Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ, Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան Ս. Զատկի առթիւ 8 Ապրիլ 2023, Աւագ Շաբաթ, մեկնեցաւ Տիգրանակերտ (Տիյարպաքըր)։ Տէր հօր ընկերացան Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ Բրկ. Յովհաննէս Քէօսէ։
Ս. Յարութեան տօնի առթիւ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ տեղւոյն Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ.ի ձեռամբ։
Տեղւոյն մերազն ժողովուրդի մասնակցութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Արժ. Տ. հայրը կարդաց Նորին Ամենապատուութեան տօնական պատգամը եւ հաղորդեց Տիգրանակերտի ժողովուրդին ուղղեալ խօսքը.
Յաւարտ Ս. Պատարագի, սարքուեցաւ տօնական սիրոյ սեղան։
Կատարուեցաւ նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդներ։
Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ տեղացիներ շնորհակալութիւն յայտնեցին մեր Հոգեւոր Պետին ու իր գլխաւորած Պատրիարքական Աթոռոյն, որու հրահանգով տեղի ունեցաւ հովուական այս այցելութիւնը, որ հոգեւոր ուրախութիւն պատճառեց Տիգրանակերտի մեր ժողովուրդին։
Տէր Հայրը եւ ընկերակիցները նոյն երեկոյ վերադարձան քաղաքս։