Արաբկիրցի բանաստեղծ Գրիգոր Եթերօղլու յետ կարճատեւ հիւանդութեան մահացաւ Իսթանպուլի մէջ։
Ան ծնած էր 20 Յուլիս 1950-ին Մալաթիոյ Արաբկիր գաւառը։ Նախնական ուսումը ստացած էր ծննդավայրի մէջ։ Ապա ուսանած էր Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք Վարժարանը։ Ան 1968-1971 տարեթիւերուն ապրեցաւ Տիգրանակերտ։ 1974-ին վերչնականապէս հաստատուեցաւ Իսթանպուլ։
Եթերօղլուի յօդուածները եւ բանաստեղծութիւնները հրատարակուեցան զանազան գրական պարբերականներու մէջ։ Ան իր գրութիւններով ծանօթ է նաեւ «Ակօս»ի ընթերցողներուն։
Գրիգոր Եթերօղլու իր մօտաւորապէս 40 տարիներու հասնող գրական արտադրութենէն ընտրուած հաւաքածոյ մը հրատարակեց «Կոտրած Զանգակը» խորագրով։
Եթերօղլուի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 28 Մարտ երեքշաբթի օր Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին։