Նոր հանդիպում Արծրունի հետ

Զատկի օրերն ենք։ Յոյսը կ՚աճի այս օրերուն, քանի որ բնութիւնը կը վերակենդանանայ։ Ներքուստ դէպի դրականին առագաստներ կը պարզենք։ Ահա այս հոգեբանութեան մէջ ուզեցի Հայաստանի ժամանակակից գեղանկարչութեան առաջնատար ներկայացուցիչներէն Արծրուն Ապրեսեանի երեւակայութիւններու վրայ հիւսուած արուեստին մասին զրուցել։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Լ.Ք.- Ու­րախ եմ ձեզ կրկին տես­նե­լով։ Լսե­ցի թէ նոր ցու­ցա­հան­դէ­սի մը հա­մար ժա­մանած էք։ Ե՞րբ եւ ո՞ւր պի­տի կա­յանայ ցու­ցադրու­թիւնը։

Ա.Ա.- Հա­մավա­րակի բեր­մամբ վեր­ջին չորս տա­րինե­րուն ցու­ցա­հան­դէս մը չէի ու­նե­ցած։ Բայց կապս միշտ վառ մնա­ցած էր իմ ցու­ցա­հան­դէսնե­րու տե­ղադ­րող Պայ­քար Տե­միրի եւ «Իմո­կա» արո­ւես­տի կեդ­րո­նին հետ։ 7 Ապ­րի­լին բա­ցու­մը կա­յանա­լիք ցու­ցա­հան­դէ­սի տե­ւողու­թիւնը սոյն ամ­սու 28 մին­չեւ պի­տի շա­րու­նա­կուի։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը արո­ւես­տա­սէրին կը ներ­կա­յանայ «Հա­ւասա­րակշռու­թիւն» խո­րագի­րով։

Լ.Ք.- Ըստ երե­ւոյ­թի պա­հած էք ձեր կին-այր-անա­սուն-քա­ղաք ըն­կա­լումնե­րը կի­զակէ­տին ու­նե­ցող նիւ­թե­րու նա­խապա­տուու­թիւնը։ Ին­չե՞ր կրնաք ըսել այս ցու­ցա­հան­դէ­սի մա­սին։

Ա.Ա.- «Հա­ւասա­րակշռու­թիւն» ցու­ցադրու­թիւնը նոր նիւ­թեր կը խոս­տա­նայ։ Բայց այդ նիւ­թե­րու իմ կող­մէ վեր­լուծու­մը անար­դար կը գտնեմ ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լող­նե­րու իրենց սե­փական մեկ­նա­բանու­թիւննե­րու դի­մաց։ Հա­մոզո­ւած եմ թէ գոր­ծի եւ այդ գոր­ծը դի­տողին մի­ջեւ արուես­տա­գէտը տեղ չու­նի։ Նա­խորդ տա­րուայ կէ­սերուն սկսած էի այս ցու­ցա­հան­դէ­սի գոր­ծե­րու ար­տադրու­թեան եւ հա­զիւ հի­մա աւար­տած եմ։

13 նոր աշ­խա­տու­թիւններ, տար­բեր նիւ­թե­րով եւ իքո­նակ­րա­ֆիկ բնոյ­թով։ Կը կար­ծեմ թէ Մա­րի Թեք Տե­միրի շա­րադ­րած ցու­ցա­հան­դէ­սի ծա­նօթաց­ման գրու­թիւնն ալ ձեր հար­ցումին պա­տաս­խան տա­լու կա­րողու­թիւն ու­նի։

Լ.Ք.- Իսկ ինչպէ՞ս կը բա­ցատ­րէք հա­ւասա­րակշռու­թիւն խո­րագի­րը։

Ա.Ա.- Հա­ւասա­րակշռու­թեան հիմ­նա­կան կեր­պարնե­րը այրն ու կինն են։ Անա­սուննե­րը եւ այլ իրեր լրա­ցու­ցիչ հան­գա­մանք ու­նին։

Լ.Ք.-Կա­խար­դա­կան կը թո­ւին ձեր գոր­ծե­րը, կար­ծես մար­տահրա­ւէր մը ձգո­ղական ու­ժի դի­մաց։ Այդ կա­խար­դա­կան աշ­խարհի մէջ մար­դիկ, անա­սուններ կամ իրեր թռիչք առած են։ Պատ­ճա­ռը ի՞նչ է։

Ա.Ա.- Իմ գոր­ծե­րը ոչ թէ իրաւ, այլ երա­զային աշ­խարհ մը կը նկա­րագ­րեն։ Օրի­նակ թռչող ինքնա­շար­ժի ղե­կը կնոջ ձեռ­քին է։ Հայ­րիշխան ըն­կե­րու­թիւննե­րու հա­մար հա­կասա­կան երե­ւոյթ մը։ Իմ իրո­ղու­թե­նէ հե­ռու գոր­ծե­րուն մէջ կնոջ գե­րիշ­խա­նու­թիւնը զգա­լի է։

Լ.Ք.- Հա­յաս­տան ափ­սոս որ դժո­ւար ժա­մանակ մը կը բո­լորէ։ Պա­տերազ­մը եւ հա­մավա­րակը իրար յա­ջոր­դե­ցին։ Իբ­րեւ արո­ւես­տա­գէտ ինչպէ՞ս ազ­դո­ւեցաք այս բո­լորեն։

Ա.Ա.- 2019-ի վեր­­ջին ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սէն ետք ցու­­ցասրա­­հի վա­­րիչ Էտա Թեք­­ճա­­­նի հետ ձեռ­­նո­­­ւեցանք 2020-ի նոր ցու­­ցադրու­­թեան հա­­մար։ Ապա հա­­մավա­­րակը ծա­­գեցաւ, որուն յա­­ջոր­­դեց պա­­տերազ­­մը։ Ու­­րիշ բան կա­­րելի չէր մտա­­ծել։ Կը յու­­սամ թէ ետին թո­­ղած ենք ամե­­նադա­­ժան օրե­­րը եւ ապա­­գան աւե­­լի խոս­­տումնա­­լից պի­­տի ըլ­­լայ մեր դի­­մաց։ Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մի ժա­­մանակ բնաւ չէի ար­­տադրած։ Մտե­­րիմ ըն­­կերնե­­րէս մէ­­կուն 18 ամեայ որ­­դին նա­­հատա­­կուե­­ցաւ։ Հա­­զիւ եր­­կու ամիս եղած էր զի­­նուո­­րագ­­րութիւ­­նը։ Կը ցա­­ւիմ թէ պա­­տերազ­­մը խնդիր­­նե­­­րը չէ լու­­ծած եւ նոր բա­­խումնե­­րու հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը կը մտա­­հոգէ զիս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ