Տարի մը եւս շրջեցաւ ու հասանք Մարտ ամսի այդ տխուր օրուան։ 28 Մարտը «Ակօս»ի հիմնադիրներէն, թերթի հայերէն էջերու բազմամեայ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի մահուան օրն է։ Մեզի «Ակօս»ի աշխատակիցներուս համար շատ ծանր էր Սերովբեանի մահը։ Արդէն խառնաշփոթ զգացումներով տարուած էինք։ Կը լքէինք երկար տարիներ աշխատած իւրաքանչիւր գրասեղանին վրայ բազում յիշատակներ կուտակած նախկին խմբագրատունը եւ կը փոխադրուէինք դարձեալ պատմութենէ եկած յուշերով լեցուն, բայց այդ յուշերու փոշին թօթափած նոր ու արդիաշունչ սարքաւորումով մեզ սպասող այժմու խմբագրատունը։ Սերովբեան փոխադրութեան նախօրէնին այցելեց խմբագրատուն, ճշդեց իր աշխատելիք անկիւնը, հայերէն էջերու անձնակազմը ինք անձամբ տեղադրեց նշելով թէ ո՞վ, ո՞ւր պիտի աշխատի։ Այդ պահուն մեզմէ ոչ ոք գիտէր թէ սա իր վերջին ներկայութիւնն է այս նոր խմբագրատան մէջ։
Յայտնուեցաւ հիւանդութիւն մը, որուն ախտաճանաչումը բաւական ժամանակ խլեց։ Ստուգումները իրար յաջորդեցին ու վերջապէս երբ համաձայնութիւն մը գոյացաւ հիւանդութիւնը ախտորոշելու, նոյն պահուն դարձեալ բժիշկներուն համաձայնութիւնը եղաւ հրաժարիլ դարմանման միջոցներէ, բաւարարուելով միայն ցաւազրկչներու օգնութիւնով։ Երկար չէր տեւած այս հանգրուանը եւ Սերովբեան իր բազմաբնոյթ հետաքրքրութիւնները թողելով ետին, հրաժեշտ առաւ մեզմէ։ Այս պահուն հարցը այն է թէ մենք որքանո՞վ յաջողեցանք այդ հսկայ կուտակումին վրայ բաներ մը աւելցնել։ Այս հարցումին պատասխանը շատ ալ գոհացուցիչ չի թուիր։ Ուշադիր ընթերցողները նկատած են հայ դիցաբանութեան, պատմամշակութային նիւթերու բացակայումը «Ակօս»ի հայերէն էջերէն։
Սերովբեանի բացակայութիւնը կարծես կը հերքէ «Ոչ ոք անփոխարինելի է» հաստատումը։ Ճիշդ է՝ «Ակօս»ի հայերէն էջերը կը շարունակեն լոյս տեսնել, բայց հայաթափ եղած վայրերու մշակութային ժառանգը, դիցաբանութիւնը եւ դեռ բազում նիւթեր որբացած են։ Իւրաքանչիւր անգամ որ կ՚անդրադառնանք մեր այդ թերացումին կրկին անգամ կը խոնարհինք մեծ վարպետին անզուգական վաստակին առջեւ։