Երկրաշարժի կործանիչ աւերէն ետք հետզհետէ կը պարզուին նաեւ զանազան ոլորտներէ ներս գոյացած հետեւանքները։ Անոնցմէ մէկն է նաեւ ժողովուրդի իրազեկման առումով շատ մեծ նշանակութիւն ունեցող լրատուամիջոցներու մատնուած ճարահատութիւնը։
Երկրաշարժի ուղղակի ազդեցութեան մատնուած 11 քաղաքներու մէջ ամենածանր հարուածը վիճակեցաւ Հաթայ նահանգին։ Բացի նահանգի կեդրոն Անտիոք քաղաքէն, շատ ծանր վնասներ կրեցին Իսքենտերուն, Սամանտաղ, Դափնի եւ այլ գաւառներ։ Նշենք որ այս վայրերու մէջ կը հրատարակուէին զանազան տեղական մամուլ, որոնց խմբագրատուները մնացին աւերակներու տակ։ Նման ճակատագիր ունեցան տեղական հեռուստակայանները։ Բացի անձնակազմի կորուստներէ, այդ հաստատութիւնները զրկուեցան աշխատավայրէ եւ իրենց առաքելութիւնը կատար հանելու համար անհրաժեշտ սարքաւորումներէ։
Այս մասին արտայայտուող տեղական մամուլի գործիչի մը վկայութեամբ իրենց ձեռքին մնացած է միայն բջջային հեռախօսի նկարահանման եւ հաղորդակցման կարողութիւնները։ «Ձայնագրութիւն, նկարահանում, նիւթերու առաքում, բոլորը կը կատարենք բջջային հեռախօսով։ Մանաւանդ համացանցի բացակայութիւնը լրջօրէն կը դժուարացնէ մեր աշխատանքը։ Նման դէպքերու դիմաց սովորութիւն եղած է-խօսքը անզօր դարձած է- եզրի գործածութիւնը։ Հիմա ոչ միայն խօսքը, գիրն ալ անզօր դարձաւ։ Ո՞ւր պիտի գրես, ո՞ւր պիտի տպես եւ որո՞ւ պիտի առաքես։ Առայժմ կը բացակային այս հարցումներու պատասխանները։ Բայց քանի որ ժողովուրդին իրազեկ ըլլալու պահանջը կը շարունակուի, մենք լրագրողներս ալ պարտաւոր ենք ընդմիշտ որոնել ու գտնել ելման միջոցներ։ Այս է լրագրողական ասպարէզին պարտադրանքը եւ մենք ամէն ինչ պիտի փորձենք այդ պարտադրանքը ճակատաբաց կերպով հատուցելու համար» կ՚ըսէ Անտիոքի տեղական թերթերէն մէկուն թղթակիցը։