Ընտրութեան նոր ռազմավարութիւններու որոնում

Իւրաքան­չիւրը իր կար­գին մղիչ տար­րեր ունե­նալով հան­դերձ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը ներգրա­ւուած են հիմ­նա­կան երեք դա­շինքնե­րու շուրջ։

Հան­րա­պետա­կան Դա­շին­քի բա­ղադ­րիչներն են Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում, Ազ­գա­յին Շար­ժում, Մեծ Միացում, Հիւ­տա­փար եւ Կրկին Ռե­ֆահ կու­սակցու­թիւննե­րը։

Ազ­գա­յին Դա­շինքին պա­րագ­լուխն է Հան­րա­պետա­կան Ժո­ղովուրդա­կան Կու­սակցու­թիւնը։ Անոր կող­քին են Իյի, Տե­ւա, Կե­լեճեք, Սաատեթ եւ Տե­մոք­րաթ կու­սակցու­թիւննե­րը։

Եր­րորդ դա­շին­քի պա­րագ­լուխն է Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարա­կան Կու­սակցու­թիւնը, որուն կող­քին են Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թիւնը, Աշ­խա­տան­քի Կու­սակցու­թիւնը (ԷՄԵՓ) եւ Կա­նանչ Ձախ Կու­սակցու­թիւնը։ Այս պա­հուն կը քննար­կո­ւի դա­շինք կազ­մած կու­սակցու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րուն միաս­նա­բար, թէ ան­ջա­տօրէն մաս­նակցե­լու վար­կա­ծը։

Երբ Ազ­գա­յին Շար­ժում եւ Թուրքիոյ Բա­նուո­րական Կու­սակցու­թիւննե­րը կը հա­կին ան­ջատ մաս­նակցու­թեան, ան­դին ու­րիշներ կը փոր­ձեն հիմ­նա­կան կու­սակցու­թիւննե­րու ցան­կե­րուն մէջ իրենց տեղ գտնել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ