Կորուստներ, կորուստներ…

Ինչ զարմա­նալի օրա­կարգ է։ Այս շա­բաթ թեր­թիս էջե­րը մա­հագ­րութեամբ լե­ցուն են։ Ամէն մէ­կը իր կար­գին յի­շատակ­ման ար­ժա­նի զա­նազան­ներ զար­մանք, ափ­սո­սանք, շո­քի տպա­ւորու­թիւն պատ­ճա­ռելով հե­ռացան մեզ­մէ։

Զինք ճանչցող բո­լորը կը խօ­սէին բա­րերար Բար­սեղ Սա­րայ­լըի բա­րի վար­քին մա­սին։ Այդ վկա­յու­թիւնը կը բե­րէին թէ իր յատ­կա­պէս քա­ղաքիս հայ վար­ժա­րան­նե­րու հան­դէպ ցու­ցա­բերած առա­տաձեռ­նութեան օրի­նակ­նե­րով եւ թէ մա­նաւանդ աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին պար­զած հա­մես­տութեամբ։ Ինք ան­ձամբ չճանչցող­նե­րը, երբ առա­ջին ան­գամ պի­տի հան­դի­պէին գոր­ծա­րանին մէջ, կը պատ­կե­րաց­նէին այս հսկայ աշ­խա­տանո­ցի գոր­ծա­տիրոջ կեր­պա­րը։ Բայց զի­րենք կը դի­մաւո­րէր աշ­խա­տան­քա­յին տա­րազ­նե­րու մէջ վար­պետ մը, որ լա­թի կտո­րով մը եր­կար կը մաք­րէր ձեռ­քին կպած մե­քենա­յի իւ­ղը, նախ­քան ձեռ­նո­ւի իր հիւ­րին հետ։ Զինք ճանչցող­նե­րու վկա­յու­թեամբ ոչ միայն առա­տաձե­ռն բա­րերար, այլ շի­նիչ մեր­ձե­ցու­մով գոր­ծա­տէր մըն էր ան, որ միշտ կը փոր­ձէր ամե­նամատ­չե­լի լու­ծումը առա­ջար­կել իր խօ­սակ­ցին։

***

Ֆե­րիգիւ­ղի Վար­ժա­րանի ամե­նախոս­տումնա­լից աշա­կերտնե­րու կար­գին էր 14-ամեայ Նի­քոլ Օտա­պաշը, որ նա­խորդ ուրբաթ օր յան­կարծա­կիօրէն բո­լորին ծա­նօթ դէմք մը դար­ձաւ պոլ­սա­հայ հա­մայնքի մէջ։ Մար­դիկ այս մա­հուան բօ­թը գերզգա­յուն նա­խադա­սու­թիւննե­րով կը փո­խան­ցէին իրա­րու, միշտ զգու­շա­նալով ան­տե­ղի մեկ­նա­բանու­թիւննե­րէ։ Մինչ պա­տահա­րը անզգա­լաբար կը յու­շէր տա­րաբ­նոյթ վար­կածներ։ Սա­կայն մե­զի հա­մար բո­լորո­վին ան­սո­վոր էր Ան­գա­րայէն հաս­նող հե­ռախօ­սը։ Հան­րա­ծանօթ պե­տական պաշ­տօ­նեայ, ԵՄԻԱ-ի մօտ Թուրքիոյ ներ­կա­յացու­ցիչ աւագ դես­պան Ռը­զա Թիւրմե­նի այ­րին Տոքթ. Թոմ­րիս Թիւրմենն էր, որ մեծ կսկի­ծով կը դի­մէր «Ակօս»ի խմբագ­րութեան։ «Մենք սի­րելի Նի­քոլին հետ աշ­խա­տակ­ցած ենք Ման­կանց Մի­ջազ­գա­յին Կազ­մա­կեր­պութեան շրջա­նակով նա­խագ­ծի մը ծի­րէն ներս, ուր ան­չա­փահաս­նե­րը իրենք կը ներ­կա­յաց­նէին իրենց մա­սին խնդիր­նե­րը։ Շատ տպա­ւորո­ւած եմ այս աղջնա­կի մաս­նակցու­թե­նէն, որ շու­տով դար­ձաւ լսա­րանի ամե­նափայ­լուն կեր­պա­րը։ Կ՚ու­զենք ներ­կայ գտնո­ւիլ թաղ­ման արա­րողու­թեան»։ Այս ալ իր կար­գին մտա­ծել կու տար թէ այս դե­ռատի աղջնա­կը ով գի­տէ տա­կաւին ի՞նչ շնորհնե­րով պար­ծանք պի­տի պար­գե­ւէր իր ծնող­քին եւ հա­րազատ­նե­րուն, հետզհե­տէ ամ­բողջ հա­մայնքին։

***

«Ակօս»ի շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար դար­ձեալ սի­րելի դէմք մըն էր Գրի­գոր Եթե­րօղ­լու, որուն գրա­կան շնոր­հը մերթ ընդ մերթ կը զար­դա­րէր թեր­թիս էջե­րը։ Ան ալ եր­կար տա­րիներ Պո­լիս բնա­կելով հան­դերձ միշտ հա­ւատա­րիմ մնա­ցած էր իր ծննդա­վայ­րի՝ Արաբ­կի­րի հան­դէպ։ Եթե­րօղ­լո­ւի ինքնու­թեան բա­ղադ­րիչնե­րէն մէկն էր «դպրե­վանքցի» կո­չու­մը։ Թեր­թիս այս հա­մարին մէջ իր դա­սըն­կերնե­րէն Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի ման­կութեան տա­րինե­րէն վեր­յի­շումնե­րով եւ խօս­քը կ՚աւար­տէ Գրի­գոր Եթե­րօղ­լուի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հա­ւաքա­ծոյի խո­րագի­րը նշե­լով «լռեց կոտ­րո­ւած զան­գա­կը»։ Կոտ­րո­ւած զան­գա­կը Գրի­գոր Եթե­րօղ­լո­ւի տա­րինե­րու ըն­թացքին գրի առած բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րէն ընտրա­նի մըն էր։ Ան նաեւ կ՚աշ­խա­տակ­ցէր «Արաբ­կիր Փոս­տա­սը» պար­բե­րակա­նին, մերթ ընդ մերթ ուղղար­կե­լով զա­նազան բնոյ­թի գրա­կան յօ­դուած­ներ։ Ու­նէր բա­ցի իր հայ բա­րեկամ­նե­րէն, տե­ղացի գրա­սէր­նե­րէն ալ բաղ­կա­ցած բա­րեկա­մական լայն շրջա­նակ մը։ Կա­րելի է ըսել թէ Եթե­րօղ­լո­ւի մա­հով հայ­րե­նի հո­ղի պատ­կա­նելու­թե­նէ ներշնչո­ւած ձայն մը եւս մա­րեցաւ։

***

Հո­գեհան հրեշ­տա­կը հա­սաւ նաեւ Միացեալ Նա­հանգներ եւ Մա­յամիի մէջ հա­սաւ նաեւ հայ մա­մու­լի վաս­տա­կաւոր ծա­ռայի մը, Երո­ւանդ Ազա­տեանի դու­ռը թա­կելու։ Ոչ միայն Ռամ­կա­վար Ազա­տական Կու­սակցու­թեան շար­քե­րուն, ամ­բողջ հա­յաշ­խարհի հա­մար մեծ կո­րուստ մըն է Ազա­տեանի բա­ցակա­յու­թիւնը բո­վան­դակ սփիւռքի տա­րած­քէն մին­չեւ Հա­յաս­տան։ «Ժա­մանակ» օրա­թեր­թի սիւ­նակնե­րուն մէջ Անուշ Թրո­ւանց, Ազա­տեանի զա­նազան յօ­դուած­նե­րէն մէջ­բե­րումնե­րով կը շեշ­տէր անոր Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ տա­ծած սէրն ու հա­ւատ­քը։

***

Չո­րեք­շաբթի առա­ւօտո­ւայ ցնցիչ լու­րը այս ան­գամ կու գար գոյ­ժե­լու ու­րիշ սի­րելիի մը՝ Նա­զար Հան­չէ­րի յան­կարծա­կան մա­հը։ Ան ալ անսպա­սելի պա­հուն փա­կեց իր աչ­քե­րը, խոր զար­մանք պատ­ճա­ռելով բո­լորին։ Ըն­կե­րային ցան­ցե­րու մէջ զինք ճանչցող­ներ ափ­սո­սան­քով կը յի­շէին թէ տա­կաւին մէկ օր առաջ Սուրբ Խաչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ միասին յու­ղարկա­ւորած էին Գրի­գոր Եթե­րօղ­լուն։

Գար­նա­նամու­տի յոյ­սով սկսած ամի­սը աւար­տին կը հաս­նի հնձման եղա­նակով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ