Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով՝ Ս. Պատարագներ Երեւանի, Արցախի Եւ Անթիլիասի Մէջ

Սուրբ Յա­րու­­թեան տօ­­նին առի­­թով, Կի­­րակի, 9 Ապ­­րի­­­լին, Ս. պա­­տարագ­­ներ մա­­տու­­ցո­­­ւեցան Հա­­յաս­­տա­­­նի, Ար­­ցա­­­խի մէջ եւ սփիւռքի մէջ։

Երե­­ւանի Սուրբ Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Ամե­­նայն Հա­­յոց Գա­­րեգին Բ. կա­­թողի­­կոսը մա­­տու­­ցեց Ս. պա­­տարագ եւ տո­­ւաւ քա­­րոզ մը։

«Մեր հայ­­րե­­­նիքը ներ­­քին եւ ար­­տա­­­քին մտա­­հոգիչ մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րի պայ­­մաննե­­րում դի­­մակա­­յում է անվտանգ ու խա­­ղաղ կեան­­քի ապա­­հով­­ման ամէ­­նօրեայ փոր­­ձութիւննե­­րի։ Հա­­րազատ Ար­­ցա­­­խը տե­­ւական ժա­­մանակ շրջա­­փակո­­ւած է եւ դի­­մագ­­րա­­­ւում է անա­­սելի դժո­­ւարու­­թիւննե­­րի ու զրկանքնե­­րի։ Այս ան­­հանգստաց­­նող, վտան­­գա­­­լի երե­­ւոյթնե­­րի յան­­դի­­­ման, մեր սրտե­­րում կրե­­լով չա­­մոքո­­ւող վիշ­­տը մեր նա­­հատակ, գե­­րեվա­­րուած, ան­­յայտ կո­­րած ու վի­­րաւոր զա­­ւակ­­նե­­­րի, ակա­­նատես ենք նաեւ ցա­­ւալի այլ իրա­­վիճա­­կի, թէ ինչպէս են թշնա­­ման­­քի, ատե­­լու­­թեան դրսե­­ւորումնե­­րը բա­­ժանա­­րար պատ­­նէշներ դնում աշ­­խարհաս­­փիւռ մեր ժո­­ղովրդի կեան­­քում, խարխլում ազ­­գա­­­յին միաբա­­նու­­թիւնը», ըսաւ Գա­­րեգին Բ., որ եզ­­րա­­­փակե­­լով՝ աւել­­ցուց. «Սուրբ Յա­­րու­­թեան այս լու­­սա­­­շող օրը մեր աղօթքն ենք վե­­րառա­­քում առ Բարձրեալն Աս­­տո­­­ւած եւ խնդրում, որ Քրիս­­տո­­­սի Սուրբ Յա­­րու­­թեան կեն­­սա­­­նորոգ շնորհնե­­րով փո­­խակեր­­պո­­­ւի ու բա­­րեզար­­դո­­­ւի աշ­­խարհը, եւ մարդկու­­թիւնը երկնա­­յին զօ­­րակ­­ցութեամբ յառ­­նի տա­­ռապանքնե­­րից ու նե­­ղու­­թիւննե­­րից, հաս­­տա­­­տի բա­­րիք ու խա­­ղաղու­­թիւն։ Յա­­րու­­թեան զօ­­րաց­­նող ուժն ենք հայ­­ցում Փրկչից յատ­­կա­­­պէս Ար­­ցա­­­խի մեր զա­­ւակ­­նե­­­րի հա­­մար, որ­­պէսզի խի­­զախ ու ան­­կոտրում լի­­նեն ոգով եւ ար­­ցախցուն բնո­­րոշ ամուր եւ ան­­հողդողդ կամ­­քով յաղ­­թա­­­հարեն իրենց առ­­ջեւ ծա­­ռացած բո­­լոր փոր­­ձութիւննե­­րը։ Թող յա­­րու­­ցեալ Փրկի­­չը Իր շնորհներն ու ողոր­­մութիւ­­նը տա­­րածեալ պա­­հի հայ­­րե­­­նի մեր երկրի՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի ու Ար­­ցա­­­խի վրայ եւ Իր Սուրբ Աջի հո­­վանու ներ­­քոյ ապա­­հովու­­թեան ու բա­­րօրու­­թեան մէջ պահ­­պա­­­նի հա­­մայն մեր ժո­­ղովրդին ի սփիւռս աշ­­խարհի այ­­սօր եւ միշտ եւ յա­­ւիտեանս. Ամէն»։

Սուրբ Յա­­րու­­թեան տօ­­նին առի­­թով Ս. պա­­տարագ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ նաեւ Ստե­­փանա­­կեր­­տի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­մօր Հո­­վանիի Մայր տա­­ճարին մէջ՝ ձե­­ռամբ Ար­­ցա­­­խի թե­­մի առաջ­­նորդ Վրթա­­նէս եպս. Աբ­­րա­­­համեանի։

Ս. Գրի­­գոր Լու­­սա­­­ւորիչ Մայր տա­­ճարին մէջ Ս. պա­­տարա­­գը մա­­տու­­ցեց եւ իր հայ­­րա­­­պետա­­կան քա­­րոզը տո­­ւաւ Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Արամ Ա. կա­­թողի­­կոսը, որ անդրա­­դար­­ձաւ հայ եկե­­ղեց­­ւոյ առա­­քելու­­թեան՝ մեր ժո­­ղովուրդի տագ­­նա­­­պալից կեան­­քին մէջ։ «Մեր պատ­­մութիւ­­նը ահա­­ւոր տագ­­նապնե­­րով լե­­ցուած է. մեր եկե­­ղեցին եր­­բեք չէ վհա­­տած, այլ Քրիս­­տո­­­սի Յա­­րու­­թեան հա­­ւատ­­քով դար­­ձած է ամուր կռո­­ւան մեր ազ­­գին ու հայ­­րե­­­նիքի գո­­յու­­թեան, զօ­­րեղ վա­­հան՝ մեր ազգն ու հայ­­րե­­­նիքը ընկճե­­լու ու գե­­րելու ամէն տե­­սակ փոր­­ձե­­­րուն դէմ։ Չմոռ­­նանք, որ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թե­­­նէն ետք մեր եկե­­ղեցին մեր ազ­­գի կեան­­քին մէջ դար­­ձաւ Յա­­րու­­թեան հա­­ւատ­­քով ամ­­րապնդող եւ մեր հա­­ւաքա­­կան կեան­­քը Յա­­րու­­թեան շունչով թրծող յա­­րու­­ցեալ Քրիս­­տո­­­սի պատ­­գա­­­մաբե­­րը։ Մեր եկե­­ղեցին իր առա­­քելու­­թեամբ ու ծա­­ռայու­­թեամբ մեր ազ­­գին փո­­խան­­ցեց Քրիս­­տո­­­սի թա­­փուր գե­­րեզ­­մա­­­նէն ճա­­ռագայ­­թող յա­­րու­­ցեալ կեան­­քի յոյ­­սը եւ կեան­­քի չա­­րիք­­նե­­­րուն ու մա­­հուան դէմ պայ­­քա­­­րելու յա­­րու­­թեան հա­­ւատ­­քըե, շեշ­­տեց ան։

Խօ­­սելով ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րուն մա­­սին՝ Արամ Ա. կա­­թողի­­կոսը ըսաւ. «Մեր ժո­­ղովուրդի պատ­­մութեան ներ­­կայ տագ­­նա­­­պալից ժա­­մանակ­­նե­­­րուն, երբ Ար­­ցա­­­խը նոր ցե­­ղաս­­պա­­­նին կող­­մէ կը մնայ շրջա­­փակո­­ւած, երբ Հա­­յաս­­տա­­­նը նոյն ցե­­ղաս­­պա­­­նին կող­­մէ միշտ կը մնայ են­­թա­­­կայ յար­­ձա­­­կումնե­­րու, մարդկա­­յին իրա­­ւունքնե­­րու ու ար­­ժէքնե­­րու դէմ նկա­­տուող այս կա­­ցու­­թեան դի­­մաց, մեր եկե­­ղեցին չի կրնար ան­­տարբեր մնալ։ Մեր հայ­­րե­­­նիքին ու ազ­­գին պաշտպա­­նու­­թեան պայ­­քա­­­րի առա­­ջին գի­­ծին վրայ եղած է միշտ մեր եկե­­ղեցին՝ Վար­­դա­­­նանց պա­­տերազ­­մէն սկսեալ մին­­չեւ Սար­­դա­­­րապատ ու Ար­­ցախ։ Այ­­սօր յա­­րու­­ցեալ Քրիս­­տոս իր եկե­­ղեց­­ւոյ ճամ­­բով կոչ կ՚ուղղէ մեր ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն՝ յԱր­­ցախ, ի Հա­­յաս­­տան եւ ի սփիւռս աշ­­խարհի՝ ըսե­­լով մի՚ վախ­­նաք, ես ձե­­զի հետ եմ։ Յա­­րու­­ցեալ Քրիս­­տո­­­սի մա­­հուան դէմ տա­­րած յաղ­­թա­­­նակով հզօ­­րացած մենք պէտք է շա­­րու­­նա­­­կենք մեր պայ­­քա­­­րը յա­­նուն ար­­դա­­­րու­­թեան, յա­­նուն իրա­­ւունքի ու ար­­ժա­­­նապա­­տուու­­թեան, յա­­նուն Ար­­ցա­­­խի, Հա­­յաս­­տա­­­նի եւ մեր ազ­­գի հզօ­­րու­­թեան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ