Ցուցահանդէս՝ Կիլիկիոյ մշակութային ժառանգը

«Կալե­­րի Պիր­­զա­­­ման­­լար» կը պատ­­րաստո­­ւի ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը, որ նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ Ան­­տիոք եւ Իս­­քենտե­­րուն քա­­ղաք­­նե­­­րու ու Մու­­սա Լե­­րան 100 տա­­րի առա­­ջուան հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը։ Այս մա­­սին կա­­լերիի վա­­րիչ Օս­­ման Քէօքէր մա­­մու­­լին տո­­ւած բա­­ցատ­­րութեան մէջ կը նշէ թէ 6 Փետ­­րո­­­ւարի երկրա­­շար­­ժը բա­­ցի բազ­­մա­­­թիւ կեան­­քէր խլե­­լէ, քա­­ղաք­­նե­­­րու պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին յատ­­կա­­­նիշ­­ներն ալ աւե­­րեց։

«Իբ­­րեւ «Պիր­­զա­­­ման­­լար» հրա­­տարակ­­չութիւն տարա­­ծաքաշրջա­­նի եր­­բեմնի բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին յատ­­կութիւնը նկա­­րագ­­րող ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը ձեռ­­նարկե­­ցինք։ 18 Ապ­­րի­­­լին մեկ­­նարկող եւ մին­­չեւ 10 Յու­­նիս շա­­րու­­նա­­­կելի ցու­­ցադրու­­թեան ըն­­թացքին պի­­տի փոր­­ձենք քո­­վըն­­տի աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րով մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գի պահ­­պանման մի­­ջոց­­նե­­­րը ու­­սումնա­­սիրել ու նաեւ աղէ­­տեալ հա­­սարա­­կու­­թեան ալ զօ­­րակ­­ցութիւն ապա­­հովել։ Այս առու­­մով որո­­շած ենք «Ան­­տիոք, Իս­­քենտե­­րուն եւ Մու­­սա Լե­­րան Հա­­յերը» անուն գիր­­քի վա­­ճառ­­քէն գո­­յացած հա­­սոյ­­թը փո­­խան­­ցել Թուրքիոյ վեր­­ջին հայ գիւ­­ղը հա­­մարո­­ւած Վա­­քըֆ­­գիւղի վե­­րաշի­­նու­­թեան» ըսաւ Օս­­ման Քէօքէր։

Ծ.- «Կա­­լերի Պիր­­զա­­­ման­­լար» Վա­­լիքո­­նաղը փո­­ղոց, թիւ 23, 6-րդ յարկ Նի­­շան­­թաշ Հեռ. 0212 247 19 07

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ