ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
Ե.Տ.- Գիտենք որ ցեղասպանութեան կարեւոր մէկ մասը իրականացած է արաբական երկիրներու մէջ։ Սակայն նիւթի այս երեսակը բաւականին չէ ուսումնասիրուած։ Դուն ո՞ր հետաքրքրութիւնով այս նիւթը մշակեցիր։
Է.Տ.- 2015-ին երբ «Ակօս» կ՚աշխատէի, հանդիպած էի Ֆայզ Ալ Խուսէյինի ցեղասպանութեան մասին մէկ ուսումնասիրութեան։ Արդեօք ինչո՞ւ նման գիրք մը գրած էր։ Ան կը պատմէր արաբական երկրի մէջ ցեղասպանութեան գործադրման դրուագները։
Իսկ այդ բոլորը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած էին Միջին Արեւելքի ներկայ կառուցման վրայ։ Կարեւոր էր այս հարցումը եւ նման հետազօտութիւնը պիտի զարգացնէր ցեղասպանութեան մասին մեր ընկալումները։ այս համոզումով լծուեցայ սոյն աշխատանքին։
Ե.Տ.-Ընդհանուր համոզում մը կը տիրէ թէ արաբներ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ ազատագրման պայքար մղելով հայոց հանդէպ ալ բարեացակամ գտնուած են։ Նախ որքանո՞վ ճիշդ է այս ընկալումը եւ ապա որքա՞ն ճիշդ է արաբներ ընդհանրացումով կարծես համահունչ վարուող խմբակի մը մասին խօսիլ։
Է.Տ.- Իրականութեան մէջ բաւական վիճելի է այս հաստատումը։ Այդ տարիներուն սխալ պիտի ըլլայ արաբներ ընդհանուր եզրը գործածել։ Ճիշդ է որ Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ իրարմէ անկախ բարեփոխման շարժումներ կը նկատուին։ Միւս կողմէ Առաջին Աշխարհամարտի ապստամբութիւններով բարձրացող անջատողական Հաշիմի հոսանքը կայ, որը կը գլխաւորէ Մեքքէյի կառավարիչ Հիւսէյինը։ Բայց միւս կողմէ, ինչպէս նշուած է նաեւ գիրքին մէջ, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին իթթիհատականներու գերակշռութեան տակ գործող օսմանեանամէտ հոսանքներ ալ կան։ Մնաց որ արաբական երկրի անապատեան ներքնամասերուն կիսաբնակ կամ քոչւոր պատաւի ցեղախումբերու քաղաքական նախապատուութիւններն ալ յարափոփոխ են։ Անոնցմէ մէկ մասը հաշիմիներու նման հայոց զօրավիգ կանգնելու ընթացքի մէջ էին, բայց նաեւ գիտենք որ մէկ մասն ալ աշխուժօրէն մասնակցած են հայոց ցեղասպանութեան։ Արդէն գիրքին բովանդակութիւնը հիւսուած է այս հակասութիւններու վրայ։
Ե.Տ.- Նիւթը ունի նաեւ քարոզչական բնոյթ։ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրենք ալ Օսմանեան գաղութատիրութեան դէմ պայքարող որոշ արաբներու համար քարոզչութեան բնոյթ ունի։ Կը տեսնենք թէ խնդրին քարոզչութեան հեռանկարով մերձեցողները կ՚անտեսեն նաեւ արաբներու ցեղասպանութեան մասնակցելու երեւոյթները։
Է.Տ.-Իրականութեան մէջ Միջին Արեւելքի ձեւաւորման ազդակներէն մէկն ալ ճիշդ ալ քարոզչական բնոյթի այս պատգամներն են։ Ֆայզ Ալ Խուսէյինիի գիրքը քիչ մըն ալ Օսմանեան վարչակարգի դէմ գրի առնուած է։ Անգիլա գնահատած է այդ բովանդակութիւնը եւ իբրեւ քարոզչութեան գործիք իսկոյն թարգմանած է անգլերէնի եւ այլ արեւմտեան լեզուներու։ Չէ որ ցեղասպանութիւնը արեւմտեան աշխարհի համար ալ թէ լուրջ ճգնաժամ մըն է եւ թէ Գերմանեան ու Օսմանեան Կայսրութիւնը մեղադրելու համար առիթ մը։ Հաշիմի շարժումն ալ կ՚ուզէ օգտուի այս շարժումէն, քանի որ գերտէրութիւններու դիմաց կ՚ուզեն ներկայանալ ուղիղ իսլամի պաշտպաններ ըլլալով։
Միւս կողմէ արաբ յեղափոխականներու մօտ հայոց դէմ գործադրուած բռնութիւններու հանդէպ սարսափ մը կը տիրէ։ Համոզուած եմ որ հայոց դէմ կատարուածը իրենց համար ալ կրնայ գործադրուիլ։ Նորա Արիսեանի գիրքին մէջ տեղադրուած յօդուածը այս մասին շահեկան վկայութիւններ կը ներկայացնէ։ Հալիլ Ճիպրան կամ Էմիր Ֆայսալի նման կարեւոր անուններու կողքին անունները յիշած բազմաթիւ մտաւորականներ այդ սարսափը յստակօրէն կը յայտնեն։ Իրողութիւն է նաեւ թէ անոնց այդ գրառումներուն մէջ կոտորածներուն մասնակցող արաբներու մասին որեւէ նշումի չենք հանդիպիր։
Ե.Տ.- Հետաքրքրական յօդուածներէն մէկն ալ Նարինէ Մարգարեանի ստորագրութիւնը կը կրէ։ Ան նիւթ ունենալով Էմիր Ֆայսալ Պինհուսէյնի հայանպաստ քաղաքականութիւնը, կ՚ընդգծէ նաեւ 1919 թուին Հալէպի մէջ կայացած հայկական կոտորածներուն։ Էմիր Ֆայսալ յստակօրէն դիրք բռնած է այդ կոտորածներու հանդէպ եւ ապա յանցագործները ծանրօրէն պատժած։ Ինչպէ՞ս կը գնահատես այս պատահածները։
Է.Տ.- Ինչպէս Մարգարեանն ալ կը մեկնաբանէ, Հաշիմի շարժումը ի սկզբանէ համակրանք կը ցուցաբերէ հայոց։ Շերիֆ Հիւսէյին ապստամբութեան դիմելէ ետք մահմետականներուն կոչ կ՚ընէ հայերը պաշտպանելու համար։ Ֆայսալ Մայիս 1915-ին Իսթանպուլի մէջ անձամբ ականատես եղած էր հայ համայքի առաջատար դէմքերուն ձերբակալման ու տարագրութեան։ Երբ Դամասկոսի մէջ արաբ մտաւորականներու ձերբակալումը կը լսէ, անմիջապէս կը մտաբերէ հայոց դէմ կատարուածները։ Խնդիրը ունի համաշխարհային բնոյթ ալ։ Էմիր Ֆայսալ պատերազմի աւարտին, 1919-ին Միջին Արեւելքի սահմանագծման աշխատութիւններուի համար կը մասնակցի Փարիզի համագումարին։ Երբ օրակարգի կու գայ իր վարչութեան տակ արաբական թագաւորութեան մը հիմնադրութիւնը, առարկութիւններ կը հնչեն պնդելով թէ այսքան բազմաբնոյթ հաւաքականութիւն մը կարելի չէ մահմետականներուն կողմէ ղեկավարել։ Իրաւ ալ Էմիր Ֆայսալ Սուրիոյ մէջ կը դիտուէր իբրեւ օտարական։ Ան ալ կը փորձէր սիրաշահիլ հայերը իբրեւ ցեղասպանուած ժողովուրդի բարեկամ։ Բայց այդ ծիրէն ներս 1919-ի Փետրուարին երբ Ֆայսալ Փարիզ էր, Հալէպի մէջ կատարած կոտորածները ծանր հարուած մը եղան անոր իշխանութեան եւ հաստատել ջանացած ընկերային համակարգին համար։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ անմիջապէս փոխադարձեց կատարուածին եւ հեղինակներն ալ խիստօրէն պատժեց։ Այս քաղաքականութիւնը Հալապէի հայ համայնքին թէեւ գոհացում տուաւ, բայց միւս կողմէ Ֆրանսայի Սուրիան գաղութացնելու ռազմավարութեան ալ պատճառ դարձաւ։
Ե.Տ.- Մի այլ հետաքրքրական յօդուած ալ Սամուէլ Տոլպիի ստորագրութիւնը կը կրէր եւ կը վերլուծէր աքսորեալ հայերուն անապատի ապրումները։
Է.Տ.- Խիստ շահեկան էր Տոլպիի յօդուածը, քանի որ ան բաւականին իւրայատուկ էր։ Ընդհանրապէս անապատը կը դիտենք մահի խորհուրդին հետ զուգորդուած կերպով, բայց Տոլպի կ՚առարկէ այս մերձեցումին, քանի որ անապատն ալ իր կարգին գոյատեւելու համար նոր միջոցներ կը ներկայացնէ։
Ե.Տ.- Գիտենք որ յետեղեռնեան շրջանին արաբներու հետ ամուսնանալու հարկադրուած բազմաթիւ կանայք եղած են։ Աննա Ալեքմանեանի յօդուածը այս առումով բաւականին ցնցիչ է։ Հոն կը խօսուի նաեւ պատերազմին յաջորդող տարիներուն բռնի կերպով ամուսնացած այս կանանց փրկելու աշխատութիւնները։ Երեւոյթ մը՝ որուն ամբողջութեամբ դժբախտաբար տեղեակ չենք։
Է.Տ.- Ճիշդ է որ այս պատմութեան բոլորովին ծանօթ չենք, որովհետեւ գործընթացը շատ բարդ եղած է։ Անգլիացիները եւ Հաշիմի շարժումը թէեւ կը պնդեն որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը տիրապետեն, այս պնդումը իրականութեան այդքան ալ չի համապատասխանէր։ Մանաւանդ քոչւոր ցեղախումբերը կը դիմադրեն իրենց կողմէ վար դրուած կիներու եւ երախաներու վերադարձին։ Ալեքսանեան այս նիւթը կը քննարկէ ոչ թէ քաղաքական գործիչներու մղած պայքարին, այ ուղղակի ենթականերու տեսլադաշտէն։
Ե.Տ.-Վերջապէս կ՚ուզեմ իմանալ թէ այս նիւթի հետ առնչուած արաբերէն գրականութիւնը ի՞նչ մակարդակի է։
Է.Տ.- Իբրեւ պատումներ գրականութեան մը մասին խօսիլ կարելի է։ Մանաւանդ այդ շրջանի մտաւորականներու յուշագրութիւններու մէջ յաճախ կը նշուի ցեղասպանութեան նիւթը։ Բացի յուշագրութիւններէ կան նաեւ արաբերէնով շարադրուած ուսումնասիրութիւններ թէ հայ եւ թէ արաբ հեղինակներու ստորագրութիւններով։ Այդ ուսումնասիրութիւններու ընդհանուր տրամադրութիւնը արաբներու այդ յանցագործութեան մասնիկը դարձած չըլլալուն, ընդ հակառակը հայերը խնայելու ապացոյցներ արտադրելու վրայ հիմնուած է։