Հրապարակուեցաւ կացարանի հրդեհի տեղեկագիրը

23Յու­նո­ւար գի­շերո­ւայ ժա­մերուն Գա­րագիւ­ղի Հայ Կա­թողի­կէ Սուրբ Փրկիչ Եկե­ղեց­ւոյ կա­ցարա­նին մէջ բռնկած հրդե­հի պաշ­տօ­նական տե­ղեկա­գիրը հրա­պարա­կուե­ցաւ։

Իս­թանպու­լի հրշէջ կազ­մի կող­մէ պատ­րաստո­ւած տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն հրդե­հի ծագ­ման պատ­ճա­ռը պար­զել կա­րելի չէ եղած։ Հրդե­հի պատ­ճա­ռաւ մա­հացած էին Ֆե­հիմ Ադ­սուփ եւ Ժո­զեֆին Էք­մեքչիօղ­լու անուն պատսպա­րեալ­նե­րը։

Տե­ղեկա­գիրը կը հաս­տա­տէ նաեւ եռա­յարկ շէն­քի կրած վնաս­նե­րը։ Տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն շէն­քին մէջ բնա­կան կա­զի սար­քա­ւորում գո­յու­թիւն չու­նէր։ Ջե­ռուցման եւ խո­հանո­ցի կա­րիք­նե­րուն հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւէին ելեկտրա­կան ջե­ռու­ցիչներ, վա­ռարան եւ խո­հանո­ցի հա­մար ալ փոքր եւ 12 քի­լոկ­րա­մանոց կա­զի պա­լոն­ներ։

Տե­ղեկա­գիրը կը յայտնէ թէ հրդե­հը ծա­գած է խո­հանո­ցէն, բայց յայտնի չէ եղած բո­ցավառ­ման պատճառը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ