթա­­նէս Փա­­փազեան առա­­ջարկ Նա­­մակ­­նե­­­րով կը դի­­մէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Առա­­ջին Հան­­րա­­­պետու­­թեան կա­­ռավա­­րու­­թեան, Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովին եւ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսին։ Նա­­մակին յա­­ջորդ օրը Ամե­­նայն Հա­­յոց կա­­թողի­­կոս Գէորգ Դ Սու­­րէ­­­նեան­­ցը յա­­տուկ Կոն­­դա­­­կով Կ.Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քին կը հա­­ղոր­­դէ Ապ­­րիլ 11-ը (24) հա­­մազ­­գա­­­յին սգոյ օր սահ­­մա­­­նելու մա­­սին՝ «Ի յի­­շատակ բիւ­­րա­­­ւոր նա­­հատա­­կաց մե­­ռոց յըն­­թացս հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի» եւ կը յայտնէ, որ այդ օրն այ­­սուհետ ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է Էջ­­միած­­նի օրա­­ցոյ­­ցին մէջ, որ­­պէս սգոյ օր, ուստի պէտք է ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւի նաեւ Պատ­­րիար­­քա­­­րանի օրա­­ցոյ­­ցին մէջ։ Ապ­­րիլ 23-ին պատ­­րիար­­քա­­­կան յա­­տուկ շրջա­­բերա­­կանով պոլ­­սա­­­հայ բո­­լոր խմբագ­­րա­­­տու­­նե­­­րուն կը հա­­ղոր­­դուի. «Այ­­լեւս Պոլ­­սոյ մտա­­ւորա­­կանու­­թեան կամ տար­­բեր անուննե­­րով օրեր սահ­­մա­­­նելու տեղ մէկ օր միայն սահ­­մա­­­նուի իբր սու­­գի օր, պա­­տերազ­­մի ու տա­­րագ­­րութեան շրջա­­նի նա­­հատակ­­նե­­­րուն հա­­մար եւ Ս. Կա­­թողի­­կոսին կար­­գադրու­­թեամբ այդ օրը բո­­լոր հա­­յոց կող­­մէ միեւ­­նոյն օրը կա­­տարո­­ւի»։

«Կար­­միր Կի­­րակին»՝ 24 Ապ­­րիլ 1915-ի գի­­շերը Կ. Պոլ­­սոյ մէջ ձեր­­բա­­­կալուեցաւ հայ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու առա­­ջին՝ 200-էն աւե­­լի հո­­գինոց խումբը։ Ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րը շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցան։ Աւե­­լի ուշ անոնք ղրկո­­ւեցան Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան տար­­բեր շրջան­­ներ։ Մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը չվե­­րադար­­ձաւ, շատ քի­­չեր փրկո­­ւեցան, որոնք ու­­զե­­­ցին ամէն կերպ յար­­գել, վառ պա­­հել իրենց նա­­հատակ ըն­­կերնե­­րուն յի­­շատա­­կը։

Ար­­դեօք այս օրո­­ւան սու­­գի օր հա­­մարո­­ւիլը իս­­կա­­­պէս հա­­յերուն տո­­ւա՞ւ սուգ բռնե­­լու իրա­­ւունքը ու իրա­­կանա­­ցու­­մը, թէ դեռ սուգ բռնե­­լու ան­­կա­­­րելիու­­թեան մէջ ե՞ն անոնք մին­­չեւ այ­­սօր։ «Կար­­միր Կի­­րակին»՝ մնա՞ց իւ­­րա­­­յատո­­ւակ օրը աշ­­խարհի չորս կող­­մը գտնո­­ւած հա­­յերուն հա­­մար իբ­­րեւ սու­­գի օր թէ, դեռ աւար­­տին չհա­­սաւ «սու­­գի օր»ի թո­­ւական ճշդե­­լու վճռա­­կան որո­­շու­­մը հայ ժո­­ղովուրդին հա­­մար։

Վեր­­ջին Կար­­միր Կի­­րակին Մեծ Եղեռն մը եւս չէ՞ հա­­յերու։ Ար­­ցա­­­խեան երկրորդ պա­­տերազ­­մը ու ող­­բերգա­­կան ար­­դիւնքը, ան­­հե­­­տացած երի­­տասարդնե­­րը եր­­բեք չկրցան «իս­­կա­­­կան կեանք»եր Ապ­­րիլ ինչպէս ժո­­ղովուրդին մնա­­ցածը։ Մինչդեռ գի­­տենք թէ իս­­կա­­­կան կեան­­քեր ապ­­րե­­­լու հա­­մար պէտք է կա­­րենալ սուգ բռնել կո­­րուստէ մը կամ կո­­րուստնե­­րէ յե­­տոյ։ Ինչպէս կ՚ար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւի J. Buttler-ը «կի­­րար­­կո­­­ւած բռնու­­թիւնը (violence) եւ սուգ կա­­րենալ չբռնե­­լու իրա­­կանու­­թիւնը ան­­հա­­­տը կը մատ­­նէ ապ­­րե­­­լու եւ չապ­­րե­­­լու մի­­ջեւ գո­­յատե­­ւելու վի­­ճակին մէջ»։

Պա­­տերազ­­մի երի­­տասարդ զո­­հերը նոյնպէս իս­­կա­­­կան կեանք մը ապ­­րե­­­լու ջան­­քին ու զոհ ըլ­­լա­­­լու ամե­­նօրեայ վախն ու իրա­­կանու­­թեան մի­­ջեւ մնա­­ցին։ Իսկ ի՞նչ հե­­ռան­­կար, մնա­­ցած նոր սե­­րունդի ան­­դամնե­­րու։ Սգա­­տօնե՞ր կրկին որ­­պէսզի ոգե­­կոչել զո­­հերը յա­­ւիտե­­նական, կամ պա­­տերազմնե՞ր ու ող­­բերգու­­թիւն։ Կի­­րակի­­ներ կար­­մի՞ր ու մխրճո­­ւի՞լ մե­­լամաղ­­ձո­­­տու­­թեան ան­­հուն։

12 Ապ­­րիլ 2023

Փարիզ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ