Կարօ Փայլանի բացատրութիւնները չկայացած թեկնածութեան մասին

Յանցագործ աշ­խարհի առա­ջատար դէմ­քե­րէն Ալաատ­­տին Չա­­քըճըի փաս­­տա­­­բան Սի­­նան Ին­­ճէ յայտնած է թէ 2016 թո­­ւին Կա­­րօ Փայ­­լա­­­նի դէմ մա­­հափորձ կազ­­մա­­­կեր­­պած են, բայց վեր­­ջին պա­­հուն գոր­­ծադրե­­լէ հրա­­ժարած։

Այս մա­­սին Փայ­­լան պատ­­մեց թէ թո­­ւական եւ վայր նշե­­լով, եւ նոյ­­նիսկ մաս­­նա­­­կից յան­­ցա­­­գոր­­ծե­­­րու անուննե­­րը թո­­ւելով կա­­տարո­­ւած սպառ­­նա­­­լիքէ մը ետք դա­­տախա­­զու­­թիւնը պէտք էր ինքնա­­բերա­­բար հար­­ցաքննու­­թիւն կա­­տարէր։ «Ամիս­­ներ շա­­րու­­նակ աշ­­խա­­­տեցայ որ դա­­տախա­­զու­­թիւնը շարժման անցնի։ Ի վեր­­ջոյ «յստակ փաս­­տեր չկան» ըսե­­լով որե­­ւէ հար­­ցաքննու­­թիւն չկա­­տարե­­ցին։ Այս մա­­հափոր­­ձի պա­­տուի­­րատու ըլ­­լա­­­լով նշո­­ւած Լե­­ւենթ Կէօք­­թաշ ներ­­կա­­­յիս Նե­­ճիպ Հապ­­լե­­­միթօղ­­լո­­­ւի սպա­­նու­­թեան մե­­ղադ­­րեալն ըլ­­լա­­­լով բանտն է։ Առանց Սի­­նան Ին­­ճէի, այ­­սինքն այս նիւ­­թով յայ­­տա­­­րարու­­թիւն ընող փաս­­տա­­­բանին հար­­ցաքննու­­թեան խնդի­­րը քօ­­ղար­­կել կ՚աշ­­խա­­­տին։ Սա դի­­տումնա­­ւոր յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն մըն է, որուն նման­­նե­­­րը ան­­ցեալին յա­­ճախ տե­­սած ենք։ Ան­­գա­­­րայի մութ նրբանցքնե­­րուն մէջ այս տե­­սակ ծրա­­գիր­­նե­­­րը քօ­­ղար­­կել կը ջա­­նան» ըսաւ Կա­­րօ Փայ­­լան։

9 Ապ­­րիլ կի­­րակի, յայ­­տա­­­րարո­­ւեցաւ Կա­­նանչ Ձախ Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րու ան­­ուա­­­նացան­­կը։ Կա­­րօ Փայ­­լան կու­­սակցու­­թեան եր­­կու շրջա­­նով սահ­­մա­­­նափա­­կելու սկզբունքին հե­­տեւան­­քով թեկ­­նա­­­ծու չէ կրցած ներ­­կա­­­յանալ։ «Այս կա­­նոնը ան­­շուշտ որ գի­­տեմ։ Պէտք էր հայ թեկ­­նա­­­ծու մը առա­­ջադ­­րո­­­ւէր։ Գի­­տեմ որ այս մա­­սին որոշ աշ­­խա­­­տու­­թիւն ալ տա­­րուե­­ցաւ, բայց որե­­ւէ անու­­նի շուրջ հա­­մաձայ­­նութիւն չգո­­յացաւ։ Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ կա­­նոնի զան­­ցա­­­ռու­­թիւն մը կա­­րելի էր, բայց այդ ճամ­­բան չէ նա­­խընտրո­­ւած։ Մեր նման հա­­ւաքա­­կանու­­թիւննե­­րը քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ ընդմիշտ պատ­­րաստ ու­­ժեր կրնան չու­­նե­­­նալ։ Ան­­շուշտ որ ու­­րիշ մը ին­­ծի կրնար փո­­խարի­­նել։ Եթէ 2015-ի պայ­­մաննե­­րը ի զօ­­րու ըլ­­լա­­­յին վստահ եմ որ զա­­նազան հա­­յեր կու­­սակցու­­թեան շար­­քե­­­րուն մէջ պաշ­­տօն ստանձնե­­լու պատ­­րաստա­­կամու­­թիւն կ՚ու­­նե­­­նային։ Օրի­­նակ ան­­ցեալ տա­­րուայ հա­­մագու­­մա­­­րին ալ կու­­սակցու­­թեան վե­­րին խա­­ւերուն մէջ պաշ­­տօն ստանձնե­­լու տրա­­մադիր թեկ­­նա­­­ծու­­ներ չգտանք։ Մեր կու­­սակցու­­թիւնը բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րու ներ­­կա­­­յացուցչու­­թիւնը որ­­դեգրած ըլ­­լա­­­լուն հայ գոր­­ծիչնե­­րու բա­­ցակա­­յու­­թիւնը զիս կը յու­­զէ։ Ես եր­­կու շրջան պա­­տիւով եւ հպար­­տութեամբ կա­­տարե­­ցի երես­­փո­­­խանու­­թեան պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնս։ Այս մա­­սին աշ­­խա­­­տելէ չեմ դադ­­րած։ Իմ ազգս թող գիտ­­նայ որ թէ ան­­ցեալի հետ առե­­րեսո­­ւելու առու­­մով եւ թէ ար­­դար ապա­­գայի մը կա­­ռուցման հա­­մար պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կեմ շար­­քա­­­յին զի­­նուո­­րի մը նման իմ պար­­տա­­­կանու­­թիւնս կա­­տարել»։

Կա­­րօ Փայ­­լան նշեց նաեւ Ան­­գա­­­րայի 2-րդ ընտրաշրջա­­նէն թեկ­­նա­­­ծու առա­­ջադ­­րո­­­ւելու մա­­սին պնդումնե­­րը ըսե­­լով թէ, ըստ երե­­ւոյ­­թի ցան­­կե­­­րու նա­­խագի­­ծը ձե­­ւով մը փո­­խան­­ցո­­­ւած է մա­­մու­­լին։ Ժո­­ղով­­նե­­­րու ըն­­թացքին որո­­շում կա­­յացու­­ցած էինք ընտրո­­ւելու հա­­ւանա­­կանու­­թեան տկար եղած շրջան­­նե­­­րու մէջ ազ­­դե­­­ցիկ անուններ տե­­ղադ­­րե­­­լու մա­­սին։ Իսկ ես մեր­­ժե­­­ցի այս առա­­ջար­­կը։

Կա­­րօ Փայ­­լան վեր­­ջա­­­պէս նշեց թէ նոյ­­նիսկ խորհրդա­­րանի ան­­դամ չըլ­­լայ պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ Հա­­յաս­­տան-Թուրքիա յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու հաս­­տատման հա­­մար աշ­­խա­­տելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ