ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
(Սեն Ռաֆայէլ)
Որեւէ երկրի համն ու հոտը, հմայքը, գրաւչութիւնը, շինութիւններն ու կառոյցներ չեն միայն, այլ մեծ ի մասամբ բնակիչները իրենց մտաւոր մակարդակով, աւանդոյթներով, մշակոյթով, պատմական անցեալով, բարեհամբոյր հեզ կեցուածքով, ճաշակով եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ խոհանոցով եւ այլովք, միայն թէ այդ բոլորը պիտի իրար շաղկապուած լինեն համահունչ եւ հասանելի ներդաշնակ սկզբունքներով եւ ոչ բռնազբօսիկ եւ շինծու, այլ բնական։
Բնաւ չի նշանակեր, որ մարդիկ իրար նմանուին եւ կրկնօրինակուին, քաւ լիցի, այլ զգան ու յագեցած ըլլան բարոյախօսութեան միեւնոյն կարգ ու կանոնով՝ ազգի, երկրի հիմնական շահերու ու բարօրութեան հոգսերով։ Այդ պարագային է, որ կ՝ունենանք հասուն հասարակութիւն, հայեցի միաձոյլ ժողովուրդ։ Այդ ձեւը բնորոշիչ է մեր հայրենակիցներու միայն մի հատուածի համար, այլ ոչ թէ գռեհիկ գաւառական ամբոխի՝ հեռու եւ զուրկ քաղաքակիրթ խոհեմութենէն, որ ընդհանրապէս յատուկ է իշխանութեան գալու տենչով տառապող քաղաքական գործիչներուն։ Անոնք՝ իւրաքանչիւր հարց մոլուցքով լուծելու հակում ունին, մինչեւ իսկ ԱԺ պատերէն ներս ծեծկռտուքի դիմելով։ Յիշենք Մարտի 2-ի դէպքը որ Հոկտեմբեր 27-ի ձեռագիրն է, շատ ամօթալի եւ անհանդուրժելի դէպքերը՝ իրար վրայ շիշ նետելը եւ այլն։
Աներկբայ է, որ մեր հայրենի մտաւոր հանրութեան զանգուածը ոչ միայն կազմակերպուած չէ, այլ նաեւ լուրջ հիւանդագին անտարբեր վիճակի է, այնքան, որ կարծիք կը ստեղծուի թէ կեանքի կենսական երեւոյթներու հանդէպ բարձր ճանաչողութեան պակաս կամ հաւկուրութիւն կայ։
Երեւոյթները ճիշդ ըմբռնող ու գնահատողները անհատներ են, իսկ անտարբերները՝ ամբոխ։ Մեր հայրենաբնակները ունին հաւաքական արժանապատուութիւն, որ քաղաքական վարքին ու բարքին յարիր չէ տիրող դրութեամբ, ո՛ւր աւելի կ՚իշխէ հաշիւը, քան գաղափարախօսութիւնը։ Ցաւօք այդ վիճակը անհատական չէ, այլ համաճարակային։
Հիւանդագին փառամոլութեան մասին խօսելն աւելորդ է եւ կարելի է՞ յուսալ, որ երբեւէ հայազգի տարբեր խմբերուն յարող անձինք իրար հետ պատշաճօրէն յարաբերուելու անհրաժեշտութիւնը որպէս ապրելակերպ ընդունին։ «Ճիշդ է մենք փոքր ենք, բայց մեզ հայ են ասում», բայց չմոռանանք որ փոքրամասնութիւններու բռնութիւնը կը նմանուի ոհմակներու ոչխար որսալուն՝ անզիջում է։
Անկախութեան հռչակումով եւ Արցախը ազատելո՛վ ինձ նման շատերու մօտ երազանքներու եւ յոյսերու շարան յառաջացաւ, թէ՚ վերջապէս համայն միացեալ ուժերով կը կարողանանք կառուցել մեր ճաշակին ու քիմքին համահունչ միացեալ «Դրախտավայր երկիր», որ հեռու չէր, գրեթէ ձեռքի տակ էր միայն թէ՛ չարն ու բարին իրար խառնուեցան եւ ունեցանք՝ ինչ որ ունինք, եւ պատճառները թողունք ընթերցողին գուշակել, որ միայն արտաքին թշնամին չէր եւ ներքինը իր ուրոյն տեղն ունի։
Երեք տասնամեակներուն չհասկացայ եւ կը շարունակեմ չհաշտուիլ, թէ յաղթական ըլլալով 94- ին, հրադադարի պայմանները որոշողի իրաւունքով, ի՞նչ հանգամանքներով կամ որո՞ւ թելադրանքով անհնար եղաւ Արցախը դարձնել ՀՀ անբաժան մի մարզ եւ որո՞ւ հաճոյքին համար կը ցանկանան եւ կը պայքարին այն որպէս ինքնիշխան պետութիւն ներկայացնել երբ երեւոյթը իր էութեամբ աւելի քան տխմար էր, իսկ բովանդակութեամբ՝ թալանի աղբիւր։
Աւելին արդի վիճակի մէջ Արցախի խորհրդականները միաձայն կոչ կը հռչակեն եւ կը պահանջեն, որ ՀՀ հաւատարիմ մնայ 1992-ի որոշմանը եւ կասկածի տակ չդնէ անոր ինքնորոշման իրաւունքը։ Այս կոչը նոյնքան սադրիչ է, որքան տխմար եւ անընդունելի, քանզի անոր հեղինակները դեռ չեն հասկցած, որ բարեկամի քօղով, ծածկուած երկրները ոչ միայն մտադիր չեն մեզ օգնել ու աջակցիլ, այլ կը ձգտին որեւէ ձեւով գերապատիւ ըլլալ մեզ վասալ դարձնելու նպատակով։
44- օրեայ դժոխքէն ետք բազում են մեզ ցաւակցող եւ աղի արտասուք թափողները, բայց Բերձորը կը մնայ փակ, մատ շարժող չկայ եւ վստահաբար չըլլար։
Նուազագոյնը պարզամիտ ըլլալու փաստ է, երբ ոմանք չեն հասկանար, որ Ալիեւի ոտնձգութիւնները եւ միջանցքի փակումը նոր պատերազմ սկսելու պատճառ է, եւ ՀՀ անկարող է դիմակայել։ Այո՛ ճարահատ ենք։
Իրաւ է որ վէրքը հին է եւ ծանօթ, բայց կսկիծը կը մնայ առանց սպիանալու։
Երբեմն մտերմիկ զրոյցներու ընթացքին ոմանք այն կարծիքը կը յայտնեն թէ պէտք չէ անցեալը փորփրել, քանզի յաճախ այն գարշահոտ կ՚ըլլայ, թէեւ կը մնայ լաւագոյն դպրոցը։ Մէկ բան անվիճելի է, որ արդի վիճակով երկիրը հեռու է հայաշունչ ըլլալէ եւ կարեւորը այն է, որ ա՛յդ ձգտումը չկայ պաշտօնական շրջանակին եւ որեւէ քայլ չ՚առնուիր այդ ուղղութեամբ։ Ցաւալի է նշել, որ վարչապետը անձամբ մեղսակից կը դառնայ երբեմն իր անզգոյշ արտայայտութիւններով։ Վերջերս տարբեր ոլորտի անձանց մասնագիտական մակարդակի ստուգարքը «ատեստաւորում» եզրով մատուցուեց, որ դարձաւ համընդհանուր բերանի ծամոն, ինչպէս մի քանի տարի է՝ նոյն քայլը առաւ նախկին վարչապետը մէջտեղ հանելով «ակցիա եւ մոնիտորինգ»-ը, որ յաւերժացան, իսկ առողջապահութեան նախարարի համար բուժուող հիւանդը՝ «պացիենտ» է։ Քանի՞ նման տխմարութիւններ կան որ համատարած բնոյթի են։ Մինչեւ երբ պիտի այս աւերումը շարունակուի։ Պետական մարմինները գոնէ զերծ մնան՝ յարգելով սահմանադրութեան հայերէնի մասին յօդուածը։
Հարիւրաւոր ձեռնարկութիւններ եւ գործարար խմբեր կան ՀՀ տարածքին հաստատուած, գրանցուած եւ համապատասխան արտօնագրով երաշխաւորուած, բայց բանից կը պարզուի, որ անոնց մեծամասնութիւնը յայտնի են օտար անգլերէն հնչող անուններով, նոյնիսկ երբ որեւէ կապ չունին օտար երկրի հետ եւ բնոյթով զուտ հայկական են՝ մսավաճառը խանութի ճակատին կը գրէ butchers։ Ինչո՞ւ գրանցող պաշտօնեան չի հրահանգուած որ նման պարագային գործարքը կատարի հայեցի ձեւով (regalien)։ Նոյնը կարելի է ընել նորածիններու գրանցման պահուն՝ մերժելով բոլոր տեսակի խրթին ու այլանդակ անունները, լայն տեղ տալով հայկականին, ինչպէս կ՚ընեն շատ երկրներ։
Երբ կը նայինք մեր կառավարութեան եւ ԱԺ անուանացանկը, ճնշող մասը տարահնչուն են, իսկ Արթուրն ու Արտյոմը գերակշիռ, մինչդեռ մեր երկու հարեւաններու մօտ չգտայ մէկ օտար անունով գործիչ։
Գիտակից եմ, որ օտարամոլութեան այդ դարերէն եկող հիւանդութիւնը վաղուց արմատացած է մեր երկրին, բայց ի՞նչ արգելք կայ վերանայիլ այն եւ պետական մակարդակով արմատական փոփոխութեան նիւթ դարձնել։ Վստահ եմ, ոմանք պիտի առարկեն գոչելով թէ՛ կենսական հարց չէ եւ ոչ ոքի չի խանգարեր, միայն մոռանալով, որ բարոյական հիմունքները նոյնքան կարեւոր են ամբոխը ազգ դարձնելու ճանապարհին։
Յուսանք որ մի օր մենք եւս կը հասունանանք։