Հայ մարմնամարզութեան սեւ օրը

Հայ մարմնա­­մար­­զա­­­կան աշ­­խարհը մեծ կո­­րուստի մատ­­նո­­­ւած է իր նո­ւիրեալ ծա­­ռայի՝ մեր սի­­րելի բա­­­րեկամ Նա­­­զար Հան­­­չէ­­­­­­­րի յան­­­կարծա­­­կան մա­­­հով։

Ան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թե­­­­­­­նէն այս կողմ հայ­­­կա­­­­­­­կան ապոր­­­տի բո­­­լոր ճիւ­­­ղե­­­­­­­րէն ներս Հա­­յաս­­տա­­­նեան մար­­զիկնե­­րու հա­­մար եղած էր կա­­մաւոր դես­­պան մը Թուրքիոյ մէջ։ Ճատ­­րակ խա­­ղացող­­նե­­­րէն, ֆութպո­­լիստներ, ըմբշա­­մար­­տիկներ, սպոր­­տի բո­­լոր ճիւ­­ղե­­­րէն ներս ով որ եկած էր Թուրքիա, վա­­յելած էր Նա­­զար Հան­­չէ­­­րի ան­­մի­­­ջական հո­­գատա­­րու­­թիւնը։ Այդ հո­­գատա­­րու­­թիւնը բազ­­մաբնոյթ էր, թար­­գամնու­­թիւննե­­րէ մին­­չեւ բժշկա­­կան օգ­­նութիւն եւ այլ նիւ­­թեր։ Այս առու­­մով ահա­­գին յի­­շատակ­­ներ կու­­տա­­­կած էինք իր այդ առա­­քելու­­թեան հետ կա­­պուած։ Շատ ան­­գամ իր­­մէ կը լսէինք հայ մար­­զիկնե­­րու ար­­ձա­­­նագ­­րած յա­­ջողու­­թիւննե­­րը։

Նա­­զար Հան­­չէր քա­­ղաքիս մար­­զա­­­կումբնե­­րու ալ հա­­ւատա­­ւոր գոր­­ծա­­­կիցն էր եւ վար­­չա­­­կան պաշ­­տօն ալ ստանձնած էր Շիշ­­լի մար­­զա­­­կումբէ ներս։ Ինք էր որ շատ ան­­քամ իմաց կու տար աւար­­տա­­­կան մրցու­­մը եւ մենք իր խոր­­հուրդնե­­րով կը հե­­տեւէինք տո­­ւեալ մրցու­­մին։ Եթէ Հա­­յաս­­տա­­­նէն եկած մար­­զիկնե­­րու առու­­մով ինք կը ստանձնէր դես­­պա­­­նի մը առա­­քելու­­թիւնը, նոյ­­նը կը պա­­տահէր հա­­մահայ­­կա­­­կան խա­­ղերու ըն­­թացքին, այս ան­­գամ հայ­­րե­­­նի հո­­ղին վրայ Թուրքիայէն եկած մար­­զիկնե­­րու առու­­մով։

Նա­­զար Հան­­չէր յան­­կարծա­­մահ եղաւ սրտի տագ­­նա­­­պի մը հե­­տեւան­­քով։ Նա­­խապէս ան­­ցած էր նման ան­­հանգստու­­թիւն մը եւ սրտե­­րակ­­նե­­­րու զե­­տեղո­­ւած սթեն­­տով կը շա­­րու­­նա­­­կէր իր կեան­­քը։

Այս դառն կո­­րուստի առ­­թիւ կը ցա­­ւակ­­ցինք սի­­րելի Նա­­զար Հան­­չէ­­­րի այ­­րիի՝ արո­­ւես­­տա­­­բան եւ նոյնպէս մեր բա­­րեկա­­մու­­հի Էլ­­մոն Հան­­չէ­­­րի եւ դուստրե­րուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ