Ներման Միջազգային Կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէ

Ներ­­ման Մի­­ջազ­­գա­­­յին Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը զգու­­շա­­­ցուց Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան Կու­­սակցու­­թեան փակ­­ման որո­­շու­­մին հե­­տեւանքնե­­րուն մա­­սին։ Կազ­­մա­­­կեր­­պութե­­նէ կա­­տարո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ կը նշո­­ւի թէ երկրի երկրորդ մե­­ծագոյն ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թեան ար­­գի­­­լու­­մը խօս­­քի ազա­­տու­­թեան ուղղո­­ւած ծանր հա­­րուած մը պի­­տի ըլ­­լայ։ Կը նշո­­ւի թէ 1993 թո­­ւակա­­նէն այս կողմ քրտա­­կան խնդի­­րը օրա­­կար­­գի բե­­րող ու­­թը կու­­սակցու­­թիւններ օրէն­­քի ու­­ժով ագի­­լուած են։ «Քրտա­­կան քա­­ղաքա­­կան շար­­ժումը ար­­գի­­­լելու գլխա­­ւոր պատ­­րո­­­ւակը կը ներ­­կա­­­յացո­­ւի ՓՔՔ զի­­նեալ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան հետ անոնց ու­­նե­­­ցած սերտ յա­­րաբե­­րու­­թիւնը։ Բայց նշենք որ ՓՔՔ-ի հիմ­­նադրու­­թե­­­նէն շատ աւե­­լի առաջ, 1971 թո­­ւին Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թիւնն ալ քրտա­­կան խնդի­­րը օրա­­կար­­գի բե­­րելուն պատ­­ճա­­­ռաւ ար­­գե­­­լափա­­կուած էր»։

Այս մէջ­­բե­­­րումնե­­րէ ետք կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը կոչ կ՚ընէ Թուրքիոյ դա­­տական մար­­միննե­­րուն, մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւաբա­­նու­­թեան սկզբունքնե­­րու ծի­­րէն ներս ստանձնած պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւննե­­րը յար­­գե­­­լու հա­­մար։

Նշենք թէ ներ­­կա­­­յիս շա­­րու­­նա­­­կուող դա­­տական գոր­­ծընթա­­ցը մեկ­­նարկած էր թուրք ազ­­գայնա­­կան Ազ­­գա­­­յին Շար­­ժում Կու­­սակցու­­թեան յարա­­տե­­­ւօրէն ներ­­կա­­­յացու­­ցած բո­­ղոք­­նե­­­րով։

Այս պա­­հու դրու­­թեամբ, ընտրու­­թիւննե­­րու ըն­­դա­­­ռաջ կու­­սակցու­­թիւնը փա­­կելու ուղղեալ հա­­ւանա­­կան վճի­­ռի մը հե­­տեւանքնե­­րը շրջանցե­­լու մի­­տու­­մով որո­շած է ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նակցիլ Կա­նանչ Ձախ Կու­սակցու­թիւն անո­ւան տակ։

Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թիւնը այստեղ եւս առի­թը շա­հագոր­ծե­լով դի­մում կա­տարած է Ընտրու­թեան Վե­հագոյն Խոր­հուրդին, Ժո­ղովուրդնե­րու Ժող­րովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թեան դի­տորդնե­րուն ար­գելք բե­րելու նպա­տակաւ։ Խոր­հուրդը իս­կոյն ըն­դա­ռաջած է ազ­գա­յանա­կան շար­ժումի այս պա­հան­ջին եւ ար­գի­լած է ՀՏՓ-ի օրէնքնե­րով ապա­հոված դի­տոր­դա­կան իրա­ւունքը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ