Անհաւատալի բայց իրաւ, ոչ եւս է Հաքան Պաքըրճըօղլու։ 4 Ապրիլին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ դահլիճը ու բակը ամբողջութեամբ լեցուցած բազմութենէն իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ կը նկատուէր այս ափսոսանքը։ Ողբացեալ Հաքան իր կեանքի տարիներու ընթացքին ոչ միայն իր արհեստավարժ գիտելիքներով, այլ հեզ ու խոնարհ բնազդով նուաճած էր ծանօթացած բոլորին սրտերը։ Այդ էր պատճառը որ մահուան յստակ իրողութիւնը մէկ կողմ թողած, մարդիկ կ՚առարկէին չար բախտին դէմ։
Եկեղեցին ու շրջափակը ամբողջութեամբ լեցուցած զանգուածի մէջ էին Հաքանի ատըեամանաբնակ հարազատները, Իսթանպուլի Իրաւաբանական Համալսարանի դասընկերները, որոնք եկած էին իրենց վերջին տուրքը մատուցելու երկրի զանազան քաղաքներէն։
Հրանդ Տինքի այրին եւ Տինք ընտանիքի անդամները բնականաբար փութացած էին եկեղեցի։ Անոնց կողքին էր նաեւ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու նիւթով զբաղած բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ։
Յուղարկաւորութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Սրբազանը։ Իր կողքին էր նաեւ Արամ Արք. Աթէշեան։
Երբ ողբացեալ Հաքանի անշունչ մարմինը դուրս կու գար եկեղեցիէն, զանգուածը անզսպելի պոռթկումով մը սկսաւ ծափահարել։ Այս զգացումի դրսեւորումը ծանօթ է մեզի իր կեանքի բոլոր կարողութիւնը որոշ նպատակի մը ձօնած անձերու թաղման պահէն։ Նոյն պատկերը գոյացած էր երբ Հրանդ Տինք կամ Սարգիս Չերքեզեան հողին կը յանձնուէին։ Կարելի է հասկնալ հաւատացեալներու ափսոսանքը նման պահուն ծափահարութիւնը անընդունելի գտնելու առումով։ Բայց պարտինք յիշել թէ այդ ծափը հոգեւոր ծիսակատարութեան մասնիկը չէ, այլ հսկայ վաստակի մը գնահատականը։
Նշենք որ թաղման նախորդող երկու օրերուն Պաքըրճըօղլու ընտանիքը նոյն եկեղեցւոյ յարակից Գազազ Արթին Ամիրա սրահին մէջ ընդունած էր ցաւակցական այցելութիւնները։ Խիստ ծանր էր այդ երկու օրերը եւս, քանի որ Հաքանի այրին, ծնողքը, քոյրն ու եղբայրները իւրաքանչիւր ցաւակցական այցելութեան հետ կրկին անգամ կը ցնցուէին այս անժամանակ կորուստի կսկիծով։
Հաքանի անողոք հիւանդութիւնով բազմատանջ մարմինը հասաւ խաղաղութեան։ Մենք ետին մնացողներս ընդմիշտ պիտի տանինք այդ բարի ընկերոջ բացակայութեան կսկիծը։