Յանուն ժողովրդավարութեան գիտակցութեան

Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Սահակեան Նունեան Վարժարանի Թ., Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտութեան մասնակցութիւնով կայացած է «Ժողովրդավար Քաղաք» խորագրեալ աշխատանոնց մը գործադրութեան առաջին փորձը։ Այս ընթացքին մէջ աշակերտներ մտածելու, արտադրելու, լուծում առաջադրելու խմբովին իրաւունքներու հիման վրայ երկխօսութեան, փոխընկալման եւ ժողովրդավար սկզբունքներով որոշում կայացնելու ունակութիւններ ապահովեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք աշակետներու այս աշխատանոցի մասին տպաւորութիւնները

Ժողովրդա­­­վարու­­­թեան խա­­­ղը շատ հա­­­ճելի էր։ Մեր ըն­­­կերնե­­­րուն հետ երե­­­ւակա­­­յական քա­­­ղաք­­­ներ յա­­­ռաջ բե­­­րինք եւ այդ քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րու կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րը որո­­­շեցինք։ Քա­­­ղաքի կա­­­ռավա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը օրէնքներ ճշդե­­­ցին եւ ճար­­­տա­­­­­­­րապետ­­­նե­­­­­­­րը շէն­­­քեր շի­­­նեցին։ Կա­­­ռավա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը իրենց մի­­­ջեւ գա­­­ղափա­­­րի փո­­­խանա­­­կումներ ըրին եւ իրենց կար­­­ծիքնե­­­րը ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տե­­­­­­­ցին։ Ի վեր­­­ջոյ ճար­­­տա­­­­­­­րապետ­­­նե­­­­­­­րը շէն­­­քե­­­­­­­րը միացու­­­ցին եւ խո­­­շոր եր­­­կիր մը կազ­­­մե­­­­­­­ցինք։

ՄԱ­­­ՍԻՍ ԹՕ­­­ՓՈՒ­­­ԶՕՂԼՈՒ

***

Ես այս գոր­­­ծունէու­­­թիւնը շատ օգ­­­տա­­­­­­­կար գտայ։ Հասկցայ, որ բո­­­լորս հա­­­ւասա­­­րու­­­թեան եւ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան կը հա­­­ւատանք։ Հա­­­ւասա­­­րու­­­թեան եւ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թեան կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւնը հասկնա­­­լու հա­­­մար շատ լաւ խաղ մըն էր։ Եթէ բո­­­լորս իրա­­­րու հա­­­ւասար ըլ­­­լանք կրնանք լու­­­ծել մեր հար­­­ցե­­­­­­­րը։ Այսպի­­­սի գոր­­­ծունէու­­­թիւննե­­­րը պէտք է յա­­­ճախ ընել, որ կա­­­րենանք յա­­­ռաջ­­­դի­­­­­­­մել Թուրքիոյ մէջ։

ՍԱ­­­ՌԱ ԿԱ­­­ԶԷՐՕՂ­­­ԼՈՒ

***

Այս խա­­­ղը խա­­­ղացած ատեն հա­­­ճելի ժա­­­մանակ ան­­­ցուցի։ Նոյ­­­նիսկ ու­­­զե­­­­­­­ցի աւե­­­լի եր­­­կար տե­­­ւէ։ Ըն­­­կերնե­­­րուս հետ խումբ կազ­­­մե­­­­­­­լով ջա­­­նացինք մեր քա­­­ղաքին հա­­­մար ամէ­­­նէն լա­­­ւը ընտրել։ Շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը յայտնեմ Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկի այս աղո­­­ւոր խա­­­ղին հա­­­մար։

ՆՈ­­ՒԷՐ ԶԷ­­ՔԻ

***

Ան­­ցեալ շա­­բաթ՝ մեր դպրո­­ցի մէջ հիւ­­րա­­­սիրե­­ցինք Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկէն ան­­դամներ, որոնք մե­­զի «Ժո­­ղովրդա­­վար Քա­­ղաքէ խա­­ղը պի­­տի սո­­րուեց­­նէին։ Խա­­ղին մէջ կազ­­մե­­­ցինք մեր կու­­սակցու­­թիւնը, որ ու­­նէր իր անու­­նը, նա­­խընտրու­­թիւննե­­րը եւ կար­­գա­­­խօսը։ Իրա­­րու հետ մեր մտա­­ծումնե­­րը բաժ­­նե­­­լով վի­­ճաբա­­նեցանք։

Ըստ իս, շատ ար­­դիւնա­­բեր գոր­­ծունէու­­թիւն մըն էր. մեր գա­­ղափար­­նե­­­րը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­ցինք եւ վի­­ճաբա­­նու­­թեամբ լաւ ար­­դիւնքի հաս­­նիլ ջա­­նացինք։ Նաեւ մեր ըն­­կերնե­­րուն հետ լաւ ժա­­մանակ ան­­ցուցինք։

ԺՈՒ­­ԼԻԱ ԳԱՓ

***

Վար­­ժա­­­րանիս գրա­­դարա­­նը մեր ու­­զած տե­­ղերը նստանք։ Հրանդ Տինք հիմ­­նարկէն եկող պաշ­­տօ­­­նեաներ պատ­­մե­­­ցին այս այ­­ցե­­­լու­­թեան պատ­­ճա­­­ռը։

Մե­­զի տրո­­ւած առա­­ջին թուղթին վրայ քա­­ղաքի մը պէտք ու­­նե­­­ցած 16 յատ­­կա­­­նիշե­­րը կա­­յին, որոնք պի­­տի շա­­րէինք ամե­­նակա­­րեւո­­րէն դէ­­պի աւե­­լի քիչ կա­­րեւո­­րը։ Քիչ ետք մե­­զի կրկին եր­­կու հատ թուղթ բաժ­­նո­­­ւեցաւ։ Այս թուղթե­­րուն վրայ մեր խումբին անու­­նը եւ զի­­նան­­շա­­­նը կու­­սակցու­­թիւն մը կազ­­մե­­­լով գրե­­ցինք։ Մե­­զի տրո­­ւած կէս ժա­­մուան մէջ պէտք էր կու­­սակցու­­թեան ան­­դամնե­­րուն պաշ­­տօննե­­րը որո­­շել. ինչպէս քար­­տուղար, նա­­խագահ, խօս­­նակ, ճար­­տա­­­րապետ եւ ծրագ­­րող։ Ետ­­քը բո­­լոր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը հա­­ւաքո­­ւելով սկսանք մեր գրած­­նե­­­րը պատ­­մել։ Եր­­կու վայրկեան պատ­­մե­­­լու հա­­մար տրո­­ւած ժա­­մանա­­կէ ետք միւս կու­­սակցու­­թիւննե­­րը հար­­ցումներ հար­­ցուցին մե­­զի եւ մեր պա­­տաս­­խաննե­­րը ստա­­ցան։ Կազ­­մո­­­ւած չորս կու­­սակցու­­թիւննե­­րը իրենց պաշ­­տօննե­­րը կա­­տարե­­ցին։ Վեր­­ջը մեր քա­­ղաք­­նե­­­րուն տե­­ղաւո­­րուե­­լու հա­­մար վեց հատ շէնք զա­­տեցինք։ Ետ­­քը քա­­ղաքին մէջ դրա­­մի մա­­սին խնդիր մը ծա­­գեցաւ եւ զա­­տուած շէն­­քե­­­րէն երեք հա­­տը ձգե­­լու ստի­­պուե­­ցանք։ Խօս­­նա­­­կը եւ ճար­­տա­­­րապե­­տը շէն­­քե­­­րու կա­­րեւո­­րու­­թեան պատ­­ճա­­­ռը պատ­­մե­­­ցին։ Ի վեր­­ջոյյ քա­­ղաքին անուն մը տա­­լով խա­­ղը լմնցու­­ցինք։

ՕԼԻ­­ՎԻԱ ԱՉԸՔ­­ԿԷՕԶ

***

Ին­­ծի հա­­մար, այս գոր­­ծունէու­­թիւնը մե­­զի գա­­ղափար մը տո­­ւաւ քա­­ղաքա­­կանու­­թեան եւ տնտե­­սագի­­տու­­թեան մա­­սին, նաեւ բա­­նավի­­ճելու եւ մեր ընտրու­­թիւննե­­րը ճիշդ ընե­­լու հա­­մար մե­­զի օգ­­նա­­­կան եղաւ։ Խումբի աշ­­խա­­­տու­­թիւն ընել եւ բո­­լոր մար­­դոց գա­­ղափար­­նե­­­րը մտիկ ընել սո­­րուե­­ցանք։

ՀԷ­­ԼԷՆԱ ՄԷ­­ԹԻՆ

***

Ժո­­ղովրդա­­վար քա­­ղաք մը ինչպէ՞ս կ՚ըլ­­լայ։ Ամէն մարդ նոյն պայ­­մաննե­­րու մէջ՝ առանց սե­­ռի, կրօն­­քի եւ ազ­­գի խտրու­­թեան եթէ ապ­­րի կա­­րելի է։ Ըն­­կերնե­­րուս հետ այսպի­­սի քա­­ղաք մը երե­­ւակա­­յեցինք։ Հե­­տաքրքրա­­կան էր, որ մեզ­­մէ ոչ մէ­­կը շար­­ժանկար, թատ­­րոն, կամ նման զո­­ւար­­ճա­­­նալի տե­­ղերու մա­­սին մտա­­ծեց։ Ամէն խումբ ու­­զեց որ իր ժո­­ղովրդա­­վար քա­­ղաքին մէջ ար­­դա­­­րու­­թիւն, հա­­ւատք, առող­­ջութիւն... ըլ­­լայ։ Ու­­րեմն մեր ապ­­րած քա­­ղաքին մէջ՝ մենք ասոնք չու­­նինք եւ ասոնց կա­­րօտը ու­­նինք։

ԳԱՅ­­ՐԱ ԹՕ­­ԲԱԼ­­ՄԸՂՏԸՍ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ