«Ակօս» բառ մը, որուն հանդիպած էինք հայաստանեան երգի մը բառերուն մէջ։ «Ակօս, ակօս բաժանենք, կոլխոզի հունտը ցանենք։ 1970-ական տարեթիւերն են։ Կարգ մը ընկերներ խրտչեցան կոլխոզ բառէն եւ այդ հատուածը փոխեցին մեր արտի ըսելով։ Հետաքրքրութեամբ իմացած եղանք ակօս բառի նշանակութիւնը։ Աւելի քան քառորդ դար անց, երբ պատրաստութիւններ կը կատարուէին նոր հրատարակելի թրքալեզու հայկական թերթի մը հրապարակման համար, աւագ սերունդէն Ռուբէն Մաշոյեանն էր, որ կ՚առաջարկէր ակօս անունը նոր թերթին համար։ Ընդհանուր համոզումի արժանացաւ Մաշոյեանի առաջարկը։ Այս թերթով պիտի ուզէինք նոր ակօսներ բանալ պոլսահայ մտային կեանքի մէջ, ուր պիտի աճէին հոն ինկած սերմերը։
5 Ապրիլ 1996 թուականին լոյս տեսաւ թերթի առաջին համարը։ Անմիջապէս Զատկի նախօրէին։ Այս յօդուածը կը գրենք դարձեալ 5 Ապրիլին, Սուրբ Զատկի տօնէն չորս օր առաջ։
Այս երեւոյթը ինքնաբերաբար տեղի կու տայ շարք մը վերյիշումներու։ Ափսոս որ այդ վերյիշումները ասկէ 27 տարի առաջ միասին ճամբայ ելած բարի մարդկանց մասին է, որոնք այսօր մեզ հետ չեն։ Ոչ միայն 27 տարի առաջ միասին ճամբայ ելածները, այդ տարիներու ընթացքին կեանքի ուղին այս թերթի հետ խաչաձեւուած բազմաթիւ դէմքեր կը վերյիշենք, որոնք դարձեալ կը բացակային այս կեանքէն եւ կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը մեր յիշատակներու մէջ։
Թերեւս Ռուբէն Մաշոյեան անոնցմէ առաջինն էր, որ հրաժեշտ առաւ մեզմէ։ Թերթի յատկապէս հայերէն էջերու վերջին ընթերցումը իրեն վստահուած էր։ Ապա նոյն ճանապարհով անցաւ նախ շատ սիրելի բարեկամ մը՝ Յակոբ Այվազ։ Ան այլեւս յոգնած էր «Քուլիս» պարբերականը անընդհատ 50 տարի հրատարակելու յոգնատանջ աշխատութենէն եւ 50-ամեակի աւարտին վերջակէտ դրաւ այդ աշխատութեան։ Բայց գիտէինք թէ նման առաքելութիւն մը վերջակէտ չէր կրնար ունենալ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ ան մեծ խանդավառութեամբ «Ակօս»ի հայերէն էջերու մէջ գտաւ իր սիւնակը, ուր ամէն շաբաթ ընթերցողին հետ կը կիսէր անցնող 50 տարիներու ապրումներէն հետաքրքրաշարժ դրուագներ։
Նման տողերով կարելի է բնութագրել մի այլ մամուլի ծառայողի՝ սիրելի Երուանդ Կոպելեանի ներկայութիւնը այս թերթի սիւնակներուն վրայ։ Թերթի ճիշդ այն անկիւնը, ուր այսօր լոյս կը տեսնէ «Մենք ու Մերոնք» սիւնակը, երկար տարիներ տրամադրուած էր պարոն Կոպելեանին։
Վարուժան Քէօսէեան եւս իր կեանքի վերջին յօդուածները գրի առաւ այս թերթի հայերէն էջերուն վրայ։
Եթէ պիտի յիշենք անիծեալ 19 Յունուար 2007 թուականը, երբ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք կ՚ընդգետնէր իր հիմնած թերթի մուտքին, իր հետ պիտի յիշենք նաեւ Սարգիս Սերովբեանը, որ առաջին օրէն իսկ անմիջական գործընկերը դարձած էր Հրանդին։ Ան էր որ ձեւաւորեց թերթի հայերէն էջերու ոգին, էութիւնը եւ դիմագիծը։ Իրմէ վերջ մենք հազիւ այդ աւանդութիւնը վառ պահելու մարմաջով է որ կը գործենք։
Հրանդի մահը անդամալոյծ ըրած էր բոլորս։ Մեր այդ սահմռկած հոգեբանութեան մէջ թրքերէն մամուլի վաստակաշատ գործիչ Այտըն Էնկինն էր որ եկաւ խարսխեց «Ակօս»ի խմբագրատունը, եւ ամիսներ շարունակ աշխատակցեցաւ թերթի անսասանութեան համար։ Ափսոս, տարի մը առաջ ինք ալ հրաժեշտ առաւ մեզմէ, ետին թողելով երախտապարտութեան զգացումներ։
Ոչ միայն վաստակաւոր մամուլի մշակներ, ունեցանք նաեւ վաղահաս մահեր։ Այդպիսիներէն է սիրելի Էմրէ Էրթանին, ատանացի երիտասարդը, որ կատարելապէս իւրացուցած էր «Ակօս»ի ոգին եւ մեծ հասունութեամբ աշխատակցած թերթի առաքելութեան։
Եթէ ոչ ուղղակի, իրենց փոխանցած լրատուութիւններով եւս յիշելու արժանի են նորօք հանգուցեալ Գիրգոր Եթերօղլու, Նազար Հանչեր եւ Հաքան Պաքըրճըօղլու։
Այս տողերը կը գրուին անոնց կորուստին պատճառած սուգի տրամադրութեան մէջ։ Բայց վհատելու իրաւունք չունինք, քանի որ ինչպէս 27 տարի առաջ, այս անգամ ալ չորս օր ետք Սուրբ Զատիկ է։ Յիշենք Զատկի պատգամը՝ «Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւաց»։
Ահա անուններու շարան մըն էր, որոնք իրենց վաստակով յաղթահարած էին մահը եւ թողած գործով անմահացած։
Կարելի չէր թէ Զատկի նախօրէին եւ թէ «Ակօս»ի հիմնադրութեան տարեդարձին լուռ մնալ իրենց հանդէպ։