Վերջերս Իսթանպուլի ‹‹Հրանդ Տինք›› վարժարանի մէջ կազմակերպուած էր 2022-2023 ուստարուայ շրջանավարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը՝ ‹‹Վերջին Զանգը››։ Միջոցառման ներկայ էին պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Տինք ընտանիքի անդամներ, դպրոցի հոգաբարձուներ՝ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, հոգեւոր ուսուցիչ Առաքինազարդ քոյր Գայանէն, երգի ուսուցիչ Հրանդ Չիզմեճեանը, դպրոցի ուսուցչաց կազմն ու աշակերտներու ծնողները։
Միջոցառման ընթացքին շրջանաւարտները երախտիքի խօսքեր հնչեցուցին մանկապարտէզէն մինչեւ իններորդ դասարան իրենց կրթած ուսուցիչներուն։ Ուշագրաւ էր վարժարանի տնօրէնին ուղղուած սաներու խօսքը. ‹‹Ձեր շնորհիւ Հրանդ Տինք վարժարանը Իսթանպուլի մէջ դարձաւ մեր երկրորդ տունը՝ մեր փոքրիկ հայրենիքը, որտեղ ամէն օր անսահման սիրով եւ պատասխանատուութեամբ հոգ կը տանինք իւրաքանչիւր աշակերտի մասին՝ փոքրէն մինչեւ մեծ››։
Շրջանաւարտները իրենց խորին երախտագիտութիւնը յայտնեցին վարժարանի հոգաբարձուներուն՝ Հորոզօղլու ընտանիքին՝ իրենց տարիներուն դպրոցը կանգուն պահելու մեծ ջանքերը եւ օտարութեան մէջ հայաստանցի երախաներու կրթութեան իրաւունքը ապահովելու, անոնց թեւ ու թիկունք դառնալուն համար, որ հարազատ տունէն, հայրենի եզերքէն հեռու չզգան օտարութեան դառը շունչը ու պահպանեն իրենց ինքնութիւնը։
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Իսթանպուլի Հրանդ Տինք վարժարանի 2022-2023 ուստարուայ շրջանավարտները աւարտած են 9-րդ դասարանը եւ արդէն վերադարձած հայրենիք՝ շարունակելու իրենց կրթութիւնը ՀՀ տարբեր կրթական հաստատութիւններու մէջ եւ ստանալու հիմնական դպրոցի աւարտական վկայականները։ Յաւելենք, որ անոնցմէ երեքը 3 ամիս առաջ միացած են հայաստանեան դպրոցի դասընթացներուն։ Ներկային մեր ինը աշակերտներէն՝
Յասմիկ Վարդերեսեանը կ՚ուսանի Երեւանի Հրանդ Տինք անուան թիւ 44 հիմնական դպրոց,
Սեւակ Շեկոյեանը՝ Երեւանի Արտեմ Միկոյեանի անուան թիւ 166 հիմնական դպրոց,
Արման Նասոյեանը՝ Հրազդանի Յակոբ Պարոնեանի անուան թիւ 12 հիմնական դպրոց,
Հենրիկ Եդիգարեանը՝ Կիւմրիւի Րաֆֆիի անուան թիւ 32 հիմնական դպրոց,
Ալիսա Մարտիրոսեանը՝ Սիւնիքի մարզի Բռնակոթ գիւղի հիմնական դպրոց,
Նունէ Դաւթեանը՝ Երեւանի թիւ 50 հիմնական դպրոց,
Սամվէլ Մարտիկեանը՝ Հնաբերդի հիմնական դպրոց,
Տաթեւ Վահրադեանը՝ Արթիկի թիւ 2 հիմնական դպրոց,
Լիա Գէորգեանը՝ Երեւանի Կոկոլի անուան թիւ 35 հիմնական դպրոցի մէջ։
Այժմ անոնք յաջողութեամբ կը մասնակցին հիմնական դպրոցի կանոնաւոր դասընթացներուն՝ պատրաստուելով Մայիսին կայանալիք աւարտական քննութիւններուն։